Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի թեկնածու Փիեռ Փոլիէվր հանդիպեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յաձնախումբին հետ
Օգոստոս 17-ին, Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յաձնախումբի պատուիրակութիւնը Մոնթրէալի Հայ կեդրոնէն ներս հիւրընկալեց Գանատայի ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի թեկնածու Փիեռ Փոլիէվրը։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանը եւ Գանատայի Վերին Պալատի պատգամաւոր ծերակուտական Լէօ Հուսաքոսը։
Հանդիպման ընթացքին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Մհեր Գարագաշեան ներկայացուց գանատահայ համայնքը շահագրգռող շարք մը հարցեր, միաժամանակ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սարօ Տէր Պետրոսեան եւ յանձնախումբի համա-ատենապետ Հրակ Տարագճեան արծարծեցին Հայաստանի եւ Արցախի առնչուող առաջնահերթութիւններ։ Իր կարգին, Փիեռ Փոլիէվր, որպէս Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի թեկնածու ներկայացուց քաղաքական իր ուղեգիծն ու ծրագիրները։