Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Մենք Պատրաստ Ենք Մեր Ներդրումը Բերելու Արցախի Վերականգնման Գործին»

«Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուող «Երկրի հիւրասրահ» յայտագիրի հիւրն էր նորընտիր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:

Ան խօսած է 28 փետրուարէն 8 մարտ 2022-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովին ծաւալած քննարկումներուն, ինչպէս նաեւ յաջորդ քառամեակին համար ՀՅԴ-ի որդեգրած քաղաքական ուղեգիծին ու ռազմավարութեան մասին:

Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձած է նաեւ ՀՅԴ Բարձրագոյն ժողովին քննարկուած` Հայ դատի, արտաքին եւ ներազգային ուղղութիւններով աշխատանքներուն, քարոզչական եւ տնտեսական քաղաքականութեան վերաբերեալ հարցերուն:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին սկիզբը մատնանշած է, որ շրջանաւարտ Բիւրոն գործած է Հայաստանի եւ Արցախի համար ճգնաժամային պայմաններու մէջ` իր ուշադրութեան կեդրոնը պահելով նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայութեան խնդիրները:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ընդգծեց, որ ՀՅԴ-ն պատրաստ է իր ներդրումը բերելու Արցախի վերականգնման գործին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.