Պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ յաղթանակ, կը յայտարարէ Իշխան Սաղաթէլեան

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց քաղաքական ուժին աջակցած եւ վստահութիւն ցուցաբերած քաղաքացիներուն՝ նշելով, որ տրուած իւրաքանչիւր քուէ եւ արտայայտուած վստահութիւն մեծ նշանակութիւն ունի իրենց համար։

Սաղաթէլեան ընդգծեց, որ ընտրութիւններուն արդիւնքներէն անկախ, իրենք պիտի շարունակեն իրենց քաղաքական գործունէութիւնն ու ազգային պայքարը՝ յանձնառու մնալով Հայաստանի անվտանգութեան, զարգացման եւ պետականութեան ամրապնդման ուղղուած նպատակներուն։ Ան շեշտեց, որ իրենց համար հայրենիքին ծառայելու առաքելութիւնը չի սահմանափակուիր ընտրական գործընթացով, այլ կը շարունակուի հետեւողական քաղաքական եւ հասարակական աշխատանքով։

Անդրադառնալով յետագայ քայլերուն՝ Սաղաթէլեան նշեց, որ յառաջիկային աւելի մանրամասն պիտի ներկայացնեն իրենց ծրագիրները։ «Շնորհակալ ենք մեզ տրուած իւրաքանչիւր քուէին եւ մեր դաշինքին նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան համար։ Մեր հայրենիքին համար աննահանջ պայքարը պիտի շարունակենք մինչեւ յաղթանակ», ըսաւ ան։