Յարգանքի տուրք` ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթիւր Մկրտչեանի յիշատակին

Փետրուար 16-ին Արթիւր Մկրտչեանի ծննդեան 60-ամեակն էր: ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահին 60-ամեակին նուիրուած շարք մը միջոցառումներ կայացան Փետրուար 18-ին:

Առաւօտեան Արթիւր Մկրտչեանի շիրիմին ծաղիկներ տեղադրած եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած են ԱՀ (Արցախի Հանրապետութիւն) նախագահ Բակօ Սահակեան, ԱՀ ԱԺ նախագահը, ԱՀ պետնախարարը, Արցախի Թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, ԱՀ ՊԲ (Պաշտպանութեան Բանակ) հրամանատարը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, նախարարներ, պատգամաւորներ, ՀՅԴ Արցախի կառոյցի անդամներ, Արթիւր Մկրտչեանի գաղափարական ընկերները եւ ընտանիքի անդամները:

Բակօ Սահակեան օրինակելի համարած է Արթիւր Մկրտչեանի հայրենասիրութիւնը, նուիրուածութիւնը եւ պարկեշտութիւնը, աւելցնելով որ անոր պայծառ յիշատակը միշտ վառ կը մնայ արցախցիներուն սրտերուն մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.