Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում գրող, բանաստեղծ եւ բանասէր Գրիգոր Պլըտեանի հետ
- (0)

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին եւ «Բագին» գրական հանդէսին, հինգշաբթի, 7 մայիս 2026-ին, իրիկուան ժամը 7:30-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հանդիպում Գրիգոր Պլըտեանի հետ» գրական ձեռնարկը, գրասէրներու եւ Պլըտեանի գրականութիւնը ընթերցողներու եւ անով հմայուածներու պատկառելի ներկայութեամբ:
Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին անունով բարի գալուստի խօսք փոխանցեց Նանոր Աշնա Սնապեան, որմէ ետք օրուան զրուցավար Րաֆֆի Աճէմեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Պլըտեանի կենսագրականը, անոր հրատարակած գիրքերը, ինչպէս նաեւ անդրդարձաւ գրողին Մոնթրէալ նախկին այցելութիւններուն՝ 1999-ին, 2007-ին, 2013-ին եւ 2015-ին, որպէս Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի դասախօս, իր գիրքերու ներկայացման թէ գիտաժողովի մասնակցութեան առիթներով:
Անկէ ետք ցուցադրուեցաւ Ժասմին Ղազարեանի «Պարտէզը որ քեզ երազեց / Le jardin qui t’a rêvé» Գրիգոր Պլըտեանի կեանքին եւ գործին մասին վաւերագրական ժապաւէնը, որմէ ետք զրուցավարը հրաւիրեց Փարիզէն ժամանած գրող, բանաստեղծ եւ բանասէր Գրիգոր Պլըտեանը եւ անոր հետ մտերմիկ զրոյցով մը հանդէս եկաւ:
Զրոյցին ընթացքին, պատասխանելով զրուցավարին հարցումներուն, գրողը անդրադարձաւ իր գրութիւններուն կառուցուածային ձեւերուն, պատումի իր ոճին, նախադասութիւններուն շարժունականութեան, կերպարներուն ներաշխարհի ներկայացման, հաւաքականութեան մը մտայնութեան ներկայացման եւ անոր ազդեցութեան ներթափանցման կերպարներուն ընդմէջէն, թեմաներու այլազանութեան, գաղափարներու թրծումի հոլովոյթին՝ նախքան արտագրուիլը (երբեմն նոյնիսկ տարիներու ընթացքին), գրութիւններուն կենդանականութեան, բանաստեղծական եւ արձակ գրութիւններու իր ոճին, գրողին առօրեային ու ապրած վայրին ազդեցութիւններուն եւ ճոխ նիւթերու հայթայթումի կարելիութիւններուն, տարբերութիւն ստեղծելու եւ նորութիւններով հանդէս գալու իւրայատկութեան, գրուածքներուն մաքրագործման գործընթացին, գիրքերուն հրատարակման հոլովոյթին, վերահրատարակման պարագաներուն, ինչպէս նաեւ աշխատանքին եւ ստեղծագործութեան ընթացքին դժուարութիւններուն, որոնք կրնան խոչընդոտել գրելու հեզասահ ընթացքը եւ այլ հետաքրքրական հարցերու:
Նշենք, որ Աճէմեան զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ գրողին հրատարակած գիրքերուն, մերթընդմերթ մէջբերումներ ընթերցելով անոնցմէ եւ ըստ այնմ հարցադրումներ կատարելով:
Ներկաներէն ոմանք եւս հարցումներ ուղղեցին գրողին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գիրքերու մակագրում:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»
