Ռուսիոյ Նախագահի Անակնկալ Այցելութիւնը Սուրիա

«Գանձասար»-ի խմբագրական

Տարածաշրջանի լարուած իրավիճակին լոյսին տակ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոս:

Սա Ռուսիոյ նախագահին երկրորդ այցելութիւնն էր Սուրիա, սակայն առաջինը՝ մայրաքաղաք Դամասկոս: 2015-էն ի վեր սուրիական տագնապի լուծման գլխաւոր դերակատարներէն մէկը հանդիսացող եւ երկրին մէջ զինուորական ներկայութիւն հաստատող Ռուսիոյ նախագահը 2017-ին այցելած էր Հմէյմիմ ռուսական զինուորական խարիսխ:

Ռուսիոյ նախագահին Դամասկոս այս այցելութիւնը, սակայն, ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ տնտեսական ուղերձներ կը պարունակէր։

Քաղաքական առումով նախագահ Փութին տարածաշրջանի ներկայ գերլարուած իրավիճակին եւ Իրանի ուղղուած ամերիկեան սպառնալիքներուն լոյսին տակ մայրաքաղաք Դամասկոս այցելելով, բնականաբար, ԱՄՆ-ի Իրանի վրայ հաւանական յարձակում գործելու պարագային Ռուսիա-Սուրիա գործակցութեան համակարգումը պիտի կատարէր: Չմոռնանք, որ նախանցեալ օր ռուսական մարտանաւ մը հասած էր Միջերկրական, Միացեալ Նահանգներու Իրանի դէմ հաւանական զինուորական գործողութեան մը պարագային հսկելու շրջանի օդային եւ ծովային տարածքներուն։

Այցելութեան ընթացքին Ռուսիոյ նախագահը իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Ռուսիա կը շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ կողքին պիտի պայքարի ահաբեկչութեան դէմ, մինչեւ երկրին ամբողջական ազատագրումը, յատկապէս Իտլիպի եւ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններու պարագան լուսարձակի տակ առնելով։

Զինուորական պատասխանատուներ կը նախատեսեն Իտլիպի մօտալուտ ազատագրումը եւ Դամասկոս-Հալէպ մայր ճամբուն բացումը։ Սա բնականաբար ուղերձ մըն էր նաեւ Թուրքիոյ, որ ի կատար ածէ Ասթանայի իր խոստումները, ահաբեկիչները դուրս բերէ Սուրիայէն, եւ յարգէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը: Այս իմաստով յատկանշական էր նախագահներուն Օմայատ մզկիթ այցելութիւնը: Այն մզկիթը, որուն ակնարկելով Թուրքիոյ նախագահը քանի մը տարի առաջ ըսած էր, թէ պիտի հասնի Դամասկոս եւ աղօթէ այնտեղ։

Ռուսիոյ նախագահը միջազգային ընտանիքին ալ ուղերձ մը կը յղէր, շեշտելով, որ այս տարածաշրջանը ռուսական առանցքին մաս կը կազմէ, եւ թէ նախորդ տարիներու Սուրիա-Ռուսիա զինուորական գործակցութիւնը արդիւնաւորուած է ու Սուրիան վերագտած է իր երբեմնի բնականոն կեանքը, հետեւաբար այս այցելութեամբ նոր սկիզբ մը կը դրուի երկու երկիրներու բազմակողմանի գործակցութեան:

Բնականաբար Ռուսիոյ համար տարածաշրջանի երկիրներուն խաղաղութիւնն ու զարգացումը պիտի նպաստեն ռուսական դերակատարութեան ամրապնդման եւ տուեալ երկիրներու ժողովուրդներուն վրայ դրական տպաւորութիւն պիտի թողուն ռուսական միջնորդութեան առնչութեամբ: Այս իսկ հեռանկարով, Ռուսիոյ նախագահը կը շեշտէր, որ խաղաղութեան պայմաններուն մէջ Սուրիոյ վերականգնումի տնտեսական ենթահողը պիտի ստեղծուի եւ վերաշինութիւնը թափ պիտի առնէ:

Սուրիական հարցին քաղաքական լուծման մանրամասնութիւնները հաւանաբար մաս կազմեցին նախագահ Փութինի Թուրքիա այցելութեան օրակարգին նաեւ:

Տնտեսական առումով, Ռուսիոյ նախագահը ամերիկեան պատժամիջոցներուն առաջքը առած կը թուի ըլլալ, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի տնտեսական ազդեցութիւնը ընդլայնելով, Ռուսիա, Չինաստան, Սուրիա, Իրաք, Իրան տնտեսական առանցքը ամրապնդելով եւ տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան ազդեցութիւնը սահմանափակելով։ Այս ծրագիրին մաս կը կազմէ նաեւ նախագահ Փութինի Սուրիայէն մեկնումը Թուրքիա, բացումը կատարելու Թուրքիոյ ճամբով ռուսական կազը Եւրոպա հասցնող կազատար խողովակներուն։

Քաղաքական վերլուծաբաններ կը նախատեսեն նաեւ ռուսական միջնորդութեամբ Դամասկոս-Անգարա յարաբերութիւններու ոչ մօտալուտ, սակայն հաւանական վերականգնումը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.