Շաբթուան ամփոփումը (21 մայիս 2026)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։

Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։


Գանատա Եւ Սփիւռք

– Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, 18 մայիս 2026-ին, Վատիկանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ Վատիկանի պետական քարտուղար Քարտինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան համաքրիստոնէական, տարածաշրջանային եւ ազգային շարք մը հարցեր։ Արամ Ա. շեշտեց Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքը՝ միջազգային երաշխաւորութեամբ, հայկական պատմամշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու եւ Արցախի ղեկավարներու շուտափոյթ ազատ արձակման հրամայականը՝ հայցելով Սուրբ Աթոռին աջակցութիւնը։ Քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանանի իրավիճակը, ուր Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց երկրի գերիշխանութեան ամրապնդման, Իսրայէլի ուժերու հարաւային Լիբանանէն հեռացման եւ ազգային միասնականութեան կարեւորութիւնը։ Հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջ-եկեղեցական համագործակցութեան, Զատկուան միացեալ թուականի ճշդման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցերուն, իսկ Վատիկանի ներկայացուցիչները վերահաստատեցին իրենց զօրակցութիւնն ու ներկայացուցին այս ուղղութիւններով տարուող աշխատանքները։


– Շաբաթ, 16 մայիս 2026-ին, Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի «Անի» պարարուեստի ուսումնարանի կոկոնէն 10-րդ դասարաններու պարախումբերը «Ապագան պայծառ է» երեք յաջող ելոյթներով հանդէս եկան, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Վերոնիկա Ջամալեանի։ Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներուն մասնակցեցան շուրջ 230 երեխայ, պատանի եւ երիտասարդ պարողներ, որոնք ներկայացուցին հայկական ժողովրդական եւ ազգագրական բազմաթիւ պարեր։ Ձեռնարկին ընթացքին շեշտուեցաւ Համազգայինի մշակութային առաքելութիւնը եւ նոր սերունդը հայկական պարարուեստին ու ինքնութեան կապելու կարեւորութիւնը։


– Շաբաթ, 9 մայիս 2026-ին, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Ալեք Մանուկեան» կեդրոնի «Ժիրայր եւ Էլիզ Տէրվիշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատմաբան, հասարակական գործիչ եւ Սպանիոյ Արարատ Հայկական Միութեան նախագահ Արարատ Ղուկասեանի «Փնտռտուքների ճանապարհին», «Ժամանակի հետքերով» եւ «Երեք յետգրութիւն» բանաստեղծական հատորներուն շնորհանդէսը։ Գեղարուեստական յայտագրով համեմուած ձեռնարկին ընթացքին հեղինակին ստեղծագործութիւնները ներկայացուեցան ասմունքներով, երաժշտական կատարումներով եւ տեսերիզներով, իսկ Ղուկասեան անդրադարձաւ իր բանաստեղծութիւններուն հիմնական թեմաներուն՝ հայրենասիրութեան, ժամանակի զգացողութեան եւ մարդկային ապրումներու շուրջ։ Ան նաեւ ներկայացուց Սպանիոյ հայ համայնքի կազմաւորման պատմութիւնը, այնտեղ հայապահպանման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ տարիներու իր գործունէութիւնը։

– Գանատա-Եւրասիա առեւտրատնտեսական պալատի նախագահ Վարդգէս Աւագեան «Հորիզոն»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած է, թէ 2025-ին հիմնադրուած պալատը կը հետապնդէ Հայաստանի եւ Գանատայի միջեւ տնտեսական, կրթական, առողջապահական, արհեստագիտական եւ մշակութային համագործակցութեան ընդլայնումը։ Ան նշած է, որ կառոյցը արդէն ունի 40-է աւելի անդամներ՝ ներառեալ հայկական եւ գանատական մեծ ընկերութիւններ, կրթական եւ բժշկական հաստատութիւններ։ Աւագեան ընդգծած է, թէ պալատին ջանքերով հայկական շարք մը ընկերութիւններ մասնակցած են Գանատայի մէջ կազմակերպուած միջազգային տնտեսական համաժողովներու, իսկ գանատական արտադրանքներու Հայկական շուկայ ներմուծման աշխատանքը զարգացող ընթացքի մէջ է։ Ան նաեւ շեշտած է, որ թէեւ գանատացի ներդրողները տակաւին զգոյշ են՝ նկատի ունենալով տարածաշրջանային տագնապները, բայց եւ այնպէս ծաւալող հետաքրքրութիւն գոյութիւն ունի Հայաստանի շուկային նկատմամբ, եւ պալատը կը ձգտի երկու երկիրներուն միջեւ գործարարական ու ներդրումային կապերու ամրապնդման։


Հայաստան եւ Արցախ

– Հայաստանի մէջ 13-րդ օրը թեւակոխած խորհրդարանական ընտրարշաւը քաղաքական լարուածութեան նոր սրում արձանագրեց, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի քարոզարշաւը Երեւանի Արաբկիր շրջանին մէջ վերածուեցաւ բուռն միջադէպի։ Փաշինեանի մօտեցած քաղաքացի կին մը զինք մեղադրեց հայրենիքը գողնալու, ամբողջ սերունդ մը կործանելու եւ ժողովուրդը նուաստացնելու մէջ։ Վիճաբանութեան ընթացքին Փաշինեան կորսնցուց ինքնատիրապետումը եւ ծայրայեղ յարձակողական արտայայտութիւններով սպառնաց իր քաղաքական հակառակորդներուն՝ մասնաւորաբար նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին, գործարար Սամուէլ Կարապետեանին, Սերժ Սարգսեանին եւ Գագիկ Ծառուկեանին։ Փաշինեան, դիմելով Քոչարեանին, սպառնաց սպաննութեամբ, մինչ հայհոյախառն արտայայտութիւններով բղաւեց արցախցի կնոջ հանդէպ։ Միջադէպը տեղի ունեցաւ այն պայմաններուն մէջ, երբ ընտրարշաւը արդէն կը բնորոշուի ծաւալող բեւեռացումով, ընդդիմադիրներու նկատմամբ սպառնալիքներով եւ քաղաքացիներու ձերբակալութիւններով։


– «Հայաստան» դաշինքը մայիս 18-ին հրապարակած յայտարարութեամբ ահազանգած է, թէ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ Հայաստանի ներքաղաքական մթնոլորտը դուրս եկած է բնական ժողովրդավարական մրցակցութեան սահմաններէն եւ հասած՝ «անընդունելի լարուածութեան»։ Դաշինքը իշխանութիւնները մեղադրած է քաղաքական ընդդիմախօսները լռեցնելու, խօսքի ազատութիւնը սահմանափակելու, քաղաքացիները ահաբեկելու եւ վարչական լծակներու չարաշահումով իշխանութիւնը վերարտադրելու փորձերու մէջ։ Յայտարարութեան մէջ մատնանշուած են քաղաքական դրդապատճառներով հետապնդումները, դատական համակարգին կախուածութիւնը գործադիր իշխանութենէն, ինչպէս նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ուժային կառոյցներուն ուղղուած հրապարակային սպառնալիքներն ու պատժիչ ցուցումները։ Դաշինքը նաեւ խստօրէն դատապարտած է Փաշինեանի վերջին ուղիղ եթերներուն ընթացքին հնչեցուցած սպառնալիքներն ու վիրաւորական արտայայտութիւնները՝ ընդդիմադիր գործիչներու եւ քաղաքացիներու հասցէին։ «Հայաստան» դաշինքը միջազգային կազմակերպութիւններուն, դեսպանատուներուն եւ դիտորդական առաքելութիւններուն կոչ ուղղած է արձագանգելու իշխանութիւններու «հակասահմանադրական ընթացքին» եւ յստակ գնահատական տալու նախընտրական իրավիճակին։