Պէյրութի Համազգայինի «Ծնծղայ» Երգչախումբը

«Ծնծղայ» երգչախումբը, ղեկավար` Վաչէ Պարսումեան, 1978

Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեան

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որ սկսած էր 1975-ին, պատճառ դարձած էր յուսալքութեան, յուսախաբութեան, յոռետեսութեան եւ ընկճուածութեան` ամէն մակարդակի վրայ: Պարապութիւն մը կը տիրէր լիբանանահայութեան մշակութային եւ երաժշտական կեանքին մէջ: Այս պարապութեան կողքին, հրապարակը սկսած էր ողողուիլ անորակ երգիչներու վատ, ոչ հայկական երգերով եւ երաժշտութեամբ. յոռի բարքերը կը ծաւալէին  եւ կը գրաւէին հայ մարդու միտքն ու հոգին: Հիւանդագին վիճակ մը կը տիրէր ամէն կողմ: Փոխուելու էր կացութիւնը,  բան մը պէտք էր կատարուէր դուրս գալու համար այս ժխորէն:

Անդրադառնալով այս իրականութեան` Լիբանանի Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը, որուն անդամներն էին` Գառնիկ Բանեան (ատենապետ), Գրիգոր Շահինեան, Խորէն Մղտեսեան, Սարգիս Սարգիսեան, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Ալիս Գազանճեան, Արփի Չպուքճեան եւ Գեղանի Էթիեմեզեան, որոշեց փորձ մը ընել` դարմանելու համար այս հիւանդագին երեւոյթը: Ուստի Շրջանային վարչութիւնը յառաջացուց Համազգայինի երաժշտական թեքնիք յանձնախումբը` բաղկացած մեծ մասով երաժշտագէտներէ: Թեքնիք յանձնախումբի անդամներէն կը յիշեմ` Ռէյմոնտ Ճելալեանը, Արփի Եագուպեան-Ալահայտոյեանը, Էլօ Հարպոյեանը, Պայծառ Գարագաշեանը, Էթիեն Քիւփելեանը, Ալեքսան Մնակեանը, Պետրոս Ալահայտոյեանը, Վաչէ Պարսումեանը եւ բժիշկներ Յարութիւն Ճլճլեանն ու Կարպիս Հարպոյեանը: Յանձնախումբը իւրացուց Շրջանային վարչութեան մտահոգութիւնները եւ շուտով անցաւ գործի:

Յանձնախումբին առաջնահերթութիւնը եղաւ մանկական մնայուն երգչախումբի մը կազմութիւնը: Յանձնախումբը որոշեց զայն անուանել «Ծնծղայ»: Բայց ինչո՞ւ «Ծնծղայ» անուանումը: Նախ` վերյիշելու համար դարերէ ի վեր մեր եկեղեցիներուն մէջ գործածուող այդ գործիքը` որպէս ուրախութեան եւ ցնծութեան միջոց, ապա նաեւ` մանաւանդ մեր մանուկներուն երջանկութիւն պարգեւելու համար: Ուրեմն «Ծնծղայ» երգչախումբը կազմուեցաւ 1977-ի հոկտեմբեր ամսուն վերջաւորութեան: Կրնամ ըսել, որ «Ծնծղայ»-ն ծնունդն էր կարգ մը հաւատաւոր խենթերու նախաձեռնութեան: «Ծնծղայ»-ն ծնաւ` հակառակ շատերու մտքերուն մէջ արմատացած «չենք կրնար» սնահաւատութեան:

Գտնուեցաւ ատակ խմբավարը` Վաչէ Պարսումեանը: Ան փիլիսոփայութեան ճիւղի երիտասարդ ուսանող էր եւ պետական երաժշտանոցի երգի լաւագոյն ուսանողներէն մէկը: Ան շատ կը սիրէր եւ հետաքրքրուած էր երգչախմբային ղեկավարութեամբ: Ան արդէն քանի մը տարիներէ ի վեր կը կատարէր այս գործունէութիւնը մանաւանդ Հայկազեան քոլեճին մէջ:

Թեքնիք յանձնախումբը կոչ ուղղեց հայ ծնողներուն, որ իրենց  զաւակները արձանագրեն «Ծնծղայ» երգչախումբին, ուր պիտի սորվէին մաքուր հայ երաժշտութիւն եւ հայ երգ, ինչպէս նաեւ` երգելու ճշգրիտ թեքնիք: Շուտով 7-13 տարեկան յիսունի մօտ մանուկներով երգչախումբը սկսաւ իր փորձերուն` ղեկավարութեամբ Վաչէ Պարսումեանի: Մանուկները  կը մագնիսանային անոր ժպիտէն, խրախուսիչ ակնարկներէն, անոր` մանուկներուն մատչելի արտայայտութիւններէն: Ան խստապահանջ էր, բայց` միշտ կատակող եւ մանուկներուն հետ մանկացող խմբավար: Շաբաթական երկու փորձերով Վաչէ Պարսումեան կարողացաւ լիբանանահայութեան հրամցնել բազմալեզու` հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն երգերով բարձրորակ համերգ մը: Դիւրին չէր իրականացնել այս աշխատանքը` բազմալեզու յայտագիր, քառաձայն երգեցողութեամբ եւ սենեկային նուագախումբի մը ընկերակցութեամբ: Այդ իրականացաւ շնորհիւ խմբավարի  երաժշտական հասկացողութեան, անսահման համբերութեան ու մանաւանդ  երեխաներուն հանդէպ իր ունեցած սիրով եւ գուրգուրանքով, ինչպէս նաեւ` յանձնախումբին անսակարկ զոհողութեան եւ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու վճռակամութեան:

Երգերուն դաշնաւորումը կատարած էր Ալեքսան Մնակեան, որ նաեւ մաս կը կազմէր սենեկային նուագախումբին:

Սենեկային նուագախումբը կազմուած էր 16 երաժիշտներէ, որոնք պետական երաժշտանոցի ուսուցիչներ եւ կամ վերին դասարաններու աշակերտներ էին:

Երգչախումբի անդամներն էին հետեւեալ փոքրիկները` Ակուլեան Էմմա, Ակուլեան Մանուէլ, Արթինեան Վաչէ, Արզումանեան Սեւակ, Բարիքեան Կարօ (հոգելոյս Մեղրիկ սրբազան), Բանեան Յասմիկ, Բանեան Շողիկ, Գերպապեան Վարանդ, Գրաճեան Սերուժ, Գալֆայեան Մարիա, Գալֆայեան Թալին, Գարագաշեան Ռուբիկ, Գալայճեան Մարիժան, Գրիգորեան Սեդա, Գաբրիէլեան Ռազմիկ, Գաբրիէլեան Մարիա, Գայթանճեան Ալին, Զաքարեան Մարալ, Թորիկեան Անի, Թորիկեան Շաղիկ, Թորիկեան Սիլվա, Թաշճեան Եւա, Ինճէեան Րաֆֆի, Իստիլեան Զեփիւռ, Խառնէլեան Շաղիկ, Խայաթ Նելլի, Կայծակեան Թալին, Կարապետեան Ռիթա, Հարպոյեան Դալար, Մնակեան Սօսէ, Մնակեան Աւօ, Յովսէփեան Սոնա, Պօղոսեան Նորա, Պարսամեան Միսաք, Պապիկեան Երուանդ, Պոշնագեան Շանթ, Սարմազեան Սեւակ, Տէմիրճեան Կարօ, Տէր Սարգիսեան Նելլի, Փափազեան Լալիկ, Փափազեան Հրաչ, Քէշիշեան Վիքի, Քէնտիրճեան Արաքսի, Քէնտիրճեան Սարգիս, Օհանեան Սոնիկ:

Երգչախումբը պատրաստ էր հանդէս գալու: Երգահանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ 14, կիրակի 15 եւ կիրակի 22 յունուար 1978-ին Համազգայինի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, սենեկային նուագախումբի ընկերակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ Էլօ Պտղունի Հարպոյեանի (սոփրանօ) եւ Արփի Եագուպեան-Ալահայտոյեանի (դաշնակ):

Երգացանկը կազմուած էր հետեւեալ երգերով, առաջին մաս` «Լիբանան», «Թմբուկ», «Փրկարար», «Քաջ մուկը», «Առաջին ձիւնը», «Մանուկն ու ջուրը», «Մեղու», «Ծընկըլը-մընկըլը», «Հայրենի կարօտ», «Գարուն-պարերգ», «Ձմրան երգ». երկրորդ մաս` «Psalm», «Rex Admirabilis», «Alleluia», «La Chanson du veni», «Consider yourself at home», «Ձօն խաղաղութեան» (Զ. Նասիֆ),- առաջին ունկնդրութիւն, ձօնուած Ծնծղայ երգչախումբին,- «Տիկնիկի օրօրը» (մեներգ` Դալար Հարպոյեան), «Լուսինն ելաւ», «Աշուն» (Ա. Մնակեան),- առաջին ունկնդրութիւն,- «Զարթի՛ր, որդեա՛կ», «Ոստան հայրենի», «Արփա-Սեւան», «Հինգ էծ ունեմ», «Թամարի արիան» (վերջին չորսը` տիկին Էլիզապէթ Հարպոյեանի ընկերակցութեամբ):

Սէրուժ եւ Դալար առաջին շարք` ձախէն առաջինը եւ երկրորդը

«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը երեք ելոյթներուն լեցուած էր երաժշտասէր հայ ունկնդիրներով: Ուրախ էին` ունկնդիրները, խմբավարը,  թեքնիք յանձնախումբն ու մանաւանդ «Ծնծղայ»-ի փոքրիկները:

Այս երեք ելոյթները մեծ գնահատանքի արժանացան հայ եւ օտար մամուլին եւ երաժշտասէր շրջանակներուն կողմէ:

Լիբանանահայութեան փափաքին ընդառաջելով` «Ծնծղան» ունեցաւ երեք յաջորդական այլ ելոյթներ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ: Վեց ելոյթներու ընթացքին երեք հազար հայորդիներ վայելեցին «Ծնծղայ»-ի երգահանդէսը:

Լիբանանահայ ազգային մը, խանդավառուած «Ծնծղայ»-ի բացառիկ յաջողութենէն,  Համազգայինի Շրջանային վարչութեան նուիրեց հինգ հազար լիբ. ոսկի (այդ օրուան տոլարի արժէքով` մօտաւորապէս երեք հազար հինգ հարիւր տոլար):

Փոքրիկն Դալար կ՛ուղղուի երգելու «Այ իմ տիկնիկ»-ը. Ալեքսան Մնակեան ձեռնադաշնակով եւ Արփի Ալահայտոյեան դաշնակին առջեւ

«Ծնծղայ» երգչախումբը  նոյն կազմով մասնակցեցաւ Համազգայինի յիսնամեակի տօնակատարութիւններուն` համերգով մը, որ կատարուեցաւ երկու անգամ. առաջինը` երեքշաբթի, 27 յունիս 1978-ին Լիբանանի «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի մէջ եւ երկրորդը` կիրակի, 9 յուլիս 1978-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի սրահին մէջ, միշտ ղեկավարութեամբ Վաչէ Պարսումեանի, մասնակցութեամբ Էլօ Պտղունի-Հարպոյեանի (մեներգ-սոփրանօ) եւ ընկերակցութեամբ 26 անդամներէ բաղկացած նուագախումբի մը: Այս պարագային երգերուն դաշնաւորումը կատարած էր երաժիշտ Պօղոս Ճելալեան:

Զոյգ ելոյթներուն որմազդը պատրաստած էր երաժիշտ Էթիեն Քիւփելեանը: Որմազդին գծագրութիւնը կը ներկայացնէր «Ծնծղայ»-ին կրտսերագոյն երկու անդամները` Սէրուժ Գրաճեանը եւ Դալար Հարպոյեանը:

Լիբանանի «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի համերգներուն որմազդը

Ահա թէ ի՛նչ գրած էին հայ մամուլի թղթակիցները «Ծնծղայ»-ի երգահանդէսներու մասին.

  1. Սարգիս Մահսէրէճեան, «Ազդակ» օրաթերթին մէջ, 1 յունուար 1978-ին. «Արուեստի մանրանկար մը` «Ծնծղայ»-ն: Ամիսներու տքնաջան ու բծախնդիր աշխատանքի արգասիքը եղող սա ելոյթը արուեստի ամենախիստ քննադատին անգամ կրնայ պարտադրել` ձեռքը գլխարկին տանելու: Անարուեստ երաժշտական քաոսէ մը ետք, ահաւասիկ նոր փաստ մը, թէ բծախնդիրը ոչ մէկ դժուարութեան առջեւ կանգ կ՛առնէ, եւ այդ փաստը տուողները բուռ մը մանուկներ են, «Ծնծղայ»-ն է»:
  2. Շահանդուխտ, «Ազդակ» օրաթերթին մէջ, 17 յունուար 1978-ին. «Այս մանուկները կրնային պոռալ, որքան որ ուզէին, որովհետեւ մանուկ տարիքի գլխաւոր առողջութիւնը կոկորդային պայթուցիկ զէնքն է: Երիտասարդ խմբավարը ունէր այս զէնք-կոկորդները պոռչտուքի չվերածելու գաղտնիքը: Յուզիչ էր լսել մանկական մշակուած կոկորդներու քառաձայն ճռուողիւնը: Ունկնդիրները գորովալից ժպիտով դուրս ելան սրահէն»:

    Փոքրիկն Դալար Հարպոյեան կը մեներգէ

  3. Զարեհ վրդ. Ազնաւորեան, «Ազդակ» օրաթերթին մէջ, 23 յունուար 1978-ին. «Ծնծղայ-ն բեմ ելաւ պատրաստուած, բաւական համարձակ եւ կրցաւ ինքզինք պարտադրել: Բեմ եկաւ տիրական, բարձր մակարդակով: Ամբողջ ելոյթի ընթացքին այս երգչախումբը զգացուց, թէ մեծերը ուրախացնելու կամ զուարճացնելու դերը չէր իր ստանձնածը, միայն ծնողներուն եւ բարեկամներուն համար հաճելի պահ մը ստեղծել չէր նպատակը, այլ` թէ լրջօրէն կը միտէր արուեստ հրամցնել, արուեստ փնտռողներուն, մանկական ձայներու անմեղութեամբ եւ թաքուն կարողութիւններու յայտնաբերումով: Այս իմաստով անոնք ասպարէզ կարդացին մեծերուն եւ, ըստ երեւոյթին, դեռ կը շարունակեն ասպարէզ կարդալ` նորանոր բազմութիւններ իրենց հմայքին գրաւելով եւ նուաճելով: Ալեքսան Մնակեան երգերուն պատշաճեցումը կատարած էր մեծ ճաշակով, բծախնդրութեամբ, նուագախմբային նրբերանգներու զգացողութեամբ: Փոքրիկն Դալար Հարպոյեան բացառիկ ծանօթութիւն մը եղաւ ունկնդիրներուն: Հակառակ իր տարիքին (6)` Դալար յայտնաբերեց ինքնավստահութիւն, բեմին տիրապետելու կարողութիւն, երգելու շնորհք եւ հասկացողութիւն: Տիկին Էլօ Պտղունի- Հարպոյեան կատարեց մեներգները: Գեղեցիկ ձայն, ճկուն կոկորդ, երգի հասկացողութիւն եւ մեկնաբանութեան կերպ կը վկայէին արուեստագէտին մասին: Այդ օր «Ծնծղայ»-ները հնչեցին»:
  4. Էւա Տէրվիշեան, «Ազդակ» օրաթերթին մէջ, 1 յուլիս 1978-ին. «Ծնծղայ»-ն կրցաւ իրեն կապել հանրութիւնը, թրթռացնել սիրտերը եւ մանաւանդ` ստեղծել ու պարտադրել ի՛ր մթնոլորտը»:

Տիկին Էլօ Պտղունի-Հարպոյեան կը մեներգէ

Լիբանանեան օտար մամուլի ներկայացուցիչները առիթը ունեցան վայելելու եւ ունկնդրելու «Ծնծղայ»-ի համերգները: Անոնք հիացմունքով եւ գնահատական խօսքերով անդրադարձան «Ծնծղայ»-ի կատարումին: Ֆրանսատառ «Ռեւէյ» օրաթերթի մշակութային բաժնի թղթակիցը` Քրիսթիան Քեքաթին գրած էր. «Ինչպէ՞ս միայն երեք ամսուան ընթացքին այս մանուկները կրցած են հասնիլ երաժշտական այսքան բարձր մակարդակի մը: Ասիկա գաղտնիքն է իրենց խմբավարին` Լիբանանի Ազգ. երաժշտանոցի երգի եւ հարմոնիայի ուսանող Վաչէ Պարսումեանին: «Էսեմպլի հոլ»-ը կը յորդէր եւ կը թնդար հիացողներու բազմութեամբ, որոնք կը զարմանային ի տես այս իրականացումին` մանուկներու եւ անոնց ղեկավարին կողմէ: Իրական նուաճում մըն է, արդարեւ, պատրաստել նման համերգ մը` այսքան խնամուած յայտագրով եւ ճշգրիտ մեկնաբանութեամբ»:

Համազգայինն ու իր թեքնիք յանձնախումբը յաջողած էին իրենց առաքելութեան մէջ:

Դժբախտաբար «Ծնծղայ» երգչախումբին գործունէութիւնը տեւեց միայն երկու տարի: Խմբավարին ` Վաչէ Պարսումեանի Միացեալ Նահանգներ մեկնումով «Ծնծղայ»-ն կազմալուծուեցաւ: Սակայն Ալեքսան Մնակեան, թեքնիք յանձնախումբի թելադրանքով, շուտով հաւաքեց «Ծնծղայ»-ի փոքրիկները եւ կազմակերպեց «Արտուտիկ» երգչախումբը, որ քանի մը ամիսներու ընթացքին եւ հետեւողական փորձերէ ետք կարողացաւ պատրաստել կոկիկ երգացանկ մը եւ կատարել «Արտուտիկ» ձայնապնակի բարձրորակ արձանագրութիւնը Պէյրութի «Սթիւտիօ Պաալպէք»-ի մէջ, 1980-ին: Անկէ ետք «Արտուտիկ» երգչախումբին գործունէութիւնն ալ դադրեցաւ կամքէ անկախ պատճառներով:

«Արտուտիկ» ձայնապնակի շապիկը                                           «Նանոր» ձայնապնակի շապիկը

Նոյն տարին Ալեքսան Մնակեան Համազգայինի Անթիլիասի «Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան խնդրանքով կազմակերպեց «Նանոր» մանկապատանեկան երգչախումբը, որ վեց ամիսներ ետք, սենեկային նուագախումբի ընկերակցութեամբ, լիբանանահայութեան հրամցուց յաջող երգահանդէս մը եւ պատրաստեց «Նանոր» ձայնապնակը:

Մոնրէալ, 28 փետրուար 2021

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.