Շաբթուան ամփոփումը (22 ապրիլ 2026)
- (0)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։
Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։
ԳԱՆԱՏԱ եւ ՍՓԻՒՌՔ
– ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն յայտարարութեամբ մը կոչ ուղղեց գանատահայութեան՝ յառաջիկայ օրերուն միասնաբար ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ վերանորոգելու արդարութեան պահանջին ուղղուած հաւաքական յանձնառութիւնը։ Յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ յիշողութիւնը միայն անցեալին չի վերաբերիր, այլ նաեւ կը կապուի ներկայ մարտահրաւէրներուն, մասնաւորաբար Արցախի հայութեան բռնի տեղահանութեան, որ կը վկայէ շարունակուող անարդարութիւններու մասին։ Կեդրոնական Կոմիտէն շեշտեց, որ լռութիւնը կը խրախուսէ նման յանցագործութիւններու կրկնութիւնը եւ կոչ ուղղեց համայնքին՝ աւելի միասնականօրէն բարձրաձայնելու ազգային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, մասնակցելով ոգեկոչման տեղական ձեռնարկներուն եւ վերահաստատելով պայքարը, շեշտելով մանաւանդ որ «արդարութիւնը կը պահանջուի, ոչ թէ կը սպասուի»։
– Ապրիլ 16, 2026-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի հովանաւորութեամբ եւ Ազգային Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանի խմբագրած «Սփիւռք Ինքնութիւն / Այլութիւն» Բ. հատորի շնորհանդէսը։ Երեկոյին ընթացքին գիրքը ներկայացուց «Հորիզոն» Մետիայի Օգնական Խմբագիր Սոնա Թիթիզեան՝ անդրադառնալով անոր բովանդակութեան եւ սփիւռքեան ինքնութեան մարտահրաւէրներուն, որուն յաջորդեց քննարկում գիրքին խմբագիրին հետ եւ գեղարուեստական ընթերցումներ։ Իր խօսքին մէջ Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն, իսկ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց նման աշխատասիրութիւններու կարեւորութիւնը՝ սփիւռքի ներկայ խնդիրները հասկնալու եւ ազգային-եկեղեցական կեանքը ամրապնդելու տեսանկիւնէն։
– Ապրիլ 24-ի՝ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին եւ Հայ Օգնութեան Միութեան «Սօսէ» մասնաճիւղը, համատեղ նախաձեռնութեամբ մը, պիտի կազմակերպեն մարդասիրական ճաշի բաժանում՝ Մոնթրէալի «Old Brewery Mission»-ի անօթեւան բնակիչներուն։ Սոյն նախաձեռնութիւնը կը միտի յիշողութիւնը վերածել գործնական մարդասիրութեան՝ կապելով անցեալի ողբերգութիւնը ներկայ ընկերային կարիքներուն հետ եւ արտայայտելով երախտագիտութիւն Քեպէգի հասարակութեան նկատմամբ։ Նախաձեռնութիւնը տեղի պիտի ունենայ ապրիլ 24-ի կէսօրին՝ կամաւորներու եւ համայնքային ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ՝ խթանելով համերաշխութեան եւ կարեկցանքի ոգին։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ եւ ԱՐՑԱԽ
– Պելճիքայի եւ Հոլանտայի խորհրդարանները առանձին բանաձեւեր որդեգրեցին՝ կոչ ընելով Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման եւ Արցախի բռնի տեղահանուած հայերու անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձի պայմաններու ապահովման։ Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու պալատը միաձայն ընդունած բանաձեւով շեշտեց, որ վերադարձը կարելի է անվտանգութեան միջազգային վստահելի երաշխիքներով միայն եւ էական գործընթացով, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց Ատրպէյճանին՝ դուրս բերելու իր զօրքերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն՝ վերադառնալով 2021 թուականի մայիս 12-ի դիրքերուն։ Բանաձեւերը նաեւ անդրադարձան Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու հարցին, ներառեալ Արցախի նախկին ղեկավարութիւնը, զայն բնութագրելով մարդասիրական լուրջ խնդիր։ Այս քայլերը կտրուկ արձագանգի արժանացան Ատրպէյճանի կողմէ, որ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչեց Պելճիքայի եւ Հոլանտայի իր դեսպանները, բանաձեւերը դատապարտելով որպէս «միջամտութիւն» եւ մերժելով ներկայացուած մեղադրանքները։
– Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ եւ նախագահի պաշտօնակատար Աշոտ Դանիէլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, Ազգային ժողովի նախագահի խորհրդական եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան, ինչպէս նաեւ Արցախի թեմական խորհուրդի նախագահ Լեռնիկ Յովհաննիսեան, ապրիլ 13 եւ 14-ին Ֆրանսայի եւ Պրիւքսէլի մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ՝ տեղական եւ եւրոպական պատասխանատուներու հետ։ Ալֆորվիլի քաղաքապետ Լուք Գարվունասի եւ պատգամաւոր Իզապէլ Սանդիակոյի հետ հանդիպման ընթացքին վերահաստատուեցաւ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ աջակցութիւնը, իսկ Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ քննարկուեցան գերիներու ազատ արձակման, արցախցիներու ընկերա-տնտեսական պայմաններու եւ վերադարձի իրաւունքի հարցերը։ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին Եւրոպական խորհրդարանի անդամներու հետ, շեշտուեցաւ միջազգային աւելի գործուն ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւնը՝ Արցախի հարցը օրակարգի վրայ պահելու համար։
– Արցախի Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Զարգացման Գործակալութիւնը յայտարարեց, որ ատրպէյճանական իշխանութիւնները քանդած են Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածամօր եկեղեցին։ Գործակալութիւնը շեշտեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակի նախօրեակին արձանագրուած այս արարքը կը միտի ոչ միայն ֆիզիքապէս ոչնչացնել կրօնական կոթողները, այլեւ ջնջել հայոց մշակութային յիշողութիւնը եւ հոգեւոր ինքնութիւնը՝ Արցախէն։ Յայտարարութեան մէջ քննադատուեցաւ Հայաստանի իշխանութիւններուն գրեթէ ամբողջական լռութիւնը՝ նշելով, որ նման պայմաններու մէջ լռութիւնը կը դառնայ համակերպում, եւ կոչ ուղղուեցաւ միջազգային հարթակներու վրայ հարցը բարձրացնելու։ Նաեւ ընդգծուեցաւ, որ նման ոչնչացումները ուղղակիօրէն կապուած են արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի խաթարման հետ, քանի որ մշակութային ժառանգութեան վերացումը կը նպատակադրէ թուլցնել այդ իրաւունքի հիմքերը։
– Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու որոշումով, Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի մէջ քաղաքացիական նոր առաքելութիւն մը պիտի հաստատէ։ Ըստ տարածուած տեղեկութիւններուն, «Եւրոպական Միութեան Գործընկերութեան Առաքելութիւն» անունը կրող նախաձեռնութիւնը կը միտի զօրացնել Հայաստանի դիմակայութիւնը «խառնածին (հիբրիտային) սպառնալիքներու» դէմ՝ տրամադրելով ռազմավարական եւ մասնագիտական աջակցութիւն պետական մարմիններուն՝ տեղեկատուական ներգործութիւններու դիմագրաւման, առցանց անվտանգութեան եւ ֆինանսական ապօրինի հոսքերու կանխարգիլման ոլորտներուն մէջ։ Առաքելութիւնը նաեւ պիտի գնահատէ անվտանգութեան համակարգը եւ առաջարկէ բարեփոխումներ՝ Եւրոպական Միութեան չափանիշներուն համապատասխան, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով յունիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ ներքին կայունութեան վերաբերող այլ գործընթացներուն։ Թէեւ առաքելութիւնը ներկայացուած է որպէս խորհրդատուական, անոր ծաւալն ու ժամանակի ընտրութիւնը կասկածելի հարցադրումներ կը յառաջացնեն արտաքին միջամտութեան ներգործութեան վերաբերեալ։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
– Իրանի, Իսրայէլի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ շարունակուող հակամարտութիւնը կը մնայ լարուած, հակառակ Ուաշինկթընի կողմէ յայտարարուած փխրուն հրադադարին։ Թէեւ դիւանագիտական ջանքեր կը շարունակուին, բանակցութիւնները փաստացի փակուղի մտած են, իսկ Իրանը, հակազդելով ամերիկեան նաւատորմային ներկայութեան եւ պատժամիջոցներուն, քայլերու դիմած է՝ ներառեալ նաւերու առգրաւում Հորմուզի նեղուցին մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, Իսրայէլ-Իրան առճակատումը կը շարունակուի անուղղակի ձեւով՝ շրջանին մէջ պահելով ռազմական լարուածութիւնը։ Լիբանանի մէջ իրավիճակը կը մնայ յատկապէս պայթուցիկ․ Իսրայէլի եւ Հըզպոլլահի միջեւ ամերիկեան միջնորդութեամբ հաստատուած ժամանակաւոր հրադադարը կը պահպանուի մասամբ միայն, պարբերաբար խախտումներով եւ փոխադարձ հարուածներով, մինչ Ուաշինկթընի մէջ կը շարունակուին ջանքերը զայն երկարաձգելու ուղղութեամբ։ Մինչ այդ, երկրին մէջ ներքաղաքական բաժանումները եւ համայնքային լարուածութիւնները կը խորանան՝ յառաջացնելով մտավախութիւններ, թէ Լիբանանը կրնայ կրկին սահիլ ներքին բախումներու ուղիով։