Յարութիւնին Հետ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Յարութիւնին անսպասելի մահը նախ ցնցիչ էր, դժուար էր ընդունիլ, եւ ժամանակ կ’ուզէր անդրադառնալու պատահածին,  ապա յիշատակներու ամբողջ հեղեղ մը առաջացուց, իր պատճառած յուզումներով, ինչ որ դժուար է տրամաբանականօրէն արձանագրել:

Իբրեւ մտաւորական անուններ ծանօթ էինք իրարու, կարդացած էի իր կարգ մը փորձագրութիւնները «Ահեկան»ի մէջ, մասնաւորաբար տպաւորուած «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» գրութեամբ, նաեւ ծանօթ էի իր Փորձ տարա-գրութեան մասին» իսկապէս ինքնուրոյն հատորին, սակայն մեր մտերմութիւնը սերտացաւ 1979-էն ետք, երբ ձայնալարերու հարցեր ունենալով, Ճեմարանի մէջ ուսուցչութիւնը ձգած, եկաւ միանալու Մամլոյ Դիւանին, անոր պատասխանա-տուութիւնը ստանձնելով:

«Բագին»ի եւ Մամլոյ դիւանի գրասենեակները իրարու դիմաց կը գտնուէին, Արա Երեւանեան կեդրոնի երրորդ յարկին վրայ, ուր յաճախ կարճ դադար մը կ’առնէինք բոլորս, մէկս միւսին հանդիպելու եւ զրուցելու ազգային, քաղաքական, գրական ու մշակութային հարցերու մասին: Նոյն յարկին վրայ էին Պօղոս Սնապեանը, Վազգէն Էթիեմեզեանը, Սեդօ Պոյաճեանը, Վաչէ Բրուտեանը, Կարօ Յովհաննէսեանը, Սարգիս Կիրակոսեանը, Նազարէթ Պէրպէրեանը, Գրիգոր Աչքեանը, Յակոբ Բագրատունին եւ ուրիշներ, ինչ որ մտքերու փոխանակման աշխոյժ մթնոլորտ կը ստեղծէր: Հոս է որ խառնուածքային կամ հետաքրքրութիւններու գծով մասնաւոր մտերմութիւն ստեղծուեցաւ Յարութիւնին եւ ատեն մը ետք կնոջ՝ Մարոյին հետ: Յաճախ միասին Համրայէն մինչեւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի շրջակայքը կը քալէինք, միասին կը ճաշէինք եւ կամ մեր աշխատանքային կեդրոնին մօտ, շէնքի մը եօթներորդ յարկը (եթէ յիշողութիւնս չի դաւաճաներ) գտնուող իրենց յարկաբաժնի լայն պատշգամին նստած գաւաթ մը կ’առնէինք եւ կը զրուցէինք: Յարութիւնը չէր պահեր իր տարակարծութիւնը կամ դժգոհութիւնը, եթէ գրութեան մը կամ կարծիքի մը համաձայն չըլլար, նոյնպէս եւ ես. թերեւս այս պատճառով ալ այս անկեղծ յարաբերու- թիւնը ստեղծուած էր մեր միջեւ: Իր ճամբով նաեւ ծանօթացայ եղբօրը՝ Հրայրին եւ ապա Էլիզին, եւ այս ձեւով մեր սեղմ շրջանակը քիչ մը աւելի աւելի ընդարձակուեցաւ: Այս իրողութիւնը կ’ընդգծեմ, որովհետեւ Յարութիւնը, իր ներամփոփ խառնուածքին պատճառվ, կը խուսափէր ընկերային լայն հաւաքներէ:

Այս շրջանին Յարութիւնը սկսաւ «Ազդակ» օրաթերթի մէջ հրատարակել Նարդունիի, Շուշանեանի, Հրաչ Զարդարեանի, Որբունիի նուիրուած վերլուծական շատ հետաքրքրական շարք մը, ուր ֆրանսահայ գրողներու եւ իրենց սփիւռքեան շրջապատին հետ ունեցած յարաբերութեան նկարագիրը կը քննարկէր՝ հոգեբանական-ընկերային մակարդակի վրայ: Բարեբախտաբար վերոյիշեալ գործերը լոյս տեսան 2022-ին «Բագին» պարբերականի կողմէ հրատարակուած Սփիւռք եւ ինքնացում  հատորին մէջ: 1982-ին Յարութիւնը խմբագրեց եւ Գէորդ Մելիտինեցի հրատարակչական մատենաշարի ծիրին մէջ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս ընծայեց Նիկողոս Սարաֆեանի Չափածոյ երկերը, վերլուծական յետ-գրութեամբ մը: Երկուքս ալ Սարաֆեանի գործին հիացողներ էինք եւ յաճախ կը խօսէինք անոր քերթողութեան մասին, առաւել՝ ինք իր ուսանողական տարիներուն, Գրիգոր Պըլտեանի հետ,  անձնապէս ծանօթացած էր Սարաֆեանին: Առաջին անգամն էր, որ Սփիւռքի բանաստեղծին գործը իր ամբողջութեան մէջ կը հրամցուէր ընթերցողին: Այս մէկը առիթ հանդիսացաւ, որ «Բագին» ամսագրի էջերուն ստորագրեմ «Նիկողոս Սարաֆեան – անծանօթ երկրամասի ուղեւորը» յօդուածս: Հոս պէտք է աւելցնեմ, որ թէ՛ Յարութիւնը եւ թէ՛ Մարօն բանաստեղծութիւններուս ամենահաւատարիմ ընթերցողներն էին այդ օրերուն եւ ես հետաքրքրութեամբ կը լսէի իրենց կարծիքները այս առընչութեամբ: Այս տարուան Մայիսի վերջին օրերուն Յարութիւնին շարք մը ղրկեցի անտիպ բանաստեղծութիւններէս՝ իր կարծիքը առնելու համար: Հոն, «քաղաքներ»ուս շարքէն Աթէնքին նուիրուած բանաստեղծութիւն մըն ալ կար, որ բնականաբար նաեւ առընչուած էր իր հետ:

Այս տարիներէն երկու լուսանկար կայ, որ հարազատ է ինծի:  1980 կամ 1981 թուականն էր, այսինքն՝ իսրայէլեան ներխուժումէն առաջ, երբ Գալուստ Պապեանը Լիբանան եկաւ այցելութեան եւ մեզ լուսանկարեց Արա Երեւանեան կեդրոնի բակին մէջ: Առաջին լուսանկարին մէջ Յարութիւնը կը տեսնենք իր ծխամորճով: Յարութիւնին ա՛յդ պատկերն է որ ամէնէն աւելի կը մնայ յիշողութեանս մէջ: Երկրորդին մէջ՝ Յարութիւնին եւ Մարոյին կողքին ես ու Գալուստ Պապեանն ենք: Որքան կը յիշեմ, կեդրոնի ջրաւազանին շուրջ կանգնած էինք, եւ պահ մը Գալուստը լուսանկարչական գործիքը տուաւ Սարգիս Կիրակոսեանին:

1984-ին Յարութիւնն ու Մարօն Յունաստան անցան. Մարօն յունահայ ըլլալով հաւանաբար ամենատրամաբանական լուծումն էր ասիկա Լիբանանի քաղաքա-ցիական պատերազմին դիմաց: Մեր կապը բնականաբար չընդհատուեցաւ, եւ երբ ատկէ երկու տարի ետք, քանի Լիբանանի օդակայանը գոց էր կամ անմատչելի ինծի համար՝ Ժիւնիի նաւահանգիստին ճամբով Կիպրոս իջայ, հոնկէ՝ Աթէնք.  օդակայանը Յարութիւնը զիս դիմաւորեց, հակառակ անոր որ ինքնաշարժ չէր քշեր, եւ զիս իրենց տունը առաջնորդեց, նոյն երեկոյեան նաեւ թաղային ջերմիկ ճաշարան մը ընթրեցինք, ուր հրաւիրած էր նաեւ Լիբանանէն Աթէնք հաստատուած ինծի ծանօթ «Դրօշակ»ի քանի մը երիտասարդ աշխատակիցները: Նոյն մտերմութիւնն էր, կարծես չէինք բաժնուած: Յաջորդ տարի, Գանատա մեկնումիս ճամբուն, դարձեալ իր հիւրն էի:

Յարութիւնին կարեւոր նախաձեռնութիւններէն մէկն ալ իր դասագիրքերն էին: Բարձրագոյն կարգերու «Հայ կեանք ու գրականութիւն» հատորին համար, Արեւմտեան աշխարհին մէջ ուսուցչական փորձառութենէս մեկնած՝ կարծիքս եւ առաջարկներս ուզեց, իսկ այս շարքի երկրորդ հատորին մէջ մէկ բանաստեղծութիւնս ընտրած էր՝ լուսանկարի մը եւ կենսագրական տեղեկութիւններու կողքին:

Ատկէ ետք, անկախ մեր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններէն, երկու առիթ ատեղծուեցաւ դէմ դիմաց հանդիպելու: Առաջինը Լիբանան, Հայաստանի գրողներու երրորդ համագումարին: Երկրորդը՝ Երեւան, ուր հասարակաց բարեկամէ մը լսած էր հոն գտնուելուս մասին եւ հեռաձայնի թիւս վերցնելով կապուած էր հետս: Քիչ մը տարօրինակ օր մըն էր այդ մէկը, ողբացեալ Յովհաննէս Գրիգորեանը, երիտասարդ գրողներու հետ հանդիպում մը կազմակերպած էր Գրողներու տան մէջ, որմէ ետք երբ կ’ուղղուէի դէպի Մոսկուա հրապարակը, դիմացս ելաւ բանաստեղծ Հենրիկ Էդոյեանը՝ առաջարկելով որ սուրճ մը առնենք, իսկ երբ ըսի որ Յարութիւնին հետ ժամադրուած եմ, ուզեց մեզի միանալ: Օրը քիչ մը անսովոր կը նկատեմ, որոհետեւ հակառակ հետաքրքրական զրոյցին, տեղեկացայ, որ մէկ այլ տաղանդաւոր բարեկամս՝ Զօրայր Խալափեանը անձնասպան եղած էր, ինչ որ բոլորիս տրամադրութեան վրայ ազդեց:

Յարութիւնը իր սերնդակից Գրիգոր Պըլտեանի հետ, երկուքն ալ Նշան Փալանճեան ճեմարանի շրջանաւարտներ, հիմնականօրէն փիլիսոփայական ուսման  ենթահողով մը մտան սփիւռքահայ գրականութենէն ներս, ֆրանսական արդի գրական, փիլիսոփայական, գեղագիտական մտածողութիւնը, ինչպէս նաեւ վաթսունական թուականներու աւարտին Ֆրանսայի մէջ ստեղծուած մթնոլորտը սփիւռքեան իրականութիւնը դիտելու նոր հորիզոններ բացաւ իրենց դիմաց: Նոյն փիլիսոփայական մթնոլորտէն կու գար Ֆրանսա ծնած Մարկ Նշանեանը եւս: Այս մտաւորականներուն համար շահեկան էր նաեւ ֆրանսահայ նախորդ սերունդէն Նիկողոս Սարաֆեանի եւ Զարեհ Որբունիի հետ շփումը, այդ երկուքին սփիւռքեան փորձառութեան ընկալումը: Հետքրքրականօրէն յիշեալ երեք անունները իրարմէ տարբեր ձեւերով զարգացուցին իրենց գրական-մտածողական աշխարհը՝ իւրաքանչիւրը տարբեր մարզ մը զարգացնելով ինքնիրեն համար:

Յարութիւնին փորձագրական, գրավերլուծական եւ մանկավարժական վաստակը տակաւին երկար երկխօսութիւն պիտի ստեղծէ նոր սերունդին հետ:

Comments are closed.