Պատկերասփիւռի բացայայտ շահագործումը

Առաջին Ալիքի եթերով հարցազրոյցի հրաւիրուած ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ Ընկ. Իշխան Սաղաթէլեանի ելոյթը այսօր եւ՛ս մէկ օրինակն է, թէ ինչպիսի՞ հրապարակագրական վարքագիծով հանդէս կու գայ իշխանական մամուլը, երբ հարցը կը վերաբերի երկրէն ներս նոր եւ առողջ քաղաքական այլընտրանք ձևաւորելու հրամայականին։

Պահ մը այնպէս թուեցաւ, որ պրն. Պետրոս Ղազարեանի յայտագիրը ստեղծուած էր ամէն գնով խծբծելու Դաշնակցութեան յայտարարութեան թէզերը։ Եւ այդ մէկը ընելու՝ ամէնէն կամայական միջամտութիւններով, բեմը գրաւելու ապաշնորհ քայլերով և ընկ. Սաղաթէլեանի լուսաբանական պատասխանները իրենց բոյնին մէջ խեղդելու յստակ միտումով։ Ասիկա բացարձակապէս անընդունելի է։ Ի վերջոյ հարցազրոյցի այս յայտագիրը կը ծառայէ ի՞նչ բանի։ Պրն. Ղազարեանի դերասանական շնորհնե՞րը ցուցադրելու, թէ հանրութիւնը լուսաբանելու։ Որոշեցէ՛ք, պրն. Ղազարեան, որպէսզի ըստ այնմ կողմնորոշուինք նաեւ մենք՝ ձեր պատկերասփիւռի ունկնդիրներս աշխարհով մէկ։

Ընկ. Սաղաթէլեան մեծ պաղարիւնութեամբ տարաւ այս անճաշակ բեմադրութիւնը եւ այդ բանին համար պէտք է շնորհաւորել զինք։ Դաշնակցութեան յայտարարութիւնը համարձակ մարտահրաւէր մըն է ուղղուած իշխանութեան։ Ինչպէ՞ս ան իրականութեան կը վերածուի։ Կ՚ապրինք եւ կը տեսնենք։ Այն ինչ, որ տեղի ունեցաւ Առաջին Ալիքի առանձնաշնորհեալ եթերով շարունակութիւնն է այն խուճապահար յարձակողականին, որուն ականատես կ՚ըլլանք ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Ժողովի գումարումէն ի վեր իշխանական կողմի հարթակներէն։ Վերջ տուէք այս տղայական մարզանքներուն եւ վերադարձէք ձեր գործին, քանի որ այդ գործին որակն է, որ պիտի ճշդէ ձեր ապագան։ Միայն այդ շինիչ ճամբով է, որ դուք կրնաք դիմագրաւել Դաշնակցութեան առողջ մարտահրաւէրը։

Կարօ Արմէնեան
2 Մայիս 2019 Ուաշինկթըն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.