Շարունակեցէք պայքարը ի խնդիր մեր արդար իրաւունքներու վերատիրացման

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔ. ՉԱՐԵԱՆ
Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի

24 Ապրիլ 2017

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ ամեակն է: 102-րդ անգամն է որ մենք կը ժամադրուինք մեր նահատակներուն հետ: 102-րդ անգամն է որ մենք կը յիշեցնենք աշխարհին եւ արիւնարբու թշնամիին` թուրքին, որ մենք չենք մոռցած մեր նահատակները, չենք մոռցած անոնց կտակը` պահանջատէր ըլլալու եւ շարունակելու մեր պայքարը:

Այսօր հարկ կը զգամ մեր ժողովրդի անունով ողջունելու մեր նահատակներուն, ողջունելու բոլորին, չմոռնալով ոեւէ մէկուն:
կ՛ողջունեմ` իմ տկար ձայնս միացնելով իմ ժողովուրդի հզօր ձայնին, հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով:

Ողջո՜յն ձեզ նահատակ հոգեւորականներ։
Դուք մեր Ժողովուրդի ծոցէն ծնուած եւ ուռճացած անբաժանելի եւ բաղկացուցիչ տարրն էք մեր ժողովուրդին։

Դուք եղաք հովիւ, ուսուցիչ, քարոզիչ, տեսուչ, խմբագիր, հեղինակ, բանաստեղծ ու երգիչ: Դուք եղաք ժողովուրդի մը` հաւատքի, մտքի, խօսքի եւ ուժի սերմնացանները:

Դուք եղաք մեր ժողովուրդին արթուն եւ գիտակից պահակը։
Դժոխային վայրագութեան եւ ոճրագործութեան ահաւոր սպանդի մէջ, ենթարկուեցաք թուրքի բռունցքին, թուքին ու մուրին, պարզապէս որովհետեւ եկեղեցականի սքեմը հագած էիք եւ մանաւանդ ժողովուրդին յոյս ու հաւատք ներշնչելու, տոկունութիւն քարոզելու «յանցանք»-ը գործած էիք: Հայութեան ուղղուած առաջին հարուածը ձեզի բաժին հասաւ։ Արիւնարբու թշնամին իր սուրը ձեր սիրտին խրեց։ Սակայն դուք մնացիք պատնէշի վրայ, մնացիք հաստատ Ձեր հաւատքին, ազգային արժանապատուութեան մէջ:

Այսօր 102 տարիներ յետոյ, ձեր պատգամն կը հնչէ ուղղուած հոգեւորականներուն. «Մնացէք Ձեր կոչումին մէջ հաստատ, եղէք հաւատարիմ ծառան մեր ժողովուրդի, հաւատք ու յոյս ներշնչեցէք եւ ազգային արժանապատուութիւնը բարձր պահեցէք:

Ողջո՜յն ձեզ նահատակ մտաւորականներ
Դուք մեր ժողովուրդի միտքը արթուն պահող ջահակիրները եղաք:
Դուք ջահերը եղաք՝ լոյս տուող մեր ժողովուրդի խորանին:
Դուք սերունդներ դաստիարակող ուսուցիչները եղաք:
Դուք Մեսրոպ Մաշտոցի, Սահակ Պարթեւի, նարեկացիներու, շնորհալիներու հանճարեղ խօսքերը փոխանցողները եղաք:

Դուք եղաք ժայռացած պատուար բոլոր տեսակի փորձութիւններուն եւ փորձանքներուն դիմաց:

Դուք Հետամուտ եղաք բարիին, իմաստունին, արդարին, վսեմին ու քաջութեան:

Հայոց Լեզուի, մշակոյթի, գիր ու գրականութեան սրբազան կտակը, գանձը պահպանողները եղաք ու գալիք սերունդներուն փոխանցելու հրամայականը ձեր պարտքը համարեցիք:

Սակայն աւա՜ղ, կիսատ մնաց ձեր աշխատանքը, փակեցին Ձեր շրթները եւ ձեզ աքսորեցին, կախաղան բարձրացուցին ու գլխատեցին, անթաղ գերեզմաններու վերածեցին:

Այսօր մեր մտաւորականները, ուսուցիչներն ու դաստիարակները, գիր ու գրականութեան մշակները ձեր կոչը կը լսեն. «Չխուսափիք մեր աւանդէն, այդ աւանդը փոխանցեցէք եկող սերունդներուն, անտարբեր չըլլալու հայ գիրի, լեզուի ու մշակոյթի նկատմամբ: Մնացէք ռահվիրանները ու նուիրեալները՝ նոր սերունդներուն հրաւիրելու արթնութեան, իմաստութեան եւ հանճարեղ խօսքի իմացութեան:

Ողջո՜յն ձեզ նահատակ հայրեր ու մայրեր։
Դուք Աստուածածնի օրհնութեամբ միացած անբաժանելի ուժ մը կը կազմէք: Հայրը հիմքն է ու մայրը սիւնն է ընտանիքին: Դուք իրարմով կ՛ամբողջանաք:

Դուք եղաք ծնողներ պատմութեան, ծնաք սիրասուն զաւակներ ու պարգեւեցիք մեր թորգոմեան ազգին:

Սիրելի Հայրեր, դուք եղաք հերոսներ ձեր զաւակներուն համար, եղաք անպարտելի զօրութեան խորհրդանիշ: Դուք եղաք յոյսի, զգօննութեան, քաջութեան ու վստահութեան ներշնչարան ձեր զաւակներուն համար:

Դուք սիրելի մայրեր, եղաք խորհրդանիշը համբերութեան, սիրոյ, քնքշութեան, նուիրումի ու զոհողութեան։ Դուք եղաք դաստիարակներ քրիստոնէական արժէքներու եւ առաքինութիւններու։ Դուք եղաք պաշտելի մայրեր, Տէրր Զօրի անապատներու աւազներուն վրայ Այբ, Բեն, Գիմ սորվեցուցիք ձեր զաւակներուն՝ դառնալով եկեղեցի ու դպրոց։ Տարագրութեան ճանապարհին չկորսնցուցիք ձեր հաւատքը, կամքն ու սէրը ու կիսամեռ վիճակի մէջ պաշտպանեցիք ձեր զաւակներուն գիշատիչ գազաններէն։ Դուք տեսաք զրկանք ու ցաւ, տառապանք, բայց չկորսնցուցիք ձեր ազնուութիւնն ու բարութիւնը ու մնացիք առաքինի մայրեր։

Նահատա՛կ հայ մայրեր ու հայրեր, դուք այսօր եւս կը խօսիք մեր հայրերուն ու մայրերուն, որոնք կը լսեն ձեր ձայնը. «Հաւատարիմ մնացէք մեր բացած ճանապարհին, չդառնաք գերին հաճոյապաշտ կեանքի, այլ պահեցէք սրբութիւնը ընտանիքի, մնաք պահապանները հայկական սրբութեանց ու աւանդութեանց»։

Ողջո՜յն ձեզ նահատակ պապիկներ եւ մամիկներ։
Դուք վաստակաշատ եւ երախտարարժան ծնողները ազգիս, դուք նաեւ անմասն չմնացիք ու ապրեցաք հայ ժողովուրդի ճակատագրին դառն ու լեղի օրերը, տարիներու ծանր բեռան տակ կքած դարձաք նահատակ հեռու ձեր զաւակներէն ու թոռներէն։

Այսօրուան պապիկներն ու մամիկները կը լսեն ձեր պատգամը՝ «օրհնութիւն, մեր օրհնութիւնը բաշխեցէք ձեր զաւակներուն ու թոռներուն, որ մնան ուխտապահ եւ ամրօրէն կառչած մեր ազգային կտակին ու արդար իրաւունքներուն»։

Ողջո՜յն ձեզ նահատակ մանուկնե՛ր ու պատանինե՛ր։
Դուք խորհրդանիշը եղաք անմեղութեան, մաքրութեան ու սրբութեան։ Ձեր աչքերը բացիք հայ ընտանիքի մէջ ու դաստիարակուեցաք քրիստոնէական արժէքներով ու ազգային վեհ գաղափարներով։

Դուք պիտի դառնայիք հայ ազգը ապագային տանող ու առաջնորդող յոյսն ու ապաւէնը, սակայն արիւնարբու թշնամին՝ թուրքը, չխղճաց նաեւ ձեզ, ձեր մայրերու ծոցէն խլեց ձեզ, խոցոտեց ու դարձուց օտարին սեփականութիւնը, դարձնելով որբ ու անտուն։ Շատ-շատերդ մնացիք առանց հարազատ մօր կաթին ու սնունդին, անօթի ու ծարաւ ձեր մայրերու գիրկէն հրաժեշտ տուիք այս աշխարհին՝ բողբոջ ու ծաղիկ հասակին։ Այժմ, կը խնդրեմ, խօսեցէ՛ք մեր նոր մանուկներուն ու պատանիներուն՝ դաստիարակուելու հարազատ ծնողներու շունչով եւ հեռու մնալու քանդիչ ու վնասաբեր միջավայրերէն։ Խօսեցէք, որ անոնք հայ դպրոցը իրենց երկրորդ տունը համարեն՝ այնտեղ սնուելու, աճելու եւ մեծնալու՝ արժանի ժառանգորդը դառնալու Սահակ-մեսրոպներու եւ նոր վարդաններու։

Ողջո՜յն ձեզ նահատակ երիտասարդներ եւ զինուորներ։
Դուք ստեղծագործ ուժն էիք մեր ազգի, մեր ժողովուրդի գոյութիւնը ու շարունակականութիւնը ապահովող գրաւականն էիք։ Աւաղ թուրքի եաթաղանին տակ ինկաք, ձեր երազնե՜րն ու իղձե՜րը դեռ չիրագործած։ Դեռ «արեան կանչեր ունէիք ձեր սրտին մէջ, անկատար տենչե՜ր»… Դուք հայրենի հողին պաշտպան հայ ազգին, պատուին ու արժանապատուութեան հսկիչնե՛ր…Սակայն ականջ տալով ժողովուրդի ձայնին, դուք եւս ըսիք. «Ամենայն տեղ մահը մի է, մարդ մի անգամ պիտþ մեռնի, բայց երանի՜ որ իւր ազգի ազատութեան կը զոհւի»։ Ու զոհուեցաք, «Ինկաք բայց չկորաք»։

Այսօր ձեր ձայնին կարօտ է մեր երիտասարդութիւնը, կը լսէ ձեր պատգամը, որ կը հնչէ հարիւրամեակէ մը ի վեր. «Արթուն, իմաստուն եւ քաջարի եղէք, երազ ու տեսիլք ունեցէք։ Դժուարութիւններէն չընկճուիք, այլ նեղութեանց դէմ պայքարեցէք, հայրենիքի հզօրացման գործին նպաստեցէք, Հայ դատի ու մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն պահանջատէրը եղէ՛ք։ Քաջարի հայ զինուորներ, եղէք միակամ պաշտպանը հայ հողին։ Քալեցէ՛ք յաղթական, քալեցէ՛ք անսասան եւ անպայման ետ բերէք Արարատը։

Այս է ճանապարհը հայութեան… յաւերժութեան։
Փա՜ռք ձեզ սիրելի նահատակներ։

Կամք ու կորով ձեզ վերյառնած զաւակներ ազգիս հայոց, շարունակեցէք պայքարը ի խնդիր մեր արդար իրաւունքներու վերատիրացման, պայքարը՝ ի խնդիր մեր ազգի արժանապատուութեան, պայքարը՝ ի խնդիր նոյն եւ մէկ ու ամբողջական հայութեան ու հայրենիքին։

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔ. ՉԱՐԵԱՆ
Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի

24 Ապրիլ 2017

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.