Սեթա Թոփուզեան նշանակուած է Գանատայի քաղաքապետարաններու միութեան տնօրէններու խորհուրդի անդամ

ԼԱՒԱԼ — Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սեդա Թօփուզեան նշանակուած է Գանատայի քաղաքապետարաններու միութեան Կառավարիչ մարմինի անդամ՝ ներկայացնելով Լաւալ քաղաքը համագանատական մակարդակի վրայ։ Միաժամանակ, ան պիտի ծառայէ որպէս Լաւալի միակ ներկայացուցիչը միութեան՝ Քեպէգի խմբակի գործադիր յանձնախումբին մէջ։

Թօփուզեան յայտնած է, թէ այս նշանակումը առիթ պիտի ընծայէ քաղաքապետական ղեկավարներու հետ համատեղ աշխատանք տանելու եւ բնակարանաշինութեան, ենթակառոյցներու, հանրային ապահովութեան ու կլիմայական մարտահրաւէրներու վերաբերեալ Լաւալի առաջնահերթութիւնները ազգային մակարդակով ներկայացնելու։