Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ընդդիմութիւնը Իր Պայքարի Երկրորդ Փուլի Արժեւորման Հանգամանքին Մէջ Է»

Յուլիս 8, 2022-ին «Դիմադրութիւն» շարժման հանրահաւաքին ներկայ էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք շարժումը մարա՞ծ է, ըսաւ. «Ինչպէս յայտարարուեցաւ, ոչինչ չէ մարած: Ընդդիմութիւնը իր պայքարի երկրորդ փուլի արժեւորման հանգամանքին մէջ է, եւ այս ցոյցերը, հաւաքները, երթերը, որոնք տեղի կ՛ունենան, պիտի շարունակուին: Յառաջիկայ աշնան նոր թափով պէտք է լծուինք աշխատանքի: Մեզի համար դիմադրութիւնը հիմնուած է ազգային գաղափարական հէնքի վրայ: Ասիկա է ամէնէն կարեւոր արժէքը, որուն համար կը պայքարինք մենք իբրեւ Դաշնակցութիւն աշխարհով մէկ, որովհետեւ կը հաւատանք, որ մեր հայրենիքը բացարձակ արժէք է, եւ այսպիսի միակողմանի զիջումներով, պատերազմին պարտուած այս իշխանութիւնները չեն կրնար պաշտպանել հայրենիքի շահերը», ըսաւ ան:
 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.