«Մոնթէ Մելքոնեան» ռազմական վարժարան դիմողներուն թիւը հասած է 600-ի

(pan photo)

Ռազմական կրթութիւնը միշտ ալ արժանացած է Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ՀՀ ԶՈՒ-ի ուշադրութեան եւ հետապնդումին: «Արմենպրես»ի հաղորդմամբ` Ապրիլ 14-ին «Ա. Խանփերեանց» ռազմօդային համալսարանի հիմնադրման 25-ամեակի միջոցառման ժամանակ այս մասին յայտարարած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վիգէն Սարգսեանը: Նախարարի պաշտօնակատարին խօսքով` ռազմական կրթութեան հանդէպ մեծ ուշադրութեան առաջին վկայութիւնը Դիլիջանի մէջ գործող «Մոնթէ Մելքոնեան» ռազմամարզական վարժարանն է:

«Արդէն այս պահուն մենք ունինք 10-րդ դասարան ընդունուելու 600 դիմում, երբ դեռ պաշտօնապէս չենք յայտարարած ընդունելութեան ընթացքին մասին: Եթէ հաշուի առնենք, որ աւանդաբար այնտեղ ընդուներ ենք 70 սան, ապա այդ արդէն մօտ 9 դիմորդ է մէկ տեղի համար: Մենք պիտի աւելցնենք ընդունելութեան տեղերու թիւը` հասցնելով զայն մինչեւ 100-ի, եւ վստահ եմ, որ պիտի ունենանք շատ լուրջ մրցակցութիւն՝ այդտեղ ուսանելու համար», ընդգծեց Սարգսեան:

Անոր խօսքով` յառաջիկայ շաբաթ պիտի սկսին աշխատանքները «Վազգէն Սարգսեան» ռազմական համալսարանին նոր ենթակառուցուածք ձեւաւորելու եւ այնտեղ ուսումնական ու կենցաղային նոր պայմաններ ստեղծելու առումով: «Մենք ռազմական կրթութիւնը պիտի դարձնենք մրցակցային եւ խիստ ներգրաւուած՝ մեր պետութեան, տնտեսութեան առաջընթացին մէջ», ընդգծեց Սարգսեան:

«Մոնթէ Մելքոնեան» ռազմամարզական վարժարանին մէջ կ՚ուսանին աւագ դպրոցի 10, 11 եւ 12-րդ դասարաններու աշակերտները: Ներկայիս ուսանողներու թիւը 190 է, անոնցմէ 94-ը ընդունուած են այս տարի: Աշակերտները Հայաստանի տարբեր մարզերէն են: Վարժարանին մէջ կրթութիւնը կը կիրարկուի հանրակրթական ծրագիրով, յառաջիկային կը նախատեսուի անցում «Արարատեան բակալավրիատ» հայալեզու եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած կրթական ծրագիրին: Ամբողջովին նոր, միջազգային ամենաբարձր չափանիշներուն համապատասխանող վարժարանին մէջ ստեղծուած են հրաշալի պայմաններ՝ ուսումնառութեան եւ ժամանցի համար։ Մասնաւորապէս՝ սաները տեղաւորուած են 3-4 հոգինոց, ջեռուցուող, օդափոխուող, առանձին լոգասենեակներով յարմարաւէտ սենեակներու մէջ։ Վարժարանին մէջ կը գործեն ժամանակակից վարժասարքերով մարզադահլիճներ, կառուցուած են լողաւազան, ֆութպոլի, պասքէթպոլի եւ թենիսի խաղահրապարակներ։ Կը մատուցուի որակեալ սնունդ՝ բարձրակարգ ճաշարանին մէջ։ Վարժարանը կը հոգայ սաներու կեցութեան, սնունդի եւ հագուստի ծախսերը։ Կրթական ժամանակացոյցը Երկուշաբթիէն Ուրբաթ է, հանգստեան օրերուն սաները կրնան մեկնիլ տուն կամ մնալ վարժարան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.