Մոմավառութիւն եւ ջահերթ Գէմպրիճի մէջ՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին
- (0)

Գէմպրիճի հայ համայնքը, ուրբաթ՝ 24 ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 8։30-ին, Ապրիլեան եղեռնի ոգեկոչման եկեղեցական արարողութենէն ետք, ուղղուեցաւ Հայ կեդրոնի «Փոստաճեան» սրահ, ուր մոմավառութեան ձեռնարկը սկիզբ առաւ Գերապատիւ Տէր Գեղարդ Ծայրագոյն վարդապետ Քիւսպէքեանի, Արժանապատիւ Տէր Նշան քհնյ. Մանուկեանի եւ դպրապետ Պօղոս Քեսապլեանի կատարած աղօթքով։
Հնչեցին Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգները, ինչպէս նաեւ «Մշակ բանուոր» քայլերգը, ապա հանդիսավար ընկհ. Էլիսա Կիրակոսեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու 1915-ի ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը։
Բացման խօսքին մէջ ան ըսաւ, թէ այսօր հաւաքուած են իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու ցեղասպանութեան զոհ դարձած նահատակներուն եւ մոմավառութեամբ լուսաւորելու անոնց հոգիները։ Ան շեշտեց, որ հաւաքը նաեւ կոչ մըն է յիշելու անցեալը եւ վերահաստատելու հաւատարմութիւնը արդարութեան գաղափարին։ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը կը մնան անհրաժեշտ քայլեր՝ նման ոճիրները կանխելու համար։ Ան ընդգծեց նաեւ, որ մեր հաւաքական պարտքն է պահպանել ինքնութիւնը, մշակոյթն ու լեզուն՝ զանոնք սերունդէ սերունդ փոխանցելով։
Ապա Էլիսա Կիրակոսեան հրաւիրեց ընկ. Գարլօ Ահարոնեանը՝ փոխանցելու ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Արամ Մանուկեան» մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը։ Ան մասնաճիւղի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն մասնակցութեան համար եւ նշեց, թէ 1915-ին ցեղասպան թուրքը փորձեց բնաջնջել հայ ժողովուրդը, սակայն չյաջողեցաւ. այսօրուան ներկայութիւնը այդ փաստին վկայութիւնն է։ Ան աւելցուց, որ 111 տարիներ ետք օտար ափերու վրայ հայերը կը հաւաքուին բարձրացնելու իրենց պահանջատիրութեան ձայնը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ ներկայ մարտահրաւէրներուն՝ շեշտելով, որ հայրենիքը վտանգի մէջ է, իսկ Արցախը յանձնուած է թշնամիին, ինչ որ կը շարունակէ ցաւ պատճառել համայն հայութեան։ Իր խօսքի աւարտին ան ընդգծեց, որ երիտասարդութիւնը գիտակից է այս պատասխանատուութեան եւ պիտի շարունակէ պահանջել ու պայքարիլ՝ պահպանելով ազգային ինքնութիւնը եւ չլռելով անարդարութեան դէմ։
«Չենք յուսահատիր, պիտի պահանջենք եւ պիտի պայքարինք», շեշտեց ան։
Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան ընկ. Ռազմիկ Կարպուշեան, որ ասմունքեց «Հայաստան ասելիս» բանաստեղծութիւնը, եւ ընկ. Գարլօ Ահարոնեան, որ մեներգեց «Զարդիր որդեակ», «Մայր ծնողին» եւ «Ասպետական սեւ սատանան» երգերը՝ ընկերակցութեամբ ընկ. Յովիկ Սուագճեանի։
Ապա ներկաները հրաւիրուեցան հետեւելու հոգեւոր հայրերուն եւ ԳԵՄ անդամներուն առաջնորդած ջահերով քայլերթին դէպի շրջափակի Մուսա լերան հերոսամարտի յուշարձանը, ուր պատանիներու բաժնած մոմերը վառեցին։
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
Սալբի Քէլէշեան
«Հորիզոն»
Լուսանկարները՝ Շանթ Ահարոնեանի