Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի յորդորը ՀՀ վարչապետին. անցնցում հեռացէք բեմէն

Հայ աշխարհը սահմռկեցուցիչ ցնցումի մէջ է։

Բացայայտուած է այն ահաւոր համաձայնագիրը, որ գաղտնի բանակցութիւններէ ետք միանձնեայ պատասխանատւութեամբ ստորագրած է ՀՀ վարչապետը թշնամիին թողելով անոր յափշտակած Արցախեան հողատարածքները. միաժամանակ խոստացած է յանձնել այլ շրջաններ եւս եւ ընդունած է թշնամիին մնացեալ բոլոր նուաստացուցիչ պայմանները։ Կացութիւն մը, որու նախերգանքը կը զգացուէր օրեր առաջ. այդ պատճառով ալ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները կոչ կ՚ընէին պրն. Փաշինեանին ինքնակամ հեռանալու իր պաշտօնէն ու չստորագրելու հայ ժողովուրդը նուաստացնող որեւէ փաստաթուղթ, որպէսզի յուսալքուած անձնատւութեան մէկ պահուն հայութեան 30 տարիներու ձեռքբերումներու կարեւոր մասը չզիջուէր թշնամիին։

Բնականաբար կարելի չէ չխոնարհիլ նահատակ հայ զինուորին ու կամաւորին սուրբ յիշատակին առջեւ ու չփառաբանել նուիրումը քաջարի հայ մարտիկին, որ կը շարունակէ իր կեանքի գնով պաշտպանել հայրենի սահմանները։

Պատահածը սակայն պարզապէս թէ‘ անընդունելի ինքնանէացում է եւ թէ‘ ազգային աղէտ։

Կ՚ակնկալուէր անշուշտ, որ ՀՀ վարչապետը իր այդ քայլին համար խոնարհաբար հայցէր հայ ժողովուրդի ներողամտութիւնը, փորձէր յանցանքն ընդունելով փակել Արցախի գոյամարտի մեծագոյն պարտութեան էջը եւ ժողովուրդին ու պատմութեան դատաստանին յանձնէր ճակատագիրը այն սխալ քայլերուն, որոնք մեզ հասցուցին այս ողբերգութեան։

Բայց փոխան զղջումի պրն. Փաշինեանը նախընտրեց ամէն գնով կառչած մնալ իր աթոռին եւ ամէնուրէք տեսնել մեղաւորներ բացի ինքնիրմէ. նախընտրեց բորբոքել կիրքերը. ինքնարդարացումի յուսահատ ճիգով նոյնիսկ չվարանեցաւ քաղաքացիական ընդհարումներու առաջնորդել ժողովուրդը։ Եւ իշխանութենէն լռելեայն հեռանալու փոխարէն պատերազմ յայտարարեց իր ներքին «թշնամիներուն» դէմ. կրկին ու կրկին բաժանում, թոյն, քինախնդրութիւն ու ատելութիւն սերմանեց. որպէսզի այդ «թշնամիներու» բացայայտումով մոլորեցնէ ժողովուրդը ու շեղէ անոր ուշադրութիւնը ահռելի իրողութենէն։

Պրն. վարչապետ, ժողովուրդին ու հայրենիքին սիրոյն վերջ տուէք այս անընդունելի կացութեան։ Գերադասեցէք ազգային շահերը ձեր անձնական շահերէն եւ անցնցում հեռացէք բեմէն։

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.