Սիրանուշ Սահակեան Մոնթրէալի մէջ ներկայացուց հայ գերիներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ տարուող իրաւական աշխատանքները

ՄՈՆԹՐԷԱԼ— Մարդու իրաւունքներու պաշտպան եւ իրաւաբան Սիրանուշ Սահակեան հինգշաբթի, 8 հոկտեմբերին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ հանդիպեցաւ Քեպէքի հայ համայնքի անդամներուն՝ ներկայացնելով Պաքուի մէջ ապօրինաբար կալանաւորուած հայ գերիներու հարցը, անոնց դէմ ընթացող դատական գործընթացները եւ միջազգային իրաւական հարթակներու վրայ տարուող աշխատանքը։

Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ Հայ իրաւական կեդրոնի (Armenian Legal Centre for Justice and Human Rights) կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի հաղորդակցութեան տնօրէն Լորիկ Քորաճեան։

Իր զեկոյցին ընթացքին Սահակեան անդրադարձաւ Պաքուի մէջ հայ գերիներուն դէմ ընթացող քաղաքականացուած դատավարութիւններուն, արդար դատաքննութեան երաշխիքներու բացակայութեան, պաշտպանութեան իրաւունքի սահմանափակումներուն եւ կալանքի պայմաններուն։

Ան նաեւ ներկայացուց Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին առջեւ շարունակուող գործերը եւ միջազգային այլ հարթակներու վրայ տարուող աշխատանքը՝ հայ գերիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Ատրպէյճանի պատասխանատուութեան արձանագրման ուղղութեամբ։

Սահակեան նաեւ մանրամասնեց գերիներու գործերուն մէջ արձանագրուած շարք մը խախտումներ՝ փաստաբաններու հասանելիութեան սահմանափակումներէն մինչեւ ընտանիքներու հետ կապի խոչընդոտներ եւ քաղաքացիական անձերու նկատմամբ զինուորական դատարաններու կիրարկում։ Ան ներկայացուց, թէ այս խախտումները ինչպէս կը փաստագրուին եւ կը ներառուին միջազգային իրաւական գործընթացներու մէջ։

Ապա խօսք առաւ «Հորիզոն» Մետիայի գլխաւոր խմբագիր եւ Հայ իրաւական կեդրոնի վարչութեան անդամ Սեւակ Պէլեան, որ անդրադարձաւ գերիներու հարցով հետեւողական աշխատանքի անհրաժեշտութեան եւ Հայ իրաւական կեդրոնի գործունէութեան։ Ան շեշտեց, որ իրաւական պայքարին կողքին կարեւոր են փաստագրումը, միջազգային իրազեկումը եւ հարցը քաղաքական ու հանրային օրակարգին վրայ պահելու աշխատանքը։

Զեկոյցին յաջորդած հարց ու պատասխանի ընթացքին Սահակեան պատասխանեց գերիներու ազատ արձակման, միջազգային ճնշման կարելիութիւններուն եւ շարունակուող իրաւական գործընթացներուն վերաբերող հարցումներու։