Շուշիի «Նարեկացի» միութեան կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ ցեղասպանութեան նուիրուած յուշ-երեկոյ
1825
0
Ապրիլ 24-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին, Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութեան կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն նուիրուած «Ոգեկոչում» խորագրով յուշ-երեկոյ։
Այս մասին «Արցախպրես»ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է «Նարեկացի» Արուեստի միութեան ղեկավար Մարիամ Անդրէասեանը, տեղեկացնելով թէ մուտքը ազատ է բոլորին համար:
Երեկոյի ընթացքին պիտի ներկայացուի «Ցեղին սիրտը» բեմականացումը, որուն կը մասնակցին կեդրոնի «Ազգային երգ ու պար» եւ «Հեքիաթասաց» խմբակներու սաները։