Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի 30-րդ հունձքով շրջանաւարտ դարձան 55 աշակերտներ

Յունիս 16-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամք մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի Բաստրմաճեան երկրորդականի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը: Վարժարանի 30-րդ հունձքով շրջանաւարտ դարձան 55 աշակերտներ:

Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանը Հիւսիսային Ամերիկայի հայկական գաղթօճախներու մէջ ամենէն մեծ թիւով աշակերտներ ունեցող ամէնօրեայ վարժարաններէն մէկը կը նկատուի, մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական մօտ 1000 աշակերտներով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.