«Պայրաքթար» շինող թուրքէն դասեր քաղելու հրաւէրին միւս երեսը

Խ. Տէր Ղուկասեան

Իշխանամէտ սոցիալական ցանցերուն վրայ լայն շրջաքայութեան արժանացած է Փարիզի Նոր Յառաջ-ի Յունիս 4, 2022-ի համարին «Երանի՜ «Առանց թուրքի Հայաստան»-ի քարոզիչները դասեր քաղած ըլլային թուրքերէն» խորագրով առաջնորդողը, որ կը կրէ թերթի խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեանի ստորագրութիւնը:

Անսպասելի չէ որ aniarc.am կամ Մեր Ուղի իրենց կայքերը տրամադրեն ընդդիմութիւնն ու Դիմադրութեան շարժումը թիրախաւորած յօդուածի մը, ուր, ի մէջ այլոց, պատմական իրադարձութիւնները ընտրովի և դիտաւորեալ մեկնաբանութեամբ պարզունակացած են: Յատուկ կը նշուի, ի մասնաւորի, Դաշնակցութեան և ԵրիտԹուրքերու 1908-ի «եղբայրացումը» և 1921-ի Կարսի և Մոսկուայի դաշնագրերը, համահունչ ինչ որ մէկ այլ որպէս թէ անաչառ հրապարակագրի պատմական իրողութիւններու ընտրովի յիշեցման ոճին ու թայմինկին: Նոր Յառաջ-ը սփիւռքեան հրատարակութիւն է, Արևմտահայերէն, ունի իր ընթերցող շրջանակը և կը վայելէ, կամ կը վայելէր, չափաւորական, անաչառութեան և առարկայականութեան նախանձախնդիր, միաժամանակ սակայն ազգային և հայրենասիրական յանձնառութեան փաստը տուած թերթի մը վարքը: Նոր Յառաջ-ի առաջնորդողը, ուրեմն, նկատի առնուած է որպէս առանձին «յաւելեալ արժէք»՝  Դիմադրութիւնը պախառակելու «մտաւորական» ներդրումներու դրամագլուխին: Դիմադրութեան չէզոքացման բուն գրաւը, անշուշտ, ի դէմս մի քանի միլիառի հասնող պարգևավճառի, դրուած է «սիրոյ և համերաշխութեան» ոստիկանութեան վրայ, որուն արդէն ակնբախ վայրագութեան մասին նոյն այդ կայքերը առնուազն կը լռեն, երբ պարզ ու մէկին չեն արդարացներ:

Ինչ որ աչքի կը զառնէ, սակայն, յօդուածի եզրափակիչ պարբերութեան տրամաբանութեան ներքին հակասութիւնն է: Այդ պարբերութեան մէջ բառացիօրէն ներառելով խորագիրը, հեղինակը կը գրէ. « Երանի՜ թէ «առանց թուրքի Հայաստան»ի քարոզիչները փոխանակ լոզունգներ մշակելու, դասեր քաղած ըլլային թուրքերէն, որոնք յաջողեցան «Պայրաքթար» շինել, բանակ ու երկիր կառուցել, ճկուն բազմաբեւեռ քաղաքականութիւն վարել…» Դժուար է հարցականի տակ դնել այս իրողութիւնները այն պարզութեան մէջ որ բանաձևուած են: Բացի եթէ պարբերութեան աւելի քննական ընթերցումը ի յայտ բերէ լռելեան մոռացում մը, որ, առհասարակ, կարծես անհրաժեշտութիւն դարձած է ամէն անգամ որ Թուրքիոյ հետ «առանց նախապայմաններու» յարաբերութեանց հարցը քննարկուի. «Պայրաքթար» շինած թուրքերը, «բանակ ու երկիր» կառուցած թուրքերը, «ճկուն բազմաբևեռ քաղաքականութիւն» վարող թուրքերը, այն թուրքերն են որ այդ բոլորը ըրին Ցեղասպանութեամբ, Արևմտահայաստանի հայաթափումով և յափշտակումով, և «Պայրաքթար»ները ազերիներուն տուին որպէսզի առատօրէն գործածէ հայերու դէմ այն պատերազմին, որ նոյնինքն Նիկոլ Փաշինեանը այն ժամանակ զգուշացուց որ նորագոյն ցեղասպանութեան մը սպառնալիք էր -և յետոյ ըսածը մոռցաւ:

Հետևաբար, եթէ «Պայրաքթար» շինած թուրքէն, «բանակ ու երկիր» կառուցած թուրքէն, «ճկուն ու բազմաբևեռ քաղաքականութիւն» վարող թուրքէն դասեր քաղելու առաջարկ է այս յօդուածը, ինչո՞ւ ոչ նաև ցեղասպանական դասեր քաղել, նաև ոճիրը ուրանալ, նաև ամբողջ սերունդներ դաստիարակել պատմական խեղաթիւրումով, ըլլալ այնքան ազգայնամոլ որքան եղած են Թալէաթէն մինչև Քեմալ ու Էրտողան բոլոր թուրք ղեկավարները որոնցմէ ոչ մէկը, և նուազ այս վերջինը, «խաղաղութեան դարաշրջան»ի մասին պատրանքներ ունեցած է: Ընդհակառա՛կը, երբեք չէ հրաժարած ոչ Սուրիոյ հիւսիսային տարածքներէն, ոչ Եգէականի յունական կղզիներէն, ոչ հիւսիսային Կիպրոսէն, ոչ Օսմանեան կայսերականութենէն, և ոչ ալ, մանաւանդ, փանթրքական իր ծրագրէն: Ինչո՞ւ չունենալ արտաքին գործոց նախարար մը որ անպատկա՛ռօրէն Գորշ Գայլերու, նշանը կ’ընէ իր դէմ բողոքի ելած հայ ցուցարարներուն, չի՛ զղջար ըրածին համար և զայն կը գնահատէ որպէս «պէտք եղած պատասխանը» հայերուն, առանց մտքէն իսկ անցնելու որ այդ մէկը կրնայ մեկնաբանուիլ որպէս ցեղապաշտութիւն, ատելութեան սերմացում… Տակաւի՛ն, մի՞թէ թուրքին կարելի էր «Պայրաքթար» շինել, «երկիր ու բանակ» կառուցել, «ճկուն և բազմաբևեռ քաղաքականութիւն» վարել առանց Ցեղասպանութեան, առանց Արևմտահայաստանի հայաթափումին, առանց Ոճիրի ուրացման, և առանց այն բոլորին որ յատկանշեց իր անցնող արդէն մօտ ատենէն հարիւրամեայ պատմութիւնը:

Մոռնալ թուրքին ա՛յդ «դասեր»ը և լուսարձակի տակ առնել ընդդիմութեան և Դիմադրութեան շարժումի ընդամէնը մէկ լոզունգը՝ «Առանց թուրքի Հայաստան», ցեխարձակելու համար Դաշնակցութեան և Հանրապետականին, Քոչարեանին և միւս բոլոր, բոլորին դէմ, որոնք պարզապէս չեն ուզեր հաշտուիլ ազատագրուած սեփական հողը, որուն եօթանասուն տոկոսի կորուստին ինզզինք պատասխանատու ընդունած է այս իշխանութեան պարագլուխը, ընդմիշտ կորսնցնելու տանող քաղաքականութեան հետ: Դասեր քաղել թուրքէն մոռնալով որ այն ցեղասպան թուրքն է, մինչ տողընդմէջ, շնակա՛նօրէն, Դաշնակցութեան և Հանրապետականին մեղադրել թրքատեացութեան մէջ, յուշել որ կը խաթարեն իրենց անդամակցութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններու:

Թէ՞ թուրքէն ընտրովի դասեր քաղելու այս նախանձախնդրութիւնը քաջ գիտակից է միւս դասերը՝ Ցեղասպանութիւն, ուրացում …, անտեսելու անհրաժեշտութեան, և լռելու այդ մասին: Թէկուզ և առանց ժխտելու Ցեղասպանութիւնը ինչպէս յօդուածի նախորդ պարբերութիւններուն մէջ, այդուհանդերձ զայն թողնելով որպէս լոկ յիշատակում, ծիսականութիւն, ներքին կարգով և յաւուր պատշաճի, յար և նման Կարմիր Ժամուց-ի Հայրապետ Էֆէնտիի ստրկամիտ ազգասիրութեան: Առանց անդրադառնալու որ թերևս ա՛յս է թուրքէն սորվելիք ամենէն ազգակործան դասը՝ լռակեաց իւրացումը ոճիրի ուրացման, որով և ժխտողականութիւնը կը հասնի իր նպատակին, իր գերագոյն մակարդակին՝ զոհին հաշտեցումը իր զոհի ճակատագրին հետ և ընդունումը կատարուած իրողութեան, և կը դադրի իմաստ ունենալէ: Մղձաւանջային այս տիսթոփիան կարելի է հասցնել ամենադաժան շնականութեան, ընդ որում ժխտողականութեան քաղաքականութեան համար յատկացուած թրքական պետական պիւտճէին այդ բաժինը մի գուցէ կը յատկացուի Հայաստանի հետ տնտեսական համագործակցութեան, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ճանապարհներու կառուցման, Նախիջևանէն Ազրպէյճան միջանցքի բացումին:

Յուզական չափազանցո՞ւմ՝ թերևս: Մեկնաբանութի՞ւն որ կրնայ և յօդուածագրին մտքէն իսկ անցած չըլլալ՝ եթէ կ’ուզէք: Բայց այս գրութիւնը, որուն վերջին պարբերութիւնը կարծես ոչ միայն հրաւէր է «Պայրաքթար» շինած, «երկիր ու բանակ» կառուցած և «ճկուն ու բազմաբևեռ քաղաքականութիւն» վարող թուրքէն դասեր քաղելու այլ նոյն այդ թուրքով հիանալու, առիթ կու տայ նման մեկնաբանութիւններու: Կարելի է հիանալ Օրհան Փամուքի գրականութեան կամ Նուրի Պիլկէ Չէյլանի ժապաւէններուն վրայ, բայց պետական քաղաքականութենէ մը դասեր քաղելու հրաւէրի ընդոծին այս լռակեաց հիացումը ցեղասպանութեամբ ինքզինք վերասահմանած թուրքին բարոյականօրէն առնուազն խնդրայարոյց է: Եւ հակասական, որովհետև մինչ նոյն այդ յօդուածին մէջ մէկ լոզունգէ մեկնած ամբողջ ընդդիմութիւնն ու Դիմադրութեան իմաստը կը խեղաթիւրուի որպէս կոյր թրքատեացութիւն, թրքական պետական քաղաքականութենէն դասեր քաղելու հրաւէրը լուռ կ’անցնի նոյն այդ քաղաքականութեան յատուկ, դարաւոր և վերանորոգ հայատեացութեան վրայէն:

Քեմալական Թուրքիայէն դասեր քաղողը, ընդհուպ մինչև ժողովուրդի մը բնաջնջման պետական ծրագիր, Քեմալական Թուրքիայով հիացողը եղած է Նացիական Գերմանիան: Կա՞յ արդեօք ոևէ հրեայ որ հրապարակային ձևով հիացումով հրաւիրէ Գերմանիայէն դասեր քաղելու, թէկուզ և Նացիականութենէ ինքզինք ձերբազատած, Ողջակիզման համար ներողութիւն խնդրած և մինչև հիմա արդարահատուցում կատարող, Ողջակիզման ժխտումը քրէականացուցած և հակասեմականութեան դէմ պայքարի առաջնահերթային դիրքերու վրայ գտնուող Գերմանիայէն: Եթէ կայ, խնդրեմ բերել այն որպէս օրինակ, որուն հիման վրայ ալ կառուցել թուրքէն դասեր քաղելու հրաւէրի բանաձևումը հանրային բանավէճի կարգով: Առանց մոռնալու որ ո՛վ որ ալ ըլլայ այդ հրեան երբեք հրապարակային ձևով Նացիական Գերմանիայէն դասեր քաղելու առաջարկ պիտի չբանաձևէ: Այնպէս ինչպէս այս յօդուածը կ’առաջարկէ ոչ միայն Ցեղասպանութեան ուրացումը շարունակող այլ «Պայրաքթար»ներով նոր ցեղասպանութեան մը պատրաստակամութեան փաստը տուած թուրքէն դասեր քաղել:

Այսինքն, անկախ Նոր Յառաջ-ի խմբագրին թերևս սեփական համոզումէն որ ընդդիմութեան ընթացքը քննադատելի է, անկախ թէկուզ և ինչ որ շահագրգռուածութենէ որ կրնայ բացատրել նման յօդուածի մը գրառումը, մի՞թէ այլ ձև, նուազ խնդրայարոյց ու քինախնդիր, նուազ բացայայտօրէն չարակամ, չկար պաշտպանելու համար պարտուած կառավարութեան «դիւանագիտական հսկայական աշխատանք»ը և եսիմ ինչը, զորս կը փառաբանուի առաջնորդողին նախավերջին պարբերութեան մէջ այն խիստ կասկածելի եթէ ոչ ինքնախաբէական ենթադրութեամբ որ այդ է Հայաստանին ու Արցախին երկրորդ պատերազմի մը հաւանականութիւնը միակ քաղաքականութիւնը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.