«Պէտք է Ջաւախքը դառնայ հայ-վրացական յարաբերութիւններու ամենաուժեղ օղակը». Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով գումարուած է ՀՅԴ աշխարհասփիւռ բոլոր կառոյցներու ներկայացուցիչներու խորհրդակցական ժողով: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան Yerkirmedia.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է, որ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններն ու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակը առիթ հանդիսացան նման ժողով մը գումարելու:

«ժողովը լսեց զեկոյցներ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմնին եւ Դաշնակցութեան Բիւրոյի վարած քաղաքականութեան մասին, յատկապէս, վերջին իրադարձութիւններուն հետ կապուած, եղան քննարկումներ: Մասնակիցները արտայայտեցին իրենց առաջարկներն ու տեսակէտները: Եզրակացութիւնը այն էր, որ բնականաբար կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ  հայաստանակեդրոն իր քաղաքականութիւնը, որ անհրաժեշտ է ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու ժողովուրդին, ե՛ւ ընդհանրապէս սփիւռքահայութեան համար: Բոլորը վերահաստատեցին կուսակցութեան միակամութիւնը այս հարցով եւ շեշտեցին, որ շարժման յաջողութեան համար կուսակցութեան վարած քաղաքականութիւնը եղած է ճիշդ եւ ողջունելի», մանրամասնեց Մանոյեան:

Նշենք, որ ՀՅԴ-ն կազմակերպեր էր նաեւ բարեգործական ճաշկերոյթ, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Ջաւախքին: Ճաշկերոյթին ընթացքին նաեւ կատարուած է հանգանակութիւն։

Անդրադառնալով վարչապետ Փաշինեանի Ջաւախք կատարած այցին, Մանոյեան նշեց, թէ չի յիշեր, որ վերջին 15 տարուան ընթացքին Հայաստանի քաղաքական ամենաուժեղ լիազօրութիւններ ունեցող անձը այցելէ Ջաւախք:  Ան արձանագրեց, որ նոյնիսկ ԱԳ նախարարներ եղած են, որոնք չեն այցելած Ջաւախք:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.