Շաբթուան ամփոփումը (27 օգոստոս 2026)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։

Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։


ԳԱՆԱՏԱ եւ ՍՓԻՒՌՔ

– Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակութեան բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 20 օգոստոս 2026-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Նայիրի Մկրտիչեանի հեղինակած եւ Ազգային Առաջնորդարանին հրատարակած «Բարեւ… Ես գիրքն եմ» դասագիրքին շնորհանդէսը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի։ Հայաստանէն ժամանած հեղինակը ներկայացուց գիրքին ստեղծման շարժառիթը, բովանդակութիւնն ու ուսուցողական առանձնայատկութիւնները՝ ընդգծելով, որ ան հայ մանուկներուն ու պատանիներուն մատչելի եւ հետաքրքրական ձեւով կը փոխանցէ հայոց պատմութեան, մշակոյթին եւ ազգային ինքնութեան վերաբերող հիմնական գիտելիքներ, զանոնք ամրապնդելով նաեւ խաղերու եւ գործնական աշխատանքներու միջոցով։ Իր պատգամին մէջ Բաբգէն Արք. Չարեան բարձր գնահատեց Մկրտիչեանի երկարամեայ գործակցութիւնը Առաջնորդարանին հետ, յատկապէս արեւմտահայերէն մանկական «Շողան» տեսերիզներու պատրաստութեան եւ նոր դասագիրքի հրատարակութեան աշխատանքներուն մէջ։ «Բարեւ… Ես գիրքն եմ» դասագիրքին շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Թորոնթոյի մէջ, օգոստոս 27-ին։

– Շաբաթ, 22 օգոստոս 2026-ին, Քինկսթընի մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Գանատայի 47-րդ Շրջանային ժողովը, մասնակցութեամբ Մոնթրէալի «Սանահին», Թորոնթոյի «Գլաձոր», Գեմպրիճի «Տաթեւ» եւ առցանց՝ Վանգուվըրի «Վարագ» մասնաճիւղերու շուրջ 30 պատգամաւորներու եւ հիւրերու։ Ժողովը բարձր գնահատեց շրջանաւարտ կազմին գործունէութիւնը եւ 2026-2028 տարեշրջանին համար ընտրեց նոր եօթանդամ Շրջանային վարչութիւն։

– Լոյս տեսած է «Հորիզոն» Մետիայի աւագ խմբագիր Վրէժ-Արմէն Արթինեանի 21-րդ հատորը՝ «Ոստայն 21 – Ձայնն այլոց», որ 230 էջերու մէջ կը համախմբէ 55 թարգմանական գրութիւններ՝ գրական եւ իմացական բնոյթի։ Հատորին մէջ տեղ գտած են Վրէժ-Արմէնի աւելի քան վեց տասնամեակներու վրայ տարածուող թարգմանական աշխատանքներ՝ Վացլաւ Հաւելի, Ալեքսանտր Սոլժենիցինի, Չարլզ Թէյլըրի, Ժան Տանիէլի, Փոլ Էլիւարի եւ այլ հեղինակներու գործերէն։ Հատորը ձօնուած է Արմենակ Եղիայեանի յիշատակին։ Հատորին առցանց տարբերակը հասանելի է «Հայերէն blog» կայքէջի «Գիրքեր» բաժինին մէջ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ եւ ԱՐՑԱԽ

– Հայաստանի երկրորդ նախագահ եւ «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեանն ու անոր որդին՝ Սեդրակ Քոչարեանը, օգոստոս 25-ին ձերբակալուած են, իսկ Հակակոռուպցիոն կոմիտէն դատարանին ներկայացուցած է զանոնք կալանաւորելու միջնորդութիւն։ Ռոպերթ Քոչարեանին առաջադրուած են պաշտօնական լիազօրութիւններու չարաշահման, առանձնապէս մեծաքանակ կաշառք ստանալու եւ դրամի լուացման մեղադրանքներ։ Ձերբակալութիւնը տեղի ունեցած է Ազգային ժողովին մէջ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Լեւոն Քոչարեանի սուր բանավէճէն ընդամէնը մէկ օր ետք, երբ Փաշինեան հրապարակաւ անդրադարձած էր Քոչարեան ընտանիքի ունեցուածքին։ «Հայաստան» դաշինքը գործողութիւնները որակած է քաղաքական հետապնդում, իսկ խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան յայտարարած է, որ իշխանութիւնը կը փորձէ յառաջիկայ քաղաքական զիջումներէն առաջ չէզոքացնել ազդեցիկ ընդդիմադիր դերակատարները։ Քոչարեանի ձերբակալութեամբ ընդդիմադիր երեք առաջնորդներ՝ Գագիկ Ծառուկեան, Սամուէլ Կարապետեան եւ Ռոպերթ Քոչարեան, այժմ բանտարկուած կամ տնային կալանքի տակ կը գտնուին։

– International Observatory for Democracy in Armenia (IODA)-ը ահազանգած է Հայաստանի մէջ խորացող ժողովրդավարական նահանջին մասին, մատնանշելով ընդդիմադիր գործիչներու քաղաքական հետապնդումները, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ ճնշումները եւ գործադիր իշխանութեան միջամտութիւնը իրաւապահ ու դատական համակարգերուն։ IODA-ի գործադիր խորհուրդի անդամներ Քենէթ Ռոթ, Ֆիլիփ Քալֆայեան եւ Խոսէ Արանաս յայտարարած են, որ վերջին զարգացումները կը վկայեն աւելի լայն բռնատիրական միտումի մասին։ Անոնք նաեւ քննադատած են Եւրոպական Միութիւնը՝ Հայաստանի արեւմտամէտ ուղղութեան պատճառով ժողովրդավարական խախտումները անտեսելուն համար, եւ կոչ ուղղած են Երեւանի հետ յարաբերութիւններու խորացումը պայմանաւորելու ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ դատական անկախութեան յարգումով։

– Օգոստոս 18-ին ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպան Էնտրու Թըրնըրը՝ անոր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով։ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց դեսպանին ներդրումը Հայաստան–Գանատա յարաբերութիւններու զարգացման մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի իշխանութիւններուն ու ժողովուրդին՝ Հայաստանին ցուցաբերուած աջակցութեան համար։ Ան նաեւ ընդգծեց գանատահայ համայնքի կարեւոր դերակատարութիւնը երկկողմ կապերու ամրապնդման գործին մէջ։ Իր կարգին, դեսպան Թըրնըր շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ աջակցութեան համար՝ նշելով, որ Հայաստանէն կը հեռանայ ջերմ յուշերով։ Թըրնըր Գանատայի առաջին մշտական դեսպանն էր Հայաստանի մէջ, 2023-ին Երեւանի մէջ դեսպանութեան բացումէն ետք։

– Օգոստոս 23-ին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի կառոյցի հերթական Շրջանային ժողովը՝ մասնակցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի, Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի եւ Արցախի շրջանային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն։ Ժողովը ամփոփեց եւ արժեւորեց շրջանաւարտ Կեդրոնական Կոմիտէի երկամեայ գործունէութիւնը, ճշդեց յառաջիկայ շրջանի առաջնահերթութիւնները եւ ընտրեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի եօթանդամ նոր կազմը։

– Նիկոլ Փաշինեան օգոստոս 24-ին Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց, որ Հայաստան շուտով պիտի սկսի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան պաշտօնական դիմում ներկայացնելու գործընթացը՝ նշելով, որ հետագային կարելի պիտի ըլլայ հանրաքուէ կազմակերպել։ Ան նաեւ յայտնեց, որ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը պիտի հրապարակուի առաջիկայ ամիսներուն եւ պէտք չէ յղում պարունակէ 1990-ի Անկախութեան հռչակագիրին։ Ան միաժամանակ վերահաստատեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը այլեւս Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւն պիտի չըլլայ։