Շուշիի պաշտպանութեան մարտերուն նահատակուած Մոսիկ Սէքլէմեանի Յիշատակի Ոգեկոչում

28 նոյեմբեր 2021-ի առաւօտեան Վիեննայի Ս. Հռիփսիմէ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Սուրբ պատարագին, տեղի ունեցաւ նահատակութեան Ա. տարելիցի հոգեհանգստեան պաշտօն Շուշիի պաշտպանութեան մարտերուն ընթացքին նահատակուած, Արցախի համար անմահացած հերոս Մոսիկ Սէքլէմեանի: Ներկայ էին նահատակ Մոսիկ Սէքլէմեանի ծնողքն ու հարազատները:

Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք «Մոսիկ Սէքլէմեան» անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ, որուն ընթացքին խօսք առաւ ՀՅԴ Կեդրոնական Եւրոպայի ներկայացուցիչ Գէորգ Յակոբճեան, որ դիտել տուաւ, որ արդէն տարիէ մը ի վեր թէեւ դէպքերուն ընթացքն ու իրականութիւնները յուսահատեցնող են, բայց եւ այնպէս Մոսիկն ու անոր ընկերները կը հանդիսանան յոյսի աղբիւր, մեզ կը յուսադրեն, կը նկատուին ներշնչարան` յուշելով եւ պատգամելով, որ հարկ է իրենց կիսատ ձգած գործը շարունակել եւ իրենց նահատակութեան արժանի ընթացք ունենանք` թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ մենք ոչ մէկ իրաւունք ունինք յուսալքուելու, ընկճուելու եւ նահանջելու, յատկապէս` նահատակներուն վեհութեան ու նուիրականութեան դիմաց, շեշտելով, որ իւրաքանչիւրս իր բնագաւառին մէջ ընելիք ունի, տալիք ունի ազգին ու հայրենիքին, որպէսզի կարենանք հանգիստ ու համարձակ նայիլ անոնց անմահացած աչքերուն ու դէմքին, արժանի ըլլալ անոնց շիրիմները այցելելու:

 

Խօսք առաւ նաեւ Աւստրիոյ հայ առաքելական համայնքի հոգեւոր հովիւ Անդրէաս քհնյ. Շըխրտմեան, որ լուսարձակի տակ առաւ նահատակութեամբ փոխանցուած պատգամներուն վրայ, որոնց հիմնականը կեանքն է, որովհետեւ մեր տղաքը նահատակուեցան, որպէսզի մենք ապրինք, շարունակենք ու յարատեւենք` իբրեւ ազգ ու պետութիւն:

Արցախեան նորագոյն պատերազմի նահատակ Մոսիկ Սեքլեմեան ծնած է Հալէպ, 2 Դեկտեմբեր 1992-ին։ Կրթութիւնը ստացած է Ս. Չեմպէրճեան Կրթասիրաց վարժարանին մէջ։ Փոքր տարիքէն ան անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նոր Գիւղի գայլիկական միաւորին։ Պատանեկան տարիքէն մաս կազմած է նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի ֆութպոլի խումբին եւ, իբրեւ դարպասապահ, մասնակցած է բազմաթիւ մրցաշարքներու։

Մոսիկ անդամակցած է նաեւ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան եւ ապա՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերուն, խոստանալով «Եթէ հարկ ըլլայ արեան գնով» տէ՛ր կանգնիլ այն բոլոր արժէքներուն, որոնք ազգն ու հայրենիքը կը պահեն։ Առ այդ, ան իր մասնակցութիւնը բերած է Հալէպի հայաշատ թաղամասներու պաշտպանութեան եւ մարդասիրական օժանդակութեան աշխատանքներուն։

Արցախեան նորագոյն պատերազմին բռնկումէն կարճ ատեն մը ետք, հողին կանչին ընդառաջելով, իբրեւ «Դաշնակցութեան մարտիկ, ազգի քաջ զինուոր», Մոսիկ կը մեկնի հայրենիք եւ 5 Նոյեմբեր 2020-ին, Շուշիի պաշտպանութեան կռիւներուն, անձնուիրաբար կը զոհուի թշնամիի հարուածէն։

Ան իր վերջին հանգիստը կը գտնէ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնին մէջ, 19 Նոյեմբեր 2020-ին։ Յետ նահատակութեան, հայրենի պետութիւնը զայն կը պարգեւատրէ «Արիութեան» մետալով։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.