Սողոմոնեան ընտանիքը անգամ մը եւս զորավիգ կը կանգնի ՀՕՄ-ի ծրագիրներուն
- (0)

ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ Սողոմոնեան գերդաստանէն՝ Տէր եւ Տիկին Զոհրապ եւ Յասմիկ Թեճիրեան,Տէր եւ Տիկին Յարութ եւ Լենա Սողոմոնեան, Տէր եւ Տիկին Ժիրայր եւ Հուրի Զաքարեան՝ իրենց զաւակներուն հետ միասին, որոշած են «Զոհուած Հերոսներու Զաւակներ» ծրագրի 160 երեխաներ հովանաւորել։ Մեր ազնիւ նուիրատուները իրենց որոշումը պաշտօնապէս փոխանցեցին Կեդրոնական վարչութեան։
Սողոմոնեան յարգարժան ընտանիքին այս նուիրատուութիւնը կը միանայ այլ իշխանական նուիրատութիւններու, որոնք նախապէս կատարուեցան։ Անիկա ցուցանիշ է ՀՕՄի մեծ բարեկամ այս ընտանիքին անդամներուն ազգային խոր գիտակցութեան եւ նուիրաբերելու Աստուածահաճոյ արարքին, որ ինքնին կը ցոլացնէ ազնուազարմ այս հայորդիներուն վեհանձնութիւնն ու առատաձեռնութիւնը։ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Սողոմոնեան ընտանիքին՝ մաղթելով,որ Աստուած տասնապատիկ վարձատրէ զիրենք։
ՀՕՄԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀՕՄ-ի «Որբախնամ Ծրագիր»ը հաստատուած է 1992-ին Սպիտակի Երկրաշարժին եւ Արցախեան պատերազմին պատճառով, որբացած մանուկներու խնամատարութեան համար: Նիւթական դժուարութիւնները նուազեցնելու նպատակով, երեխաներուն ընտանիքները կը ստանան տարեկան յատկացում: 2020-ի Արցախեան 2-րդ պատերազմէն ետք, ծրագիրը վերանուանուեցաւ «Զոհուած Հերոսներու Զաւակներ» տարեկան $330 տոլար իւրաքանչիւր երեխայի հովանաւորութեան համար: