Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջափակի վերանորոգման մեկնարկի Հողօրհնէքը

ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Կազմակերպութեամբ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Հիմնադրամին, 12 օգոստոս 2026-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջափակի վերանորոգման ծրագրի մեկնարկը խորհրդանշող Հողօրհնէքը, ձեռամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի, ներկայութեամբ վարժարանի տնօրէնութեան, Մոնթրէալի Ahuntsic-Cartierville շրջանի քաղաքապետ Մօտ Թերու Սեկէնի, Մոնթրէալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Էֆֆի Ճիաննուի եւ Վանա Նազարեանի, Լաւալի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սեդա Թօփուզեանի, Հիմնադրամի նուիրատուներուն եւ բարերարներուն, հոգեւոր հայրերու, հայ համայնքի պատկան մարմիններու եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ ծրագիրի ճարտարապետական Les Ateliers Ublo եւ ծրագիրը իրագործող  JCB Construction Canada ընկերութեանց ներկայացուցիչներու:

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի հիմնադրամին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հիմնադրամի անդամ Նուշիկ Էլոյեան, որ ըսաւ. «Այսօր հաւաքուած ենք տօնելու նոր հանգրուանի մը սկիզբը այն վարժարանին, որուն հիմքը դրաւ քանի մը տասնամեակ առաջ երազատես սերունդ մը եւ հաւատաց անոր առաքելութեան, որպէս գործօն՝ հայապահպանման եւ համերաշխութեան»:

Անկէ ետք խօսք առաւ քաղաքապետ Մօտ Թերու Սեկէն, որ յայտնեց իր հիացումն ու գնահատանքը բարենորգման այս ծրագրին առթիւ, եւ վստահութիւնը՝ անոր արհեստավարժօրէն իրագործման, որ պիտի ծառայէ վարժարանին առաւել բարգաւաճման ու զարգացման:

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Հոգաբարձութեան ատենապետ Սարօ Տէր Պետրոսեան Հոգաբարձութեան անունով ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Սուրբ Յակոբ վարժարանի առաքելութիւնը չի սահմանափակուիր դասարանի չորս պատերուն մէջ: Մեր զաւակներուն ամբողջական նկարագիրը կը ձեւաւորուի գիտութեան, մարզանքի, մրցակցութեան, խմբային աշխատանքի, երաժշտութեան, արուեստի եւ համայնքային ծառայութեան միջոցով: Մարզադաշտին վրայ անոնք կը սորվին համագործակցութիւն, կարգապահութիւն, դիմադրողականութիւն, յաղթահարում, պատուով պարտուիլ եւ երբեք չյուսահատիլ: Հետեւաբար, Սուրբ Յակոբի շինարարական ծրագրին մէջ ներդրում կատարելը համազօր է իսկական մարդու եւ ապագայ առաջնորդի կերտման ներդրում կատարելուն»:

Տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց վարժարանի տնօրէնուհի Լորի Ապրաքեան, որ ըսաւ. «Ահա թէ ինչո՛ւ այս նոր բակը պիտի ըլլայ մեր աշակերտներուն առօրեայ ուրախութեան, առողջութեան եւ ընկերային կեանքի կեդրոնը: Այստեղ, մեր մանուկները պիտի խաղան, պիտի մարզուին, պիտի սորվին բնութեան հետ ապրիլ, եւ միեւնոյն ժամանակ պիտի շաղկապուին մեր պատմութեան եւ արմատներուն: Մեր նպատակն է Սուրբ Յակոբի աշակերտներուն ապահովել լաւագոյն պայմաններ՝ ոչ միայն մտաւոր, այլեւ ֆիզիքական եւ ընկերային ոլորտներէն ներս»:

Les Ateliers Ublo ճարտարապետական ընկերութեան տնօրէն Փասքալ Ռուիէ իր կարգին խօսք առնելով ըսաւ. «Այս ծրագիրը, որուն շինարարական աշխատանքներուն սկիզբը կը մեկնարկենք այս իրիկուն, ձերն է. դուք զայն յղացաք ձեր զաւակներուն համար։ Եւ մենք չափազանց հպարտ եւ ուրախ ենք, որ ստեղծագործական այս աշխատանքը մեզի վստահեցաք։ Ասիկա ապագայի դպրոցն է, որ իր արդիականութիւնը պիտի պահէ գալիք տասնամեակներուն ընթացքին։ Կասկած չկայ, որ ապագայ սերունդները պիտի գնահատեն ձեր տեսլականը»:

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի հիմնադրամին անունով հանդէս եկաւ հիմնադրամի նախագահ Լէոն Աղազարեան, ըսելով. «Սիրելի՛ նուիրատուներ, առանց ձեր անգնահատելի աջակցութեան այս մարզադաշտը այսօր թուղթի վրայ մնացած ծրագիր մը պիտի ըլլար։ Դուք ներդրում ըրիք ոչ թէ խոտածածկման կամ կառուցման, այլ մեր զաւակներուն ապագայի կերտման։ Ասիկա հաւաքական երազանքի մը արգասիքն է՝ մեր երիտասարդներուն ընծայել տարածք մը, ուր անոնք կրնան իրականացնել մեր դպրոցին տեսլականը՝ “Միշտ աւելի բարձր, միշտ աւելի հեռու”»։

Անկէ ետք Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան, Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեան եւ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Գառնիկ Աւ. Քհն. Գոյունեան մատուցեցին Աստուածաշնչական ընթերցումներ եւ աղօթք, ապա Սրբազան Հայրը կատարեց Հողօրհնէքն ու առաջին բահահարումը, ինչպէս նաեւ փոխանցեց իր սրտի խօսքը, ըսելով. «Յուզիչ է պահը, բայց միաժամանակ ոգեշնչող եւ գօտեպնդող է, որովհետեւ անցեալի եւ ներկայի մեր պատասխանատուներուն տեսիլքին եւ անոր իրագործման արդիւնքն է Սուրբ Յակոբի համայնքը՝ իր դպրոցով, կեդրոնով եւ եկեղեցիով: Եւ այսօր նոր սկիզբ կը դրուի այս համայնքին՝ նոր շինութեամբ բակի մը, որ սովորական բակ չէ, այլ տաքուկ օճախ մեր զաւակներուն, ուր պիտի թրծուին եւ մեծնան եւ վաղը մեր առողջ, գիտակից, պատասխանատու առաջնորդները դառնան»:

Աւարտին ներկաները հերթով կատարեցին հողահարումը, որմէ ետք վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

Մօտաւորապէս 7.9 միլիոն տոլարի արժողութեամբ այս ծրագիրը կը տարածուի 20,727 քառակուսի մեթր տարածքի մը վրայ։ Ան կը նախատեսէ բացօթեայ դասարանային տարածքի մը ստեղծումը, FIFA-ի չափանիշներուն համապատասխան ոտնագնդակի դաշտի մը կառուցումը, ինչպէս նաեւ աւելի քան 583 ծառերու եւ թուփերու տնկում, 1,140 քառակուսի մեթր տարածքի կանաչապատում եւ այլ ծրագիրներ:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»