Պայրամով. Խաղաղութեան համաձայնագիրը դեռ կը պահանջէ «սկզբունքային հարցերու» լուծում

ՊՈԼԻՍ.- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման համար տակաւին անհրաժեշտ է լուծել «շարք մը սկզբունքային եւ կարեւոր հարցեր»։

Պայրամով այս յայտարարութիւնը կատարեց Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Ազրպէյճան-Թուրքիա-Վրաստան արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումէն ետք կազմակերպուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։

«Խաղաղութեան վերջնական պայմանագրի ստորագրման համար անհրաժեշտ է ամբողջութեամբ լուծել բոլոր սկզբունքային եւ կարեւոր հարցերը», ըսաւ ան՝ առանց յստակեցնելու, թէ ո՛ր հարցերուն մասին կը խօսի։

Պաքուն շարունակաբար կը պնդէ, թէ Հայաստան պէտք է փոխէ իր սահմանադրութիւնը եւ անոր մէջէն հանէ Անկախութեան հռչակագիրին յղումը՝ պնդելով, թէ այնտեղ առկայ են Ատրպէյճանի նկատմամբ «տարածքային պահանջներ»։