«Միասնական Պայքար, Հաւաքական Յաղթանակ». Մոնթրէալահայութիւնը բողոքի ցոյցով դատապարտեց թուրք-ատրպէյճանական ռազմական յարձակումերը

«Ատրպէյճանի եւ Թուքիոյ բանակները, աջակցութեամբ օտարերկրացի ահաբեկիչներու, վեց օրէ ի վեր բռնութեամբ ու ռազմական գործողութիւններով կը թիրախաւորեն Արցախի եւ Հայաստանի քաղաքացիական բնակավայրերը», յայտարարեց Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումը, Կիրակի 4 Հոկտեմբեր 2020-ին, Մոնթրէալի կեդրոնը գտնուող  «Place du Canada»-ի դիմաց տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին ընթացքին:

«Միասնական Պայքար, Հաւաքական Յաղթանակ» լոզունքով ու վճռակամութեամբ, հազարաւոր մոնթրէալահայեր ու լաւալահայեր ոգի ի բռին, խիտ շարքերով հաւաքուած էին դատապարտելու համար թուրք-ատրպէյճանական ռազմական յարձակումերը Արցախի ու Հայաստանի վրայ:

Բողոքի ցոյցը կազմակերպուած էր Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին ու Քէպէգի Հայ ՀամայնքիՄիացեալ մարմինինին կողմէ:

Հանրահաւաքին ներկայ էին  ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Բիւրոյի անդամ Ընկ. Րաֆֆի Տօնապետեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, ՌԱԿ-ի ու ՍԴՀԿ-ի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Գանատայի դաշնակցային եւ նահանգային խորհրդարաններու  ներկայացուցիչներ: Հանդիսավարն էր Ընկհ. Միռնա Ֆուտուլեան:

Հերթաբար խօսք առին՝ Գանատայի Ազատական կուսակցութեան եւ խորհրդարանի անդամներ Ֆայսալ էլ Խուրին ու Անի Գութրաքիսը, Ընդդիմադիր «Նոր Դեմոկրատ» կուսակցութեան փոխ նախագահ Ալեքսանտր Պուլըրիսը, Մոնթրէալի Աքատի շրջանի նահանգային Երեսփոխան Քրիսթին Սէն–Փիէռը, Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ՝ Արամ Էլակէօզը (Renaud), Ալին Տիպը (St-Martin)  եւ Վասիլիոս Քարիտօճիանիսը (Լապօր-ա-Փլուֆ), որոնք խստօրէն դատապարտեցին  ատրպէյճանական զինեալ յարձակումներն ու բռնութիւնները, իրենց ամբողջական աջակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին եւ կոչ ուղղեցին միջազգային հանրութեան, որպէզի սատար կանգնին հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու աշտպանութեան: Բողոքի իր ձայնը բարձրացուց նաեւ Մոնթրէալի Ռուանտայի համայնքի փոխ նախագահ Ժագ Վիրաժիրա։։

Բողոքի ցոյցի ընթացքին ելոյթ ունեցան ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ընկ. Մհեր Գարագաշեանն ու Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ընկ. Հրակ Տարագճեանը, որոնք դատապարտեցին Ատրպէյճանի ու Թուքիոյ կիրառած բռնութիւններն ու դրսեւորած յարձակողապաշ քաղաքականութիւնը, որոնք կ’ուզեն բռնութեամբ լուծել Արցախի ինքնորոշման արդար իրաւունքն ու իրագործել իրենց մտադրութիւնները:

Ընկ. Տարագճեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ «Ատրպէյճանի եւ Թուքիոյ բանակները, աջակցութեամբ ահաբեկիչներու, վեց օրէ ի վեր բռնութեամբ ու ռազմական գործողութիւններով կը թիրախաւորեն Արցախի եւ Հայաստանի քաղաքացիական բնակավայրերը»: Իսկ Ընկ. Գարագաշեան իր խօսքը մանաւանդ ուղղելով Գանատայի Վարչապետ Թրուտոյին ու Արտգործ նախարար Շամփայնին, նշեց, որ Արցախի ու Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդը կենաց-մահու ժամեր կ’ապրի, թուրքը անգամ մը եւս ցեղասպանութիւն կ’իրագործէ տարածաշրջանին մէջ, ուստի պահը հասունցած է մէկդի թողելու խաղաղասիրական եւ երկողմանի հրադադար յորդորող կոչերն ու գաղափարները եւ գործի լծուիլ՝ յանուն Հայաստանի, Արցախի ու հայ ժողովուրդի գոյատեւման: «Որպէս գանատահայեր, կը պահանջենք վարչապետէն ու Արտգործ նախարարէն՝ դատապարտել Թուրքիոյ ռազմական եւ դիւանագիտական ներգրաւուածութիւնը Արցախեան հակամարտութեան մէջ եւ անյապաղ դադրեցնել գանատական ռազմական սարքերու վաճառքը Թուրքիոյ», եզրափակեց ան:

Բողոքի ցոյցի ընթացքի հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցաւ Էլի Պէրպէրեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.