Շուէտի Սոտէրթէլ քաղաքին մէջ հիմը դրուեցաւ ՀՕՄ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին

Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Կեդրոնական Վարչութիւնը ընդառաջելով Սոտէրթէլի, Շուէտի մէջ բնակութիւն հաստատած անձերու դիմումին, Հինգշաբթի 20 Սեպտեմբեր 2018-ին, Սոտէրթէլիոյ Սբ. Աստուածածին Եկեղեցւոյ սրահին մէջ հիմը դրաւ ՀՕՄ-ի «Աղթամար» Մեկուսի Մասնաճիւղին:

Հիմնադրութեան արարողութեան ներկայ էին ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Ընկերուհի Լիզա Աւագեան, ՀՅԴ Շուէտի Կոմիտէի անդամներ, եւ 15 նորագիր ընկերուհիներ որոնք ուխտեցին հաւատարիմ մնալ ՀՕՄի առաքելութեան: Լիզա Աւագեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ թէ ՀՕՄը ունի հսկայ աշխատանքի դաշտ եւ իր նպատակին ծառայելու համար կը գործէ ժողովրդային բոլոր խաւերուն հետ, ներկայութիւն է բոլոր հայ կռուաններուն մէջ, եւ կը հասնի բոլոր այն հայրենակիցներուն որոնք պէտք ունին օժանդակութեան: Ընկերուհին ներշնչեց թէ հպարտանք եւ թէ՛ պատասխանատուութեան զգացում՝ շեշտելով կարեւորութիւնը իրենց աշխատանքին որպէս «ՀՕՄի Սուրբ գործի» առաքելութեան ջատագովները: Արարողութենէն ետք, մասնաճիւղին յանձնուեցաւ ՀՕՄի ձեռագործուած դրօշը, որպէսզի հպարտութեամբ ծածանուի նորաստեղծ մասնաճիւղի աշխատանքներու ընթացքին: Հարկ է նշել թէ Շուէտէն ներս, արդէն իսկ ՀՕՄի Սթոքհոլմին մասնաճիւղը կը գործէ 1993 թուականէն ի վեր:

Յաջորդ օրը, Սեպտեմբեր 21-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախութեան 27-րդ Ամեակին եւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան յոբելանական առիթը տօնելու համար, ընկերուհիները կազմակերպած էին «Տիգրանակերտի Տոհմիկ Օր» խորագրով ձեռնարկ մը, ուր շուրջ 170 հայրենակիցներ միասնաբար տօնեցին իրենց հայրենիքի անկախութեան տօնը եւ իրենց գաղութի ՀՕՄի նոր մասնաճիւղի ծնունդը:

Ձեռնարկին ընթացքին յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին Վաղարշ քհնյ. Իսախանեան, եւ Ընկերուհի Լիզա Աւագեան: Ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուեցաւ Տիգրանակերտի հայութեան մօտ անցեալի բարքերը եւ սովորութիւնները: Ձեռնարկի ընթացքին, ՀՕՄի կեդրոնական Վարչութեան եւ յայտագիրը ճոխացնող արուեստագէտներուն ներկայացուեցաւ յատուկ յուշանուէրներ:

Սոյն առթիւ, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ ՀՕՄի Սոտէրթէլիոյ «Աղթամար» մասնաճիւղը, այն ակնկալութեամբ, որ ան իր բեղուն եւ ազգօգուտ գործունէութեամբ պիտի արդարացնէ «Ժողովուրդիս Հետ, Ժողովուրդիս Համար» նշանաբանը եւ իր ծառայութեամբ բարի օրինակ պիտի դառնայ իր շրջապատին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.