Սահմանադրական գործընթացը պէտք է պահպանուի ամէն գնով

Կարօ Արմենեան 

Կը փորձեմ մօտէն հետևիլ երկրի իրադարձութիւններուն գիտնալով հանդերձ, որ քաղաքական ուժերու փոխ-հաղորդակցութեանց ներկայի թէժ մթնոլորտին մէջ շարք մը կարևոր նրբութիւններ պիտի անպայման խուսափին մեր հասողութենէն։

Պէտք է յամենայն դէպս ողջունել այն ակնյայտ փաստը, որ այժմ կը գտնուինք քաղաքական փոխ-յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ ի տարբերութիւն փողոցային առճակատման։ Պր. Վարչապետն ու իր կուսակցութիւնը ի վերջոյ ընտրեցին խոհեմութեան ճանապարհը և տուն ճամբեցին ցուցարարներու զանգուածը. քա՛յլ մը՝ որ փակուղային էր և անպտուղ իրերու այսօրուան հոլովոյթին մէջ։ Անոնք այժմ կը գործեն խորհրդարանական բնականոն բանակցութիւններու հետապնդումով, թէկուզ ձգտուած մթնոլորտի մը մէջ։

Պէտք է անպայման և բծախնդրօրէն պահպանել սահմանադրական այս գործընթացը և ժողովրդավարական այս յանձնառութեա՛մբ զինուած՝ դիմել դէպի հանգուցալուծում։ Պիտի խոստովանիմ, որ կարգ մը կողմնակի ակնարկութիւններ կը շարունակեն լսուիլ դիտել տալով, որ Վարչապետ Փաշինեան և Քաղաքացիական Պայմանագիր Կուսակցութիւնը դեռևս կը շարունակեն հաւատալ, որ դեռևս իրենց ձեռքերուն մէջ ունին քաղաքական քաոսով գործելու իրենց սկզբնական զէնքը։ Այսինքն՝ խորհրդարանին քաոսով սպառնալու մտայնութիւնը դեռ արթուն է։ Կ՚ուզեմ աւելցնել, որ Պր. Վարչապետը՝ ի՛նք այդպիսի բան չէ ըսած գէթ վերջին օրերու ընթացքին։ Բայց եթէ իսկապէս կան այնպիսիները իր շրջանակին մէջ, որոնք դեռ կ՚ապրին այդպիսի ակնկալութիւններով, անոնք պէտք է գիտնան, որ այդ օրերը վերջ գտած են միանգամընդմիշտ։ Անոնք, որոնք այդպիսի նախատեսութիւններով կը շարժին, պիտի գիտնան, որ մեր ժողովուրդը արկածախնդիրներու ձեռքին խաղալիք չի կրնար ըլլալ։ Ոչ ալ մեր երկրի տնտեսութիւնը՝ փոշիացման նշաւակ։

Վերջին ցուցանիշները ցոյց կու տան, որ երկրի տնտեսութիւնը արդէն իսկ մեծ գին մը վճարած է այս շարժման համար։ Քաղաքացիական հնազանդութեան իրաւունքը թանկագին իրաւունք մըն է, զոր պէտք չէ չարաշահել։ Քանի որ նմանօրինակ չարաշահութիւնը տեղի կ՚ունենայ միայն ու միայն ժողովուրդին հաշւոյն և ի հեճուկս շարժման նպատակներուն։ Հետևաբար պէտք է յստակ ըլլայ բոլորին, որ փողոցային քաոսով գործելու աշխատելակերպը արդէն սպառած է ինքզինք։

Պր. Վարչապետը ունի բանակցութեան մեծ կարողականութիւն Ազգային Ժողովէն ներս, բայց ոչ՝ բանակցային գործընթացը պատանդ վերցնելու իրաւունք և կարողութիւն։ Ընկ. Արմէն Ռուստամեանի հարցազրոյցը երէկ կը յստակացնէ, որ Պր. Վարչապետին կողմէ բանակցողները լուրջ թերացման մէջ են այս կէտին վրայ։ Յամենայն դէպս անոնք թերացած են Դաշնակցութեան հետ խօսելու իրենց ճիգին մէջ։

Այս հարցերը պէտք է լուծուին ընդփոյթ։ Ընտրական օրէնքը պէտք է փոխուի ընդհանուր համաձայնութեամբ։ Ազգային Ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները պէտք է կայանան խաղաղ մթնոլորտի մէջ։ Սահմանադրութիւնը պէտք է գործէ որպէս ազգային ընդհանուր համաձայնութեան գրաւական։ Եւ վերջապէս պէտք է ձևաւորուի նոր գործադիր իշխանութիւն ՝ որ անյապաղ ճամբայ հանէ համակարգային յեղաշրջման նուրբ գործը, որ դեռ մեր առջևն է։ Կը կրկնեմ. մենք դեռ շատ հեռու ենք յաղթանակ յայտարարելու իրաւունքը շահած ըլլալէ։ Յեղափոխութիւնը դեռ չէ սկսած որքան ատեն, որ դեռ ազատ ու համարձակ կը գործէ մենաշնորհային համակարգը երկրին մէջ և մեր ժողովուրդի ընկերային կարիքները կը մնան աղաղակող։

Հոկտեմբեր 23, 2018
Ուաշինկթըն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.