Յետյեղափոխութեան Երկրորդ Հանգրուանի Ազդանշաններով…

ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

Ա)Նախաբան

Հայկական թաւշեայ յեղափոխութիւնը՝ իր ժողովրդական­քաղաքացիական մաքրամաքուր առաջադրանքներով եւ ազգային վառ երազանքներով, լիարժէք արդիւնաւորման ու յաղթանակի համար, քաղաքակիրթ հիմնարկաւորման ուղի մը կ’ենթադրէ։

Հիմնարկաւորման այս ուղին՝ ժողովրդական ակնկալիքներու եւ ազգային­պետական շահերու ներդաշնակ հաշուառման ունակութեան մը նաեւ կը կարօտի։

Ուղի մը, որ երկիրի ժողովրդավարութեան, սահմանադրականութեան եւ ազգային­պետական անվտանգութեան կամրջման զգայուն մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէ։

Վերոնշեալ եռեակի կամրջման առաջին շրջափուլը աւարտեցինք կոշտ առճակատման բացառումով եւ սահմանադրութեան շրջագիծով կատարուած իշխանափոխութեամբ, ինչպէս նաեւ աշխարհաքաղաքական հայկական այն դիրքաւորումի պահպանմամբ, որ արցախեան հիմնահարցի հայկական կողմի կարմիր սահմանագծումները անխախտ կը պահէ։ Այս բոլորին միաժամանակեայ իրագործումն էր, որ միջազգային առումով հայկական թաւշեայ յեղափոխութեան եզակիութիւնը բնորոշեց։ Սակայն, կամրջման այս գործընթացը չխորացուցած եւ չամրապնդած, նոր սկիզբի առաքելութիւնը կրնայ վիժիլ եւ իր ուղին կորսնցնել։ Թաւշեայ յեղափոխութեան առաջադրանքներն ու փայփայած երազանքը անհրաժեշտ նախադրեալները պարզած են ուժերու համախմբման եւ պետականաշինութեան համազգային զօրաշարժ մը յարաճուն պահելու։

Գործնապէս՝ նոր սկիզբի հիմնարկաւորման կոչուած ազգային համաձայնական կառավարութիւնը պէտք չէ վերածուի սոսկական անցումային կառավարութեան մը։ Նոր սկիզբի հիմնարկէքը ազգային համաձայնութեան ենթահողի վրայ կատարելը՝ այլընտրանք չունի, եթէ բոլորը կառչած են թաւշեայ յեղափոխութեան լիարժէք արդիւնաւորման եւ կուտակուած յոյսն ու ուժը չվատնելու։ Յեղափոխութիւնը հրապարակներէն պետականաշինութեան գործին ներդնելու եւ պետական մտածողութեան ու անոր հիմնարկներուն աւիշին վերածելու մարտահրաւէրը տակաւին չէ շրջանցած։

Այդ մարտահրաւէրի յաղթահարման նախապայմանը կը մնայ՝ ազգային համաձայնութեան ենթահողի վրայ՝ ժողովրդավարութեան արմատաւորման, երկրի սահմանադրութեան վաւերականութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ ազգային­պետական անվտանգութեան դրոյթներու պահպանումի փոխլրացման եւ շաղկապման հոլովոյթը։

Ազգային համաձայնական կառավարութեան եռամսեակի եզրափակումը՝ առիթ մըն է այս հարթութեանց վրայ արծարծելու յառաջիկայ հանգրուանի հետ առնչուող առաջադրանքներ, ձգտումներ եւ ակնկալութիւններ, ինչպէս նաեւ իրադրութեանց համապատասխան հարցադրումներ, վերապահումներ ու մտահոգութիւններ փոխանցելու։ Այս բոլորին առարկայական հաշուեկշիռը կատարելու հարկադրանքին առջեւ են բոլորը։ Սոյն յօդուածը, վերոնշեալ հաշուեկշիռի ներկայացման փորձ մըն է։

Բ) Տարբեր զգեստաւորումով՝ քաղաքական մենաշնորհի նոր ուրուականը

Անկախ քաղաքագիտական տեսութիւններէ, հայրենի ներքաղաքական կեանքի փորձառութիւնները փաստարկեցին,որ քաղաքական դաշտի մենաշնորհը մեքենական կերպով կ’առաջնորդէ տնտեսական մենաշնորհի կազմաւորման՝ընկերային բեւեռացման ծանր հետեւանքներով: Քաղաքական մենաշնորհներու փոփոխութիւնը պարզապէս գունափոխեց տնտեսական մենաշնորհները եւ զանոնք սերտաճած պահեց քաղաքական համակարգին:

Ահաւասիկ, անիւը նոյն ուղղութեամբ դառնալու թակարդին մէջ կ’իյնայ…

Յետյեղափոխութեան համաձայնական կառավարութեան հարիւր օրուան ամփոփումի թեմայով՝ հանրահաւաքի կազմակերպման եւ ներկայացման ձեւաչափը խորթ ու վանողական պահուածք մը կը դրսեւորէր համաձայնական կառավարութեան մասնակից ուժերու նկատմամբ: Վարչապետի կուսակցութեան՝Քաղաքացիական Պայմանագիրի առաջնորդութեամբ, խնամքով անտեսուած էին կառավարութեան մասնակից բոլոր միւս ուժերը (Հանրապետութիւն, Լուսաւոր Հայաստան, Բարգաւաճ Հայաստան, Հ.Յ.Դ.) իրենց պաշտօնական ղեկավարութեամբ կամ նոյնիսկ՝ նախարարներով: Աւելի՛ն, Քաղաքացիական Պայմանագիրի պաշտoնական բանբերը՝ակնարկելով Օ.Ե.Կ.-ի եւ Բարգաւաճի հանրահաւաքին մասնակցելու կոչերուն, բացայատ կերպով կը յայտնէր, թէ իրենք կարիքը չունին ուրիշ կուսակցական միաւորներու նեցուկին, այլ կ’ապաւինին միայն քաղաքացիներու զօրակցութեան:

Հանրահաւաքը միակուսակցականացնելու այս պահուածքը ազդարարեց արդէն,որ հանրահաւաքի կազմակերպումը կը նպատակադրէ վարչապետի վարկանիշի գործիքով՝ սեփական կուսակցութեան քարոզչութեան եւ օգտուիլ քաղաքական դաշտը միաբեւեռ դարձնելու պատեհ առիթէն: Այս դիտանկիւնով, հանրահաւաքի ընտրուած խորագիրը վերոնշեալ նպատակադրումին համար, օգտագործուած գլխարկ մըն էր՝ պարզապէ՛ս, ինչ որ պարկեշտ վերաբերում չէ գոնէ կառավարութեան մասնակից ուժերուն հանդէպ: Հանրահաւաքի կազմակերպման ու ներկայացման միակուսակցականացուած եղանակը, ինչպէս նաեւ վարչապետի որոշ ուղերձներու եւ առաջադրանքներու բովանդակութիւնը, ոչ միայն համահունչ չէին բեմահարթակէն բարձրաձայնուած ազգային միասնութեան լոզունքներուն, այլեւ անոնց անկեղծութիւնը փորձաքարի կ’ենթարկէին:

Տգեղ երեւոյթ է նաեւ, երբ կառավարութեան հարիւր օրուան ամփոփման թեմայի տակ, վարչապետի կողմէ ծանուցուի իր ղեկավարած կուսակցութեան Երեւանի քաղաքապետի թեկնածուն: Հ.Հ. վարչապետը անկողմնակալ վերաբերում պէտք է ցուցաբերէր բոլոր թեկնածուներուն նկատմամբ, երբ կը ներկայանայ իբրեւ այդպիսին, բայց մանաւա՛նդ, երբ ազգային համաձայնութեան պատմուճանը կրող վարչապետ է:

Հանրահաւաքը, ուժերու համախմբման ծառայեցնելու եւ այդ համախմբումով՝ յեղափոխութեան առաջադրանքներու ուղղութեամբ թափ հաւաքելու փոխարէն, սկիզբէն իսկ վիժեցաւ եւ նոր բաժանարար գիծերու առիթ ստեղծեց:

Յեղափոխութեան առաջադրանքներու շուրջ, գէթ` կառավարութեան մասնակից ուժերու ներգրաւման և համախմբման վարքագիծը առաւե՛լ կը նպաստէ յարաճուն ժողովրդական յենարանի կազմաւորման, քան այդ առաջադրանքներու միակուասկցականացնելու և մենաշնորհելու գործընթացը: Քաղաքացիական Պայմանագիրը պէտք չէ ներքաշուէր յեղափոխութեան և մանաւանդ անոր յաջորդող հանգրուանի սեփականացման գայթակղութեան, եթէ անկեղծ և հաւատարիմ ազնուութիւնը ունի յեղափոխութեան յաղթանակը իսկապէս նուիրաբերելու ժողովուրդին: Ճիշդ է, որ Քաղաքացիական Պայմանագիրը յեղափոխութեան նախաձեռնութիւնը առաւ և վարչապետը անոր հեղինակաւոր առաջնորդութիւնը կատարեց, բայց պէտք չէ շրջանցուին քաղաքական այն ուժերը (Ելքի միւս բաղադրիչները` Լուսաւոր Հայաստանն ու Հանրապետութիւնը, Հ.Յ.Դ.-ն եւ Բարգաւաճ Հայաստանը), որոնք նպաստեցին յեղափոխութեան սահմանադրական ելակէտի անհրաժեշտ ապահովման:

Այլ քաղաքական ուժերու մասնակցային տարբեր ձեւաչափերու լուսանցքայնացման ու չէզոքացման միտող այս պահուածքն ու վարուելակերպը քաղաքական վատառողջ մշակոյթի մը ցուցանիշներն են: Տաւուշի մարզ այցելութեան ընթացքին, վարչապետի կողմէ քաղաքական գործընկերութեան գաղափարի նկատմամբ անհանդուրժող եւ ենթակայական մեկնաբանութեամբ կեցուածքը շեշտուած նախանշան մը կը փոխանցէր այս գծով:

Ասկէ կարելի է ենթադրել աւելի՛ն. արդարեւ, համաձայնական կառավարութեան մասնակից ուժերու միջեւ քաղաքական յուշագիրի կազմութենէն խուսափումը՝ պէտք է փնտռուած ըլլար այս պահուածքին մէջ, որ իբրեւ գլխաւորող ուժ ձգտեցաւ շրջանցել պայմանական յանձնառութեան տակ դրուելու կացութիւն մը, մասնակցային կարելի լծակները բացառելու միտումով:

Իսկ ազգային համաձայնութեան վարչապետի առջեւ քշած եզրը՝ ընդհանրապէս, թերի ու խոցելի կը մնայ: Ազգային համաձայնութեան յղացքը հեղինակային իրաւունք չի՛ կրնար ունենալ. անիկա լա՜յն ընդգրկումով «խմբագրակազմ» կ’ենթադրէ, թէկուզ «խմբագրապետի» առկայութեամբ:

Այսպէ՛ս, համաձայնական կառավարութեան մասնակից ուժերը, որոնք յատուկ ներդրում ունեցան ժողովրդային ֆորսմաժորային իրավիճակին սահմանադրական ելք ապահովելուն, այսօր՝ յետադարձ հայեացքով՝ հաւաքաբար «փողոցը» օրինականացնող, բայց այլեւս անպէտք ցուցափեղկի մը կամ նոյն «փողոցը» սահմանադրական հիմնարկ տեղափոխած անգործածելի բեռնակառքի մը տեղ կը դրուին:

Առաւե՛լ վտանգաւորը այն է, որ քաղաքական դաշտի մէջ քաղաքական ուժերու մասնակցային ձեւաչափերը շրջանցելէ անդին, ինքնավստահ համարձակութեամբ՝ կ’որդեգրուի ընդհանրապէս՝ խորհրդարանը ժողովրդային հանրահաւաքներով փոխարինելու նախաձեռնութիւն. այն ալ՝ Հին Աթէնքի նախնական ժողովրդավարութեան բնորդով:

Այս նախաձեռնութիւնը, ո՛չ թէ միջազգային քաղաքագիտութեան եւ պատմագիտութեան, այլ՝ ամբոխավարութեա՛ն master class է: Ամբոխավարական նման մեքանիզմի մը ներդրումը, ո՛չ միայն կը միտի բազմակուսակցական դրութեան եւ կուսակցութիւններու չէզոքացման, այլ՝ քաղաքական մշակոյթի սնանկացումով՝ անոր ու առհասարակ քաղաքական դաշտի անէացման…

Թերեւս, վերանկախացած մեր պետութեան պետական համակարգի փտածութիւնը իր դաժան կերպարներով ու բիրտ բնոյթով միջազգային քաղաքագիտութեան մէջ՝ master class էր ու է, որ կ’ենթադրէ համարժէք լուծումներ, ԲԱՅՑ ո՛չ յունական պուզուքիայի հին րիթմերով եւ ոչ ալ բոլշեւիկեան յեղկոմի կամ լեւոնեան շտապի ներշնչումներով: Փտախտաւորուած համակարգի ու կենսակերպի երեւոյթներուն լուծման հայկական եղանակը ա՛յլ է: Զուտ հայկականն է՛, որ master class կրնայ ըլլալ, այնպէս՝ ինչպէ՛ս հայոց պատմութեան կարգ մը անկիւնադարձային դրուագներ, վերջին հարիւրամեակի կտրուածքով՝ Սարդարապատէն արցախեան ազատամարտ եւ մինչեւ (այո՛) թաւշեայ յեղափոխութիւն:

Գ)Կառավարման համակարգին ուղղուած հարցադրումներ

Վերը անդրադարձանք, քաղաքական դաշտը միակուսակցականացնելու, ամբոխավարութեան ներարկումով առճակատման՝ սեւ-սպիտակի բաժանարար սահմանագծումով կաղապարելու եւ տարբեր բնոյթի այլակարծութեանց առիթները չէզոքացնելու կազմաւորուող միտումներու մասին։

Այս ամբողջը բոլորովին այլ հարթութիւն կը տեղափոխուի, երբ ուղղակի յղում կը կատարուի կառավարման ձեւի փոփոխութեան։

Եթէ այս յղումները եւ անոր համարժէք միջոցառումները՝ մինչեւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան հանգրուան, յեղափոխութեան առաջադրանքները առջեւ մղելու գործիքներ են եւ կը նպատակադրեն միայն յետընթացի գործողութիւններ եւ դաւադրութիւններ կանխել, թերեւս՝ արդարացուած են ժամանակաւորապէ՛ս։ Ի վերջոյ, ժողովրդավարական պայքարի ձեւ է, ժողովրդական հրապարակով ճնշումի տակ պահել ժողովուրդէն խորթացած խորհրդարան մը։

Նոյնն է պարագան հանրաքուէներու կազմակերպման եւ ներկայացման աքթիւութեան, իբրեւ խորհրդարանէն վերադասուած համակարգ՝ նո՛յն խորհրդարանը ճնշման տակ պահո՛ղ։ Ի դէպ, գործող Սահմանադրութիւնը այս վերջինի հնարաւորութիւնը կ’ընձեռէ երկու հարիւր հազար ժողովրդային ստորագրահաւաքի մը միջոցաւ, անշո՛ւշտ՝ սահմանադրական համապատասխան ընթացակարգով մը, որ դարձեալ նոյն խորհրդարանին կարիքը ունի:

Ժողովրդական հրապարակով քաղաքական պայքարի այս մարտավարութիւնը, թերեւս ամենայարմար զսպաշապիկն է յեղափոխութեան անհնազանդութեան նշաններ ցոյց տուող խորհրդարանին։ Ի միջի այլոց, 2005ի Լիբանանի «Մայրիներու Յեղափոխութեան» ժողովրդական հրապարակի մարտավարութիւնը երկարաշունչ պայքարի իբրեւ միջոց մաշեցաւ, երբ խորհրդարանական մեծամասնութեան ուժերը քանի մը ամիս ետք, սկսան բանեցնել այս անգամ իրենց կազմաւորած ժողովրդական հրապարակը՝ թուային ու քարոզչաքաղաքական համարժէք տարողութեամբ։ Այսինքն՝ պէտք չէ բացառել նաեւ ժողովրդական հրապարակի դէմ այլ ժողովրդական հրապարակի շարժման սենարիօն, որ կոշտ առճակատման վերադարձի բաղադրիչներ կրնայ կուտակել։

Մէկ խօսքով,ժողովրդական հրապարակի մշտանորոգ բանեցումը, իբրեւ խորհրդարանը քաղաքականօրէն հակակշռելու մեքանիզմ կրնայ արդարացուած ըլլալ որոշ հանգրուանի մը համար:

Սակայն, ժողովրդական հրապարակի հիմնարկաւորումը իբրեւ խորհրդարանը փոխարինող կառոյց, անընդունելի է եւ յղի է երկրի օրինականութեան վարկանիշի եւ սահմանադրականութեան գերակայութեան խնդրահարումներով՝ ո՛չ միայն ներքնապէս, այլեւ՝ միջազգայնօրէ՛ն։ Պէտք չէ մոռնալ, որ Հայաստանի պետութիւնը նաեւ իրաւական պետութիւն է եւ հանրութիւնը իր իշխանութիւնը կը ձեւաւորէ իրաւական մեքանիզմով։ Ուղիղ ժողովրդավարութեան նման կառուցակարգի մը ներդրումը՝ զուիցերիական քանթօներու ժողովրդական կենսակերպի առնչութիւններով, նաեւ անյարիր է պատերազմական անմիջական վտանգի տակ գտնուող մեր հանրապետութեան։

Եթէ ուղիղ ժողովրդավարութեան հիմնաւորուած համոզումն ու խանդավառութիւնը առկայ են, կարելի է խորհրդարանական վարչաձեւի իբրեւ լրացուցիչ հակակշռի մաս՝ ուղղակի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած եւ հանրաքուէներու կազմակերպման լիազօրութիւններով օժտուած՝ նախագահական հիմնարկի մը հաստատումը, այլընտրանք ընդունիլ։ Անմիջապէս, աւելցնեմ, որ նման այլընտրանքի մը առաջադրումը պետութիւնը երկգլխանի կացութեան մը մղելու չի միտիր, ոչ ալ կիսանախագահական վարչաձեւի. այլ՝ պարզապէ՛ս հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ ժողովրդային դրդումով՝ պարբերաբար, խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ստուգել՝հանրաքուէներու կազմակերպման ընդմէջէն, ուղղակի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած եւ ժողովրդավարական կեանքի երաշխաւորութեան լիազօրութիւնները կրող նախագահական հիմնարկի միջնորդութեամբ։

Ասկէ անկախ ալ, անցնող իրադարձութիւնները ապացուցեցին, որ super­վարչապետի հիմնարկը պէտք է վերանայուի եւ որոշ լիազօրութիւններ պէտք է վերաբաշխուին նախագահին եւ խորհրդարանին, խուսափելու համար անել կացութեանց լուծումը մէկ հիմնարկով սահմանափակելէ։ Այս գծով, վարչապետ Փաշինեան իր յանձնառութեան տէրը պէտք է ըլլայ։

Գալով կառավարութեան կազմը եւ պետական զանազան գերատեսչութիւնները կրճատելու եւ համարկելու անհրաժեշտութեան, անիկա պետական գործունէութեան արդիւնաւէտութեան հաշուարկներու հիմամբ պէտք է կառուցուի եւ սոսկ՝ տնտեսավարման կրճատումներու նեղ թելադրանքէն չառաջնորդուի։

Տակաւին՝ Սփիւռքի նախարարին կողմէ երկպալատ խորհրդարանի ստեղծման միջոցաւ՝ Սփիւռքի հայրենական կեանքի մասնակցութեան առաջադրանքը, պէտք է մարմնաւորուի համապատասխան քննարկումներուն՝ Սփիւռքի ի՛սկ մասնակցութեամբ։ Ողջունելի այս առաջադրանքը պէտք է ներառէ նաեւ այլ տարբերակներու քննարկումներ։

Որպէսզի երկպալատ խորհրդարանի մը մէկ պալատը՝ Սփիւռքի մասնակցութեամբ հանդերձ, անպտուղ ծերակոյտի մը կերպարանքը չստանայ, կարելի է քննարկել ազգային խորհուրդի գոնէ 15%-ը սփիւռքահայութեան երեսփոխաններով գոյացնելու տարբերակը, որ իրական մասնակցութեան դուռ կը բանայ։ Հայաստանակեդրոն եւ մէկ հայութեան առաջադրանքը, հայրենական քաղաքական կեանքի Սփիւռքի իրակա՛ն մասնակցութեան ձեւաչափի մը որդեգրմամբ միա՛յն՝ կրնայ մարմին ստանալ։

Դ) Հ.Հ. ԵՒ Ա.Հ. ՆԵՐՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԱՇՏԵՐՈՒ ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Արցախեան պահանջատիրութիւնը՝ իբրեւ մարտավարութիւն, երբ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի թէզը որդեգրեց եւ անոր հիմամբ մեր երկրորդ հանրապետութիւնը հռչակեցինք, թոյլատրելի չէ զոյգ հանրապետութեանց ներքաղաքական դաշտերու սահմանազատումները չյարգելը ե՛ւ ներքին, ե՛ւ արտաքին առումներով. մարտավարական այս յղացքին համահունչ վարուելակերպը վտանգաւոր խախտումներ արձանագրեց, երբ՝

ա) 92ին, Հայաստանի ՀՀՇական իշխանութիւնները ձեռնամուխ եղան ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի նախագահի ընտրութեան՝ պատգամաւորներու վրայ անընդունելի ճնշումներով.

բ) 93ին, նոյն իշխանութիւնները շանթաժի դիմեցին ԼՂՀ իշխանութիւններու նկատմամբ, երբ Հայաստանի թիկունքային օժանդակութիւնը (պենզին, պարենաւորում, մարդուժ…) պայմանաւորեցին ԼՂՀ իշխանութիւններու քաղաքական կեցուածքի փոփոխութեամբ (Հռոմ երթալու հարկադրանքը առջեւ քշելով).

գ) 96ի իրենց հեղինազրկումէն առաջ ու ետք, ՀՀ իշխանութիւնները նախ՝ Սերժ Սարգսեանը իբրեւ super նախարար, ապա ԼՂՀ նախագահը՝ Ռոպերթ Քոչարեանը իբրեւ վարչապետ, «ներածեցին» Հայաստան։
Փոխառութիւնը շարունակուեցաւ Սէյրան Օհանեանով…

դ) ՀՀ նախագահ՝ Ռոպէրթ Քոչարեան ԼՂՀի փոխարէն բանակցելու ձեւաչափին յանձնուեցաւ։

ե) Անցնող Յունիսին հայաստանեան ներքին քաղաքական զարգացումները Արցախի Հանրապետութեան մէջ թարգմանելու խմորումները ԱՀ իշխանութեանց քաղաքական կանխարգելիչ միջոցառումներով եւ այս անգամ՝ սահմանազատումը յարգելու յանձնառութեամբ մարեցան…

Սակայն Քոչարեանի կալանաւորման առթիւ, այս անգամ հակառակ ուղղութեամբ ոտնձգութիւններու փորձը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ Արցախի խորհրդարանական ուժերու յայտարարութեամբ չբաւարարուելով, խորհրդարանի երեսփոխաններուն կէսը Քոչարեանի կալանաւորումը փոխարինելու միջնորդագիրներ ներկայացուց (դժբախտաբար, հոս՝ ոչ մէկը արժեւորեց Արցախի Հ.Յ.Դ. երեսփոխաններու կեցուածքը, որ չէր ներքաշուած այդ գործընթացին) Հ.Հ.­ի արդարադատութեան մաս կազմող տուեալ դատախազութեան։

Այնուհետեւ, կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, Արցախի իշխանութիւնները միջնորդագիրներու ներկայացման գործընթացէն իրենց կնիքը սրբելու յատուկ ջանադրութեամբ մը՝ շրջադարձ կատարեցին, երբ իրենց առաջնորդութեամբ արցախցիներու մասնակցութեան հետամուտ եղան Օգոստոս 17­ի հանրահաւաքին։ Այս մասնակցութիւնը առանձնայատուկ ողջունումի արժանացաւ վարչապետ Փաշինեանի կողմէ։

Յետյեղափոխութեան, կը թուէր, որ զոյգ ներքաղաքական դաշտերու փոխադարձ շահարկումներու աւանդոյթը բացառուած է այլեւս։ Մանաւա՛նդ, երբ յետյեղափոխութեան վարչապետի Արցախ կատարած առաջին այցի առթիւ փոխանցուած պատգամը կ’ընդգծէր Ա.Հ.-ի անունով չբանակցելու եւ իբրեւ այդպիսին՝ միայն Ա.Հ.-ի իշխանութիւնները ներկայացնելու դիւանագիտական հաստատակամութիւն մը։ Այս մէկը յաւելեալ փափկանկատ յանձնառութիւն մը կ՚ենթադրէր զոյգ հանրապետութեանց ներքաղաքական դաշտերը տարանջատելու անհրաժեշտութեան ուղղութեամբ։

Ահաւասիկ սակայն, պահանջատիրական վերոնշեալ մարտավարութեան թելադրած կանոնները անգամ մը եւս խախտեցան…
Արդարեւ, բոլորը պէտք է գիտակցին, որ այս վտանգաւոր աւանդոյթի շարունակութեան պարագային, գին պիտի վճարուի ներքին ու արտաքին ճակատներու վրայ եւ ինքնորոշման իրաւունքի ելակէտով արցախեան պահանջատիրութիւնը իր արդիւնաւէտ դերաբաշխումը պիտի չունենայ։

Ե) Փտախտի դէմ պայքար- Անցումային Արդարադատութիւն – Մարտ 1

Քաղաքական եւ տնտեսական համակարգերու սերտաճման իրողութիւնը վերանկախացած մեր պետութեան դատաիրաւական կարգուսարքը պատշաճեցման ենթարկած է նո՛յն իրողութեան։ Թաւշեայ յեղափոխութեամբ քաղաքական դաշտի ազատագրման գործընթացի այժմու ծանր մարտահրաւէրը կը կայանայ՝ ո՛չ միայն տնտեսական համակարգէն ամբողջութեամբ տարանջատուելու, այլեւ անոր վերահսկողութիւնը ձեռք ձգելու անհրաժեշտութեան մէջ։ Վերոնշեալ մարտահրաւէրի իրագործման հիմնական զինակիցն ու պետական գործիքակազմը դատաիրաւական համակարգն է, որ նախկին իրողութեան յարմարուած պատանդը մնալու վտանգը կը դիմագրաւէ։ Այս վտանգը չէզոքացնելու դեղատոմսը՝ դատաիրաւական բարեփոխումներու մեթոտական եւ բովանդակային այնպիսի թղթածրարի մը որդեգրումն է, որ ամբողջ համակարգը համընթաց կը պահէ յեղափոխութեան կշռոյթին ու անոր բարձր նշանաձողի արժէքներուն , առանց երկիրը կործանարար ցնցումներու մէջ խրելու։ Արդար է այն ակնկալութիւնը, որ փտախտի դէմ պայքարը չսահմանափակուի միայն տնտեսական ստուերը օրինական դաշտ բերելով եւ քրէական ու փտածութեան կանխարգիլման գործողութիւններով։ Անիկա պէտք է անպայմանօրէն յետագիծ բանայ նախկին գողօնը պետպիւտճէ վերադարձնելու եւ անոր միջոցաւ արդար վերաբաշխում կատարելու։ Դժբախտաբար, ապօրինի հարստացման 1 Յուլիս 2017ի ուժի մէջ մտած օրէնքը յետադարձ ուժ չունի։ Այս իմաստով՝ յետագիծ բանալու եւ դատաիրաւական համակարգը յեղափոխութեան ակնկալիքներուն համահունչ դարձնող բարեկարգման թղթածրարի մը որդեգրումը, քաղաքական կա՛մք ու հետեւողականութի՛ւն կ’ենթադրէ. բան մը, որ ներկայ խորհրդարանին մէջ կրնայ դժուարութիւններ դիմագրաւել։ Առաջադրուած այլընտրանքը՝ անցումային արդարադատութիւնը, նոյնինքն վարչապետին ի՛սկ հաստատումով՝ քննարկման կը կարօտի։ Անոր որդեգրումը անընդհատ վիճահարոյց կացութիւններ պիտի ստեղծէ երկրի սահմանադրութեան հետ, որովհետեւ անիկա իր յառաջացնելիք դրոյթներով սահմանադրական ամրագրուած նորմեր պիտի շրջանցէ, անխուսափելիօրէ՛ն։ Օֆշորային գօտիներէ քողարկուած դրամագլուխը յայտնաբերելու եւ անոր պետական իրաւատիրութիւնը հաստատելու միջազգային այլ օրինաչափութիւններ եւ ընթացակարգ գոյութիւն ունի, որ անպայմանօրէն անցումային արդարադատութեան մարմիններու ճանապարհէն չ’անցնիր։

Անցումային արդարադատութեան այլընտրանքին որդեգրման մտահոգութիւնը ՝առաւե՛լ կը խորանայ, երբ Մարտ 1ի գործը կը մկրտուի սահմանադրական կարգի տապալման կամ պետական յեղաշրջումի կնիքով։ Տասը զոհերու (որոնցմէ երկուքը ոստիկան) սպանդին պատասխանատուութեան հետապնդումը նոր բարդութիւն մը կը զգենու վերոնշեալ պիտակաւորումով։ Դատական նման յղումով՝ քաղաքական վիճահարոյց արարի մը վերարծարծումը՝ տասը զոհերու սպանդին պատասխանատուութեան փնտռտուքին արդիւնաւոր ու ապահով ուղին չէ երբե՛ք։

Նոր սկիզբի առաքելութիւնը կրնայ իր հունը կորսնցնել եւ նոյնիսկ իմաստազրկուիլ, եթէ Մարտ 1-ի դատական գործի այս վերնագրումով՝ իր մէկ ոտքը սայթաքի քաղաքական հաշուեյարդարներու անցեալի տրամաբանութեան մէջ։

Այս զգուշաւոր անհրաժեշտութիւնը, հակոտնեայ չէ երբե՛ք փտածութեան դէմ պայքարի, տնտեսաքաղաքական մենաշնորհները բացառելու ջանադրութեան, գողօնը պետպիւտճէ վերադարձնելու, ինչպէս նաեւ քրէական ծածկուած յանցագործութիւններ բացայայտելու եւ արդարութիւն հաստատելու վճռակամութեան հետ։

Զգոյշ պէտք է ըլլալ, վերոնշեալ առաջադրանքները իբրեւ շղարշ օգտագործելու փորձութենէն։ Այս նախանձախնդրութիւնը պահանջուած է բոլորէն։ Այլապէս՝ նոր սկիզբն ու անոր առաքելութիւնը պատանդը պիտի ըլլան հաշուեյարդարներու նախկին տրամաբանութեան։

Նոր սկիզբը պէտք չէ ներքաշուի այնպիսի ոլորապտոյտի մը մէջ, որ արհեստական ու բռնազբօսիկ ճիգով մը կ’այժմէականացնէ անցեալի վիճահարոյց դէպքեր ու քաղաքական դրուագներ՝ ինչպիսին է Մարտ 1-ը։

Այսպէ՛ս, անիկա, կամայ ¬ակամայ ագուցուած պիտի մնայ, քաղաքական այլ վիճահարոյց հանգրուանի եւ դրուագներու հետ (92, 94, 96…)։ Իսկ քաղաքական իմաստաւորում ստացած այս գործը անցումային արդարադատութեան եւ անոր միջազգային փորձագէտներուն առնչելը վտանգը կը կրկնապատկէ, ա՛յս անգամ՝ արտաքին միջամտութեան բաղադրիչներ պարփակելով։ Այս մէկը երկրի քաղաքական գործընթացներուն վրայ ազդելու արտաքին լծակներ կը տրամադրէ, պետութեան ինքնիշխանութեան վնասելով։ Որոշ տարբերութիւններով հանդերձ, այս իմաստով բացատրողական եւ բաղդատական օրինակի մը կը ծառայէ, Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական երկրաշարժներուն ազդանշանը հանդիսացող, Լիբանանի վարչապետ՝ Րաֆիք Հարիրիի սպանութեան միջազգային դատական ատեանի կազմութիւնն ու գործունէութիւնը, որ յատկորոշուեցաւ երկրի կայունութիւնը պատանդող՝ միջազգային հետաքննիչներով, փորձագէտներով, ինչպէս նաեւ անոնց ներդրած կեղծ վկաներով խայտառակուած՝ սարքովի դատական գործընթացով։

Ահաւասի՛կ, 13 տարիներու ժամանակամիջոցը սպառելու մօտեցած միջազգային դատական ատեան մը, որ երկրի ապահովական եւ քաղաքական ցնցումներուն մէկ կարեւոր ու փաստացի լծակն է։ Երկրի վարչապետին դէմ ոճիրի բացայայտման Լիբանանի հասարակութեան ու պետութեան արդար ակնկալութիւնը՝ միջազգային դատական այս ատեանի որդեգրման տարբերակով, նոյն երկրի ու անոր հասարակութեան մղձաւանջին վերածուած է, իր նիւթական պարտաւորութեամբ եւ աշխարհաքաղաքական վտանգաւոր շահարկումներով։ Դատական այս կրքոտ գործընթացը չվարանեցաւ նաեւ ամբաստանելու եւ ձերբակալելու երկրի ապահովական կառոյցներու պետերը, որոնց “բացակայութեան” ժամանակամիջոցին քաղաքական սպանութիւններու թատերաբեմը առաւել հարստացաւ։ Վերոնշեալ ֆոնին, աւելորդ պիտի չըլլայ յիշել Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմը, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան գաղթակայաններու պարբերական ապստամբութիւնները…

Զգուշաւորութեան եւ շրջահայեաց ըլլալու ծառայող օրինակ մըն է վերոնշեալը, մանաւա՛նդ երբ Մարտ 1ի գործը, անկախ իր քաղաքական իմաստաւորումէն, կ’ենթադրէ նաեւ ներքաշել ղարաբաղեան ճակատներու վրայ թրծուած հրամանատարներ…

Անցումային արդարադատութեան այլընտրանքի որդգրումը կը պարունակէ տարբեր րիսքեր՝ երկրի սահմանադրականութեան խնդրահարումներէն մինչեւ անոր ինքնիշխանութեան բաղադրիչներու սասանումն ու հասարակական համերաշխութեան հովանիին կորուստը… Մանաւա՛նդ, պատերազմի վտանգի առկայութեան, իրաւունք չունի՛նք անտեսելու այս րիսքերը։ Հայկական թաւշեայ յեղափոխութեան արդարութեան հաստատման ճանապարհը անպայմանօրէ՛ն ազգային երկխօսութեան մկրտարանէն պէտք է անցընել։ Խօսքը արդարութեան հաշւոյն փոխզիջումներու մասին չէ՛. այլ՝ արդարութեան հաստատման արդիւնաւոր ու ապահո՛վ ուղիի մը որդեգրման կը վերաբերի։ Մեր պետութեան դատաիրաւական ներկայ համակարգի անելանելի դրոյթներու վերաբերեալ, կարելի է միջազգային խորհրդատուական մեքանիզմներու ապաւինիլ սեփական մաղի ու խիղճի պահպանումով։ Վերոնշեալ հոլովոյթին զուգընթաց՝ դատաիրաւական բարեփոխումներու թղթածրարը, եթէ նոյնիսկ ներկայ խորհրդարանին մէջ ծանրաշարժ ընթացք կրնայ ունենալ, ապա արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէ ետք կազմաւորուած խորհրդարանով՝ անոր յառաջընթացը այլընտրանք չունի։ Փտախտի, ապօրինի հարստացման, ինչպէս նաեւ քրէական թէ քաղաքական յանցագործութեանց դէմ պայքարով՝ անցեալի եւ ներկայի ամբողջական արդարութեան հաստատման ունակ դատաիրաւական համակարգի գործարկումը՝ անհրաժեշտ է, որ գոյացնէ ազգային երկխօսութեան, բարեփոխումներու թղթածրարի որդեգրման եւ միջազգային խորհրդատուական մեքանիզմներու ներդրման կռուանները։

Այս կռուաններու գոյացման անհրաժեշտ ու արդար ժամանակը չէ սպառած. այդ ժամանակը շտապողականութեամբ պէտք չէ շրջանցենք։ Աճապարանքը արկածախնդրութեան համազօր կրնայ ըլլալ…

Զ) Արտաքին քաղաքականութիւն եւ Արցախեան հիմնահարց

Նոր իշխանութիւնը իր կազմաւորման մեկնարկէն իսկ քանիցս արձանագրեց, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ կտրուկ շրջադարձեր բացառուած են։ Այսուհանդերձ, այս ոլորտին մէջ ձեւաւորուած հաւասարակշռութեանց բովանդակային սեփական լիցք հաղորդելու թիրախաւորումը ընդգծուեցաւ, ինքնիշխան պետութեան վայե՛լ հաստատակամութեամբ՝ տարբեր ուղերձներու եւ դիւանագիտական շփումներու ընթացքին։ Դիւանագիտական յարաբերակարգի այս ուղենիշն ու գործելակերպը անհրաժեշտութիւն էին այլեւս, արտաքին քաղաքականութեան խցանուած շնչերակները բանալու ուղղութեամբ։

Պէտք է հաստատել, որ դիւանագիտական գրեթէ նախապաշարեալ եւ կծկուած նախկին պահուածքն ու գործելակերպը, նոյնիսկ արտաքին քաղաքականութեան տարընթերցումներու եւ վիժումներու առաջնորդած էին։

Տարածաշրջանային եւ բեւեռային այս հաւասարակշռութեան մէջ, արտաքին քաղաքական հնարաւորութիւններու որոնման մրցավազքով՝ Հայաստանը իր աշխուժութեամբ պէտք չէ զիջի Ազրպէյճանին։

Գործելակերպի այս փոփոխութեան, ինչպէս նաեւ միջպետական, դաշնակցային թէ գործընկերային յարաբերակարգի հարթակի վրայ՝ նախաձեռնող բովանդակութեամբ ներկայանալու ա՛յս պարունակին մէջ պէտք է տեղադրել վարչապետի Մոսկուա, Թիֆլիս եւ Պրիւքսէլ կատարած շրջայցերն ու տարբեր աշխատանքային հանդիպումները՝ իրենց յղած պատգամներով։

Թէ՛ Պրիւքսէլի եւ թէ ալ Ռուսաստանի յղուած իր ուղերձներով, Հայաստանը դաշնակցային եւ համագործակցական իր յարաբերութեանց օրակարգը կը տեղադրէր Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան գծով յանձնառու երաշխաւորումներ հաստատագրելու շրջածիրէն ներս։

Այսպէս, մէկ կողմէ՝ ի տես նախիջեւանեան հատուածի եւ արցախեան առաջնագիծերու ազերիական տեղաշարժերուն ու աշխուժութեան, պաշտօնական Երեւանը կը յուշէր Մոսկուայի տարածաշրջանային անվտանգութեան պահպանման իր լծակներուն բանեցման Հայաստանի դաշնակցային ակնկալութիւնն ու պահանջը։

Միւս կողմէ, Պրիւքսէլը կը հրաւիրուէր յանձնառու յենարանով՝ Հայաստանի ժողովրդավարական առաջընթացը պաշտպանելու Ազրպէյճանի ամբողջատիրական քաղաքակրթութեան նկրտումներէն։

Համարձակ նկատուող այս ուղերձներով, Հայաստանը մէկ անգամ ընդմիշտ հաստատակամ կը թուի ըլլալ՝ արտաքին յարաբերութեանց ոլորտին մէջ, միակողմանի օրակարգեր ընկալելու աւանդութեան էջը փակելով՝ ազգային շահերու իր առաջադրանքները յստակ բանաձեւելու։

Հայաստանը աշխարհաքաղաքական ի՛ր տեղը կանգնեցնելու, բացառապէս ազգային շահերով եւ հայկական արեւելումով առաջնորդուելու վարչապետի յայտարարած արտաքին քաղաքականութեան հայեցակարգը կարեւոր մեկնակէտ մը նշանակած է արդէն։ Այս մէկը ցարդ կիրարկուած բազմավեքթըր քաղաքականութեան աշխարհաքաղաքական բախումներէ խուսափելու նպատակադրումէն անդին՝ ազգային հեռահար եւ առաւե՛լ նախաձեռնողական ուղեգիծի մը որդեգրման հիմնարկէքին պէտք է վերածել։

Տարածաշրջանի ձեւաւորուած աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութեան մէջ, որակական տեղ պահելու եւ դեր վերցնելու դիւանագիտական յարաճուն ջանադրութեան մէջ միա՛յն, կարելի է ապահովել Հայաստանի անվտանգութիւնն ու ազգային շահերը՝ յատկապէս արցախեան հիմնահարցի լուծման ուղղութեամբ։ Այլապէս՝ նոյնինքն հաւասարակշռութիւնը, ինչ որ պահի մը միջբեւեռային անհրաժեշտութեամբ ու անոր համընկնող շահերու ազդեցութեան տակ, հայկական գործօնի բացակայութեան պայմաններով՝ կրնայ հայավնաս գործընթաց մը թոյլատրել։

Արցախեան հիմնահարցի ուղղութեամբ, վարչապետին կողմէ Արցախի հանրապետութեան բանակցային կողմի հիմնական հասցէատէր ըլլալու հանգամանքին շեշտադրումը՝ հետագայ հաւանական ճնշումները ցրուելու եւ խուսանաւումի դիտաւորութեան պարզունակ պարունակէն դո՛ւրս, բանակցային օրակարգը ինքնորոշման իրաւունքի գերակայութեա՛մբ հաստատագրելու ուղեգիծ մը կը նպատակադրէ։ Այս շեշտադրումին զուգահեռ, վարչապետը Արցախ կատարած իր պարբերական այցելութեամբ, աշխատանքային ու պաշտօնական հանդիպումներով եւ իր կատարած յայտարարութիւններով՝ կը յուշէ Արցախի հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորի Հայաստանի անզիջող յանձնառութիւնը։ Բանակցային պատրաստակամութեան կողքին, վարչապետը Ազրպէյճանի յարձակողական արկածախնդրութեան դիմաց Հայաստանի ջախջախիչ հակահարուածի ազդարարութենէն չվարանեցաւ։

Զոյգ շեշտադրումները ապահովագրող եւ անշրջելի փոխլրացման տանող իրաւաքաղաքական քայլը՝ Ա.Հ.­Հ.Հ. ռազմավարական դաշինքի մը հաստատագրման Հ.Յ.Դ.ի առաջադրանքն է, որ ոչ միայն բանակցային սեղանին վրայ հայկական զոյգ կողմերուն սահմանագիծերը կ’ամրացնէ, այլեւ՝ ազերիական ռազմատենչութեան մէկ կարեւոր զսպանակը կը հանդիսանայ։

Նման իրաւաքաղաքական քայլի մը ժամանակը տակաւին չէ սպառած եւ իր ռազմավարական ու դիւանագիտական հիմնաւորումները կը պահէ։

է) Տնտեսական­ընկերային եւ ժողովրդագրական բարեշրջման կնճռոտ ուղին

Կառավարութեան հարիւր օրուան գործունէութեան ամփոփումով պարզուած տնտեսական ցուցանիշները խրախուսիչ են եւ բարեբեր ենթահող մը յառաջացնելու տուեալներ կը պարփակեն։

Եռամսեակի տնտեսական աճը շարունակականութեան եւ երկնիշ ոստումի միտումներ ունի։ Մաքսային դիւանակալութեան պարզեցումն ու յստակացումը, տնտեսական ստուերը օրինական դաշտ մղելու ճիգը, մենաշնորհներու վերացման հետեւողականութիւնը, փտախտի դէմ պայքարի քաղաքական կամքը, ինչպէս նաեւ ներդրումներու խթանման եւ ձեռնարկատիրական-արտադրական կարողականութեանց քաջալերման քաղաքականութիւնը, անշրջելի՛ թափ հաւաքած կը թուին ըլլալ։

Տնտեսական աճը ժողովրդային շերտերու վրայ թարգմանելու եւ ընկերային ուղղուածութեամբ՝ աճի եկամուտը վերաբաշխելու պատրաստակամութիւնը նոր յոյս կը ներշնչէ։

Տնտեսական աճի ներկայ մօտելը ներառական համակարգով մը փոխակերպելու վարչապետին պարզած գաղափարները բարգաւաճ տնտեսութեան մը ուղին կ’ուրուագծեն։

Պետութեան կողմէ հաւասար առիթներու, մենաշնորհները կանխող ազատ մրցակցային դաշտի, ինչպէս նաեւ ենթակառուցուածքներու յառաջացման յանձնառութեամբ, տնտեսութեան մասնակցային միաւորներու բազմապատկման գրաւը՝ իբրեւ ուղենի՛շ կ’որդեգրուի։ Այս առումով, վարչապետը հասարակութենէն կ’ակնկալէ եւ կը պահանջէ տնտեսութեան հետ վերաբերելու ժխտական կամ կրաւորական մշակոյթի կտրո՛ւկ փոփոխութիւն։ Մէկ խօսքով՝ տնտեսական մտայնութեան փոփոխութի՛ւն, որ կ’ենթադրէ աշխատունակութիւն եւ նախաձեռնողականութիւն, ինչպէս նաեւ տնտեսական­աշխատանքային հմտութեանց յայտնաբերում եւ ինքնազարգացում։ Այսպիսով, վարչապետը տնտեսապէս նպաստընկալ ու կրաւորական հասարակութեան՝ դէպի՛ աշխատունակ ու նախաձեռնող հասարակութիւն անցումը կը խրախուսէ։

Աղքատութեան 30%ի սահմանագիծը հատած տնտեսութեան մը մէջ, ենթակայական ուժերու եւ ձգտումներու շարժը, իսկապէ՛ս, որ անհրաժեշտ է։ Սակայն, վերոնշեալ պայմանաւորումներէն անկախ, անիկա կը կարօտի նաեւ ընկերային ուղղուածութեամբ բնորոշուող խթաններու, ինչպէս՝ ցած տոկոսներով վարկերու հասանելիութեան ապահովում եւ նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացում՝ սպառողական նուազագոյն պիւտճէի համեմատ։ Այս ուղղութեամբ, յատուկ ուշադրութեան առարկայ պէտք է դառնան՝ տարածքային համաչափ զարգացման ծրագիրները, պետութեան հարկային քաղաքականութեան եւ օրէնսդրական վերամշակումները, յատկապէս՝ եկամտահարկի յառաջատուական դրոյթի հաստատման վճռակամութեամբ…

Վարչապետին կողմէ ներկայացուեցաւ նաեւ տնտեսական առաջընթացի կառուցուածքի կառավարութեան պատկերացումը։ Սոյն յատակագիծին յատկորոշող մօտեցումը՝հանքարդիւնաբերութենէն տնտեսական աճի կախուածութիւնը թեքելն է՛ բազմաճիւղ այլ ոլորտներու ուղղութեամբ: Ոլորտներ, որոնք Հայաստանի աշխարհագրական, բնութեան, աշխատուժի, ինչպէս նաեւ առողջապահական­գիտակրթական­քաղաքակրթական եւ այլ “դրամագլուխի” կարելիութիւններէն կը բխին։ Միւս կողմէ, երկրի ժողովրդագրական պատկերի ամրագրման եւ ինչու չէ՝ նաե՛ւ բարեշրջման ծրագրաւորումները թափ կը հաւաքեն՝ ծնելիութեան մակարդակի բարձրացման խթանումով, դէպի գիւղ հոգատար սեւեռումով, ինչպէս նաեւ հայրենադարձութեան թիրախային քաղաքականութեան մը սաղմնաւորումով:

Արդարեւ, տնտեսական առաջընթացի այս կառուցուածքը հիմնաւորուած եւ քաշողական յատակագիծով մը կը ներկայանայ։ Այսուհանդերձ, անոր ճարտարապետութիւնը բծախնդիր, հետեւողական եւ երկարաշունչ քաղաքականութեան մը կը կարօտի։ Քաղաքականութիւն մը, որ Հայաստանի տնտեսական շէնքին ժողովրդագրական ու ընկերային ներդաշնակ հիւսուածքն ու շաղախը չի զլանար հայթայթելու անոր ամէ՛ն մէկ սիւնին ու ամէ՛ն մէկ պատին…

ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

18-28 Օգոստոս , 2018

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.