Սաղաթէլեան. «Որեւէ Ուժ, Եթէ Ազնիւ, Արդար Պայքար Սկսի Այս Իշխանութեան Դէմ, Պիտի Աջակցինք»

23 օգոստոսին, Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրի օրուան առիթով Սահմանադրական դատարանի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Էտկար Ղազարեան Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հրաւիրած էր հանրահաւաքի` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին պահանջով:

Հանրահաւաքի սկզբնաւորութեան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Երբ ընդդիմութիւնը հանրահաւաքներու ընթացքին վտանգներու մասին կը բարձրաձայնէր, շատեր այն ժամանակ հարցին խորութիւնը չէին գիտակցէր: Չէ եղած որեւէ հարց, որուն վերաբերեալ «Դիմադրութիւն շարժումը, ընդդիմութիւնը, խորհրդարանական երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւնները վերաբերում արտայայտած չըլլան, քայլերու եւ գործողութիւններու ձեռնարկած չըլլան: Առհասարակ 9 նոյեմբեր 2020-էն ետք ամէն օր կ՛ըսենք, որ այս մարդը քանի օր աւելի մնայ իշխանութեան վրայ, այդքան կորուստ պիտի ունենանք: Հիմա ալ, եթէ չհեռացնենք, նոյն խօսակցութիւնը պիտի ըլլայ Տիգրանաշէնի, Տաւուշի գիւղերուն մասին: Այսօր գլխաւոր խնդիրը այն է, որ Արցախը կը հայաթափուի, մէկ տարի առաջ կը խօսէինք այդ խնդիրի մասին»:

«Դիմադրութիւն» շարժումի ընելիքներուն մասին հարցումին ի պատասխան ան նշեց. «2 սեպտեմբերին, Արցախի անկախութեան օրուան առիթով, տեղի պիտի ունենան հանրահաւաքներ` սփիւռքի, Արցախի եւ Հայաստանի մէջ»: Ինչ կը վերաբերի Էտկար Ղազարեանի նախաձեռնած հանրահաւաքին, Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով. կայ նշանակուած հանրահաւաք, մենք կը յայտարարենք, որ որեւէ ուժ, ոեւէ անձ, եթէ ազնիւ, արդար պայքարի սկսի այս իշխանութեան դէմ, ամէն ինչու պիտի աջակցինք»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.