Ուղղափառութեան Միջխորհրդարանական Վեհաժողովը Կոչ Ըրած է Պաշտպանելու Արցախի Հայկական Քրիստոնէական Յուշարձանները

Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովի (ՈՒՄՎ) գլխաւոր քարտուղար, Յունաստանի խորհրդարանի անդամ, ՈՒՄՎ քարտուղարութեան լիազօրուած դոկտոր Մաքսիմոս Խարակոպուլոսը հանդէս եկած է Արցախի մէջ քրիստոնէական յուշարձաններու պաշտպանութեան ուղղուած յայտարարութեամբ: Յայտարարութիւնը հնչեցուած է վեհաժողովի կազմակերպած հեռահար խորհրդաժողովին ժամանակ: 

Ստորեւ յայտարարութիւնը.

«Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովը բազմիցս յայտարարած է համաշխարհային քաղաքակրթութեան յուշարձանները պաշտպանելու անհրաժեշտութեան մասին` դէմ ըլլալով անոնց ոչնչացման, ինքնութեան աղաւաղման կամ նպատակի փոփոխութեան: Մարդկութիւնը զգալի առաջընթաց արձանագրած է համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցուցադրման մէջ: Անիկա կը ներառէ կրօնական յուշարձաններ, որոնք կամ կը շարունակուին, կամ դադրած են օգտագործուելէ իրենց նպատակներուն համար:

Ժամանակակից քաղաքակրթութիւնը կը հասկնայ եւ կը ճանչնայ յուշարձաններու հսկայական պատմական եւ հոգեւոր արժէքը, որոնց միջոցով տեղի կ՝ունենայ երկխօսութիւն պատմական անցեալի եւ մարդկային ոգիի վեհ մտայղացումներու միջեւ, որ նախադրեալ է մտքի յետագայ զարգացման եւ մեր ընդհանուր արժէքներու ամրապնդման համար: Բացի այդ, պատմութեան եւ պաշտամունքի իւրաքանչիւր յուշարձանի նկատմամբ պատշաճ յարգանքը կը նպաստէ կրօնական համայնքներու միջեւ փոխըմբռնման եւ յարգանքին եւ, ի վերջոյ՝ ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութեան:

Սակայն, ցաւօք, այսօր ալ կը շարունակեն տեղի ունենալ իրադարձութիւններ, որոնց իբրեւ արդիւնք այդ սկզբունքները կը խախտուին: Կան դէպքեր, երբ երկար պատմութիւն ունեցող ե՛ւ գեղագիտական, ե՛ւ գեղարուեստական արժէք ունեցող կրօնական յուշարձանները կամայականօրէն վերափոխուած են իրենց համար խորթ կրօնական միջոցառումներ իրականացնելու կամ զանոնք այլ նպատակով օգտագործելու վայրերու:

Այսպէս, վերջերս, Թուրքիոյ քաղաքական ղեկավարութեան որոշմամբ Սուրբ Սոֆիայի տաճարը վերածուեցաւ մզկիթի, հակառակ անոր, որ անիկա կառուցուած է 6-րդ դարուն եւ ընդգրկուած է համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան պաշտօնական ցուցակին մէջ՝ UNESCO-ի պաշտպանութեան ներքոյ:

Վերոգրեալի հիման վրայ` իբրեւ բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարաններու ներկայացուցիչներ անհրաժեշտ կը համարենք ամէն անգամ մեր կտրուկ  անհամաձայնութիւնը յայտնելու այս կարգի փորձի հետ եւ յորդորելու միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ կառավարութիւններուն կանխելու անոր օգտագործումը:

Այս կապակցութեամբ մենք կը ցանկանայինք յատուկ ուշադրութիւն հրաւիրել այն իրավիճակին, որ ստեղծուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արիւնալի պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք: 2020 Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած Եռակողմ յայտարարութեան իբրեւ արդիւնք Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցան հսկայական տարածքներ` հայ ժողովուրդի եւ անոր Առաքելական քրիստոնէական եկեղեցւոյ մշակութային գանձերով, որոնք համաշխարհային քաղաքակրթութեան համար ունին մեծ կրօնական, պատմական եւ գեղարուեստական արժէք:

Կը կարծենք, որ այդ յուշարձանները անյապաղ նկարագրման եւ պաշտպանութեան կարիք ունին միջազգային հանրութեան եւ իրաւասու միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ:

Մենք կոչ կ՝ընենք ՄԱԿ-ին եւ UNESCO-ին` նպաստելու ներկայիս Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող հայ ժողովուրդի մշակութային հարստութեան եւ յուշարձաններու պաշտպանութեան եւ կանխելու անոնց նպատակի փոփոխութիւնը կամ ոչնչացումը: Անտարբերութիւնը կրնայ անդառնալի վնաս հասցնել ամբողջ մարդկութեան պատկանող յուշարձաններուն»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.