Ռուսիոյ Ընդհանուր Քաղաքականութիւնը Սուրիոյ, Արցախի Եւ Ուքրանիոյ Մէջ

Ինչպէս որեւէ այլ պետութիւն՝ Ռուսիան կը ձգտի իրագործել իր ազգային շահերը, որոնք հիմնուած են իր պատմութենէն՝ ռուս-թաթարական, ռուս-պարսկական, ռուս-թրքական պատերազմներէն ու Նափոլէոնի եւ նացիական Գերմանիոյ ներխուժումներէն բխող անոր աշխարհաքաղաքական պատկերացումներուն եւ այդ պատմական փորձառութենէն ծնունդ առած թշնամիներով շրջապատուած ըլլալու անապահովութեան զգացումին ու սպառնալիքներու վերաբերեալ ըմբռնումներուն վրայ։

Աշխարհագրական դիրքը, պատմական փորձառութիւնն ու անոնցմով պայմանաւորուած երկիրի անվտանգութեան նկատմամբ գերզգայնութիւնը պատճառ կը դառնան, որ Ռուսիան Արեւմուտքին կողմէ ընկալուի իբրեւ յարձակողական ու ծաւալապաշտական, երբ, ռուսական տեսանկիւնէն դիտուած, ան հակազդող է եւ նոյնիսկ պաշտպանողական դիրքին վրայ։

Հակառակ աշխարհի վրայ մեծագոյն տարածքը ունեցող երկիրը ըլլալուն, Ռուսիան ունի տարածք մը, որուն պաշտպանելիութիւնը խոցելի է, մասնաւորաբար անոր արեւմտեան եւ արեւելեան կողմերէն։ Խորհրդային ժամանակաշրջանին համայնավար արբանեակային պետութիւնները իրենց գոյութեամբ «Արեւմտեան ճակատ»-ին վրայ աշխարհագրական պատուար մը կը կազմէին, սակայն այսօր այդ պատուարը ոչ միայն չկայ, այլ նաեւ Արեւմուտքը (ՕԹԱՆ եւ Եւրոպական Միութիւն) դէպի արեւելք ծաւալած է եւ կը գտնուի Ռուսիոյ սահմանին մօտ, ինչ որ կու գայ ամրապնդելու Արեւմուտքը «ծաւալապաշտ» նկատող համոզումը, եւ առաւել եւս կը բարձրացնէ ռուսական ղեկավարութեան մօտ երկրին խոցելիութեան զգացումն ու մտատանջութիւնը։

Մոսկուայի «Քառնըկի» կեդրոնի տնօրէն Տմիթրի Թրենին կը նշէ, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 1999-էն ի վեր ձգտած է երկու նպատակի՝ Ռուսիոյ միասնականութեան պահպանման ու համաշխարհային բեմի վրայ անոր մեծ տէրութիւն ըլլալու կարգավիճակի վերականգնման։

Սուրիայէն Ուքրանիա՝ հարաւէն հիւսիս երկարող աշխարագրական տարածքին մէջ, ուր հակառակորդը դարձեալ Արեւմուտքն է (Միացեալ Նահանգները, ՕԹԱՆ-ն ու անոր անդամ Թուրքիան), այդ երկու նպատակներու իրագործման ձգտումը մեծապէս կ’ազդեն Ռուսիոյ քաղաքականութեան վրայ։

Նշեալ տարածքին մէջ Ռուսիոյ պաշտպանութեան վերջին գիծը Հիւսիսային Կովկասն է, որ իր լեռնաշղթաներուն շնորհիւ պաշտպանական բնական ու յարմար դիրք մը ունի։ Հիւսիսային Կովկասէն ետք կը սկսին տափաստանները, որոնք պաշտպանական առումով բնականաբար խիստ խոցելի են։ Ռուսիոյ պաշտպանութեան առաջին գիծը Հարաւային Կովկասն է՝ դարձեալ շնորհիւ իր լեռնաշղթաներուն։

Հարաւային Կովկասը սահմանակից է Ռուսիոյ հարաւային մրցակիցներուն՝ Թուրքիոյ եւ Իրանին, սակայն նաեւ Հիւսիսային Կովկասին, ուստի անիկա ապահովական խիստ կարեւոր նշանակութիւն ունի, նաեւ Սուրիայէն Հիւսիսային Կովկաս երկարող Հարաւ-Հիւսիս գիծը իրարու կապող օղակն է։

Շրջանը կարեւոր է նաեւ տնտեսական առումով, նկատի ունենալով, որ այդտեղ կը գտնուի քարիւղով հարուստ Կասպից ծովը, ինչպէս նաեւ Հիւսիս-Հարաւ եւ Արեւելք-Արեւմուտք առեւտրաշրջանառութեան ուղիներու խաչմերուկն է, ուստի զարմանալի չէ, որ ինչպէս Ք.Ս. Կատժիէւ իր 2010-ին լոյս տեսած «Կովկասի մէջ մեծ խաղը՝ երէկ, այսօր, վաղը» գիրքին մէջ կը նշէ, Ռուսիոյ պատմական աւանդութեան համաձայն, Հարաւային Կովկասը՝ արդի աշխարհաքաղաքական իր շահերուն կողքին կը նկատուի «Ռուսիոյ պատմութեան ու ճակատագիրի անօտարելի մաս մը»։

Ահա այս ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող դիրքին ու հարաւ-հիւսիս առանցքին վրայ է, որ կը գտնուի Արցախը, իսկ Ուքրանիան արդէն Հիւսիսային Կովկասէն ետք եկող եւ Ռուսիոյ խոցելի ու գերզգայուն արեւմտեան տարածքին մէջ է։

Երեք երկիրներուն՝ Սուրիոյ, Արցախի եւ Ուքրանիոյ կարեւորութիւնը աստիճանաբար կը մեծնայ քանի քարտէսին վրայ կը բարձրանանք դէպի հիւսիս՝ դէպի ռուսական հողեր, եւ որքան կարեւոր է տուեալ երկիրի մը աշխարհագրական դիրքը, այնքան աւելի կարծր է Ռուսիոյ դիրքորոշումն ու հակազդեցութիւնը։

Այսպէս Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով 13 ապրիլ 2021-ին յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներն ու անոնց ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցները Քիեւին տրամադրած իրենց զինուորական օժանդակութիւնները աւելցնելով Ուքրանիան դիտաւորեալ կերպով կը վերածեն վառօդի տակառի»՝ ընդգծելով. «Ուքրանիոյ մէջ մագլցում արձանագրուելու պարագային, մեր առաւելագոյն ջանքը պիտի գործադրենք երաշխաւորելու Ռուսիոյ անվտանգութիւնն ու անոր քաղաքացիներուն ապահովութիւնը, սակայն մագլցումի պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ պիտի կրեն Քիեւն ու անոր արեւմուտքցի գործընկերները»:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, իր կարգին, 3 նոյեմբեր 2021-ին, անդրադառնալով Ուքրանիոյ սահմանին վրայ ռուսական զօրքերու կուտակումներու վերաբերեալ տեղեկութիւններուն ու Արեւմուտքէն հնչող ահազանգին, ըսաւ. «Ռուսիան՝ ՕԹԱՆ-ի եւ շարք մը այլ պետութիւններու թշնամական ծաւալապաշտական հակամարտութիւններու լոյսին տակ, քայլեր որդեգրած է եւ պիտի շարունակէ որդեգրել` երաշխաւորելու համար իր անվտանգութիւնը»։ «Շարք մը այլ» ըսելով ան նկատի ունէր նաեւ Թուրքիան։ Սուրիոյ եւ Արցախի վերաբերեալ ռուսական կողմի յայտարարութիւնները այսպիսի չեն, այլ աւելի դիւանագիտական են։

Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ դերակատարութիւնը հիմնուած է իրեն դաշնակից եղող վարչակարգին դէմ կռուող ժիհատական ահաբեկչական խմբաւորումներուն Հիւսիսային Կովկասի եւ ընդհանրապէս նախկին խորհրդային տարածքի շրջաններուն հետ կապ ունենալնուն եւ այդ իրողութեան ներկայացուցած վտանգին վրայ, ուստի այդտեղ կիրարկուողը կանխարգիլման քաղաքականութիւն մըն է, որ միաժամանակ կ’իրագործէ տաք ջուրեր իջնելու ռուսական դարաւոր երազը։

Այս բոլորէն ետք կարելի է եզրակացնել, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի Սեւ ծովու մէջ վերջին քայլերուն եւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ ներկայութեան ու քիւրտերուն դէմ ծրագրած զինուորական գործողութեան նպատակը նշեալ աշխարհագրական կէտերուն վրայ Ռուսիոյ հարաւէն հիւսիս երկարող պաշտպանական գիծի մասնատումը կամ առնուազն թիրախաւորումն է։

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.