Մեր Պետականութեան Լինել-Չլինելու Մեծ Փորձաքննութիւնը

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

«Կը կարծէք որ Ճան Պոլթըն վարչապետին հետ «սելֆի» նկարուելո՞ւ համար Երեւան ժամանեց։ Կամ տուն մեկնող ամերիկացի դեսպան Ճան Միլզը հայկական հինգ աստղանի քոնիակի ազդեցութեան տա՞կ էր, երբ Արցախի հարցի լուծումը կը տեսնէր «գրաւուած հողերու վերադարձ»ով։

«Սիրոյ եւ համերաշխութեան» լոզունգը (օրին մեծ սուտ մը ինքնին) շատոնց ինքզինք սպառած ու իր տեղը զիջած է ատելավառ, կատարեալ այլամերժ, սեւ-սպիտակի տալթոնիզմի, հայհոյանքի, «ասֆալտին փռելու», «պատին ծեփելու» սպառնալիքներու ու ընդհանրապէս՝ նոյնինքն «սիրոյ եւ համերաշխութեան» լոզունգին հեղինակ Ն. Փաշինեանի կողմէ։

Խորագիրը ինքնին արդէն ծանր հաստատում մըն է։ Ծանր, որովհետեւ Հայաստանի մէջ իրականութիւնն է ծանր։

Շատեր (ու առաջին հերթին Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը) արդարօրէն մեծ յոյսեր կապած են խորհրդարանական վարչաձեւին վրայ։ Այսինքն, համակարգ մը, ուր փոխանակ միանձնեայ որոշումներու, պիտի կայացուին հաւաքական որոշումներ՝ նախարարաց խորհուրդի ձեւաչափով։ Համակարգ մը, ուր իշխանութեան երեք թեւերը պիտի խաղան փոխադարձ հակակշիռներու առողջ դերը։

Համակարգ մը, ուր դատական իշխանութիւնը պիտի գործէ ամբողջական անկախութեամբ՝ առանց սպասելու երկրի գերագոյն ղեկավարի գրասենեակին փափաքին, կամքին կամ ճաշակին (այս կէտին վրայ բոլորս կը յիշենք ԱԱԾի եւ ՀՔԾի պետերուն հրապարակուած խօսակցութիւնը՝ «մի հատ վարչապետին հետ խօսեմ», Խաչատուրովը ձերբակալել-չձերբակալելու համար…)։
Համակարգ մը, ուր կառավարութիւնը հաշուետու պիտի ըլլայ խորհրդարանին եւ միաժամանակ՝ համակարգ մը, ուր խորհրդարանը, իր օրինաստեղծ առաքելութեան զուգահեռ, ամէն քայլափոխի գործադիր իշխանութեան պիտի զգացնէ, թէ հաշուետուութիւն կայ։
Նոր սահմանադրութիւնը այս ձեւաչափին օրինական հենքն է։

Նման համակարգ մը ըստ էութեան կ՛արդիւնաւորուի այն պարագային, երբ կուսակցութիւնները հրապարակ կ՛իջնեն եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն կը մասնակցին իրենց գաղափարական ենթահողէն մեկնած ծրագիրներով։ Այսինքն, քաղաքական դաշտը անհատ «փրկիչներէ» ձերբազատուելով, կը ստանայ իր ինքնութիւնը, գաղափարական տեսլականներու վրայ հիմնուած առաջադրանքներու տեսքով։

Առաւել, անհրաժեշտ էր մեր երկիրը օժտել ընտրական նոր օրէնսգիրքով, ուր պէտք է սրբագրուէին նախկին (ներկայիս գործող) օրէնսգիրքի թերիները։ Այսինքն, անհրաժեշտ էր պետական որակի մտակառոյցով եւ իմաստութեամբ մօտենալ այս խնդիրներուն, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ է պետութեան մը ճակատագիրը։ Այս պարագային՝ Հայաստանի՛ ճակատագիրը։
Ներկայ դրութեամբ սակայն, վարչապետին միանձնեայ որոշումով, երկիրը խորհրդարանական ընտրութեանց ականապատուած դաշտը կը մտնէ առանց այս կարեւորագոյն նախապատրաստական աշխատանքները կատարած ըլլալու։ Այսինքն, առանց կուսակցութիւններու մասին եւ ընտրական նոր օրէնքներուն։

Տարբեր խօսքով, վարչապետ Փաշինեան ի՛նք եւս գործեց համակարգը առեւանգելու ու իր նեղ շահերւն ծառայեցնելու՝ նախկիններու արատաւոր մեթոտով։ Անձնապէս համոզուած էի ու կը մնամ նոյն համոզումին, որ Ն. Փաշինեան սկիզբէն իսկ չունէր պետական կառավարման անհրաժեշտ մտաւոր որակները ու անտեղի էին իր անձէն աւելին ակնկալելու բոլոր յոյսերը։ Այս իմաստով ալ, քաղաքականօրէն անլուրջ ու անպէտք կը համարեմ այն վիճարկումները, որ «ձգեցէք թող աշխատի մարդը», կամ՝ «ինչու նախկինները սկիզբէն իսկ գիտէի՞ն, անո՛նք ալ ժամանակի ընթացքին սորվեցան»։ Կը ներէք պարոնայք, պետութիւնը սափրիչի խանութ չէ, ուր աշկերտը յաճախորդներուն գլուխներու վրայ սորվի արհեստը։

ՆԵՐՔԻՆ ՈՉ-ՅՈՒՍԱԴՐԻՉ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Այս ընդհանուր պատկերին մէջ, ականատես կը դառնանք ընտրապայքարի ամէնէն ապառողջ ու արատաւոր երեւոյթներուն։

«Սիրոյ եւ համերաշխութեան» լոզունգը (օրին մեծ սուտ մը ինքնին) շատոնց ինքզինք սպառած ու իր տեղը զիջած է ատելավառ, կատարեալ այլամերժ, սեւ-սպիտակի տալթոնիզմի, հայհոյանքի, «ասֆալտին փռելու», «պատին ծեփելու» սպառնալիքներու ու ընդհանրապէս՝ նոյնինքն «սիրոյ եւ համերաշխութեան» լոզունգին հեղինակ Ն. Փաշինեանի կողմէ։ Ու այնպիսի պահու մը, երբ երկրի դիմագրաւած ներքին ընկերային-տնտեսական ու արտաքին աշխարհաքաղաքական բարդ խնդիրները կը պահանջեն հասարակութեան համախմբումը՝ լուծումներու եւ առաջադրանքներու շուրջ։

Բայց դժբախտաբար, Հ.Յ.Դաշնակցութենէն բացի, ոչ մէկ քաղաքական ուժ հանրութեան կը ներկայանայ գաղափարական հենք ունեցող ծրագիրով։ Ատոր համար ալ, ընտրապայքարը մինչեւ այսօր կ՛ընթանայ փոխադարձ սպառնալիքներու, «իրենք վատն են, մենք՝ լաւը», կամ լաւագոյն պարագային՝ մանկապատանեկան բաղձանքներու մօտեցումով։

Իրականութիւն է նաեւ այն, որ հանրութիւնը ընդհանրապէս, հետամուտ է ոչ թէ գաղափարական ծրագիրներու, այլ՝ «փրկիչներու» որոնումին։ Այս արմատացած արատաւոր հոգեբանութիւնը փոխելու ճիգը տեսանելի է միայն Հ.Յ.Դաշնակցութեան պարագային, որ թէ՛ այս եւ թէ՛ անցնող իւրաքանչիւր ընտրութիւններուն, շեշտած է ծրագրի՛ անհրաժեշտութիւնը, ի հակադրութիւն «փրկիչին», կամ «Մհերին», որ ուր է ուր չէ, Ագռաւաքարէն դուրս գալով մեզ բոլորս պիտի փրկէ։ Մենք ըսած ենք ու կը կրկնենք. «Ժողովուրդ, սուտ է, կը խաբեն ձեզ, փրկիչ-անձ չկայ, մի՛ հաւատաք նման հեքիաթներու»։

Դժբախտութիւնը նաեւ այն է, որ Հ.Յ.Դաշնակցութենէն զատ միւս բոլո՛ր քաղաքական ուժերը (առաջին հերթին՝ վարչապետի պաշտօնակատար Ն. Փաշինեան), առաւելագոյնս կը շահագործեն ժողովրդային մակարդակով դրսեւորուած այս արատը, պարզապէս իրենց իշխանամոլութեան յագուրդ տալու յստակ նպատակով։ Ու այս բոլորը, այլամերժութեան շեշտուած մտակառոյցով։

Ներդրումներու թեմա։ Ծուռ նստինք ու շիտակ խօսինք.- Խելքը գլուխ մէկը ինչո՞ւ պիտի ուզէ Հայաստանի մէջ ներդրում ընել (խօսքը մանր խանութ, ճաշարանի մասին չէ), երբ վարչապետը Պոլթընի այցելութենէն վերջ պաշտօնապէս կը յայտարարէ Իրանի հետ սահմանի «տը ֆաքթօ» փակուելու կարելիութեան մասին՝ ամիսներով հանրութիւնը օրօրելէ ետք արտաքին ներդրումներու (սին) յոյսով։

Այս թշնամական ընդհանուր մեթոտաբանութեան հետեւորդ քաղաքական ուժերը (կամ դէմքերը) բացարձակապէս չեն գիտակցիր, որ Դեկտեմբեր 9ին պատմութիւնը կանգ պիտի չառնէ, երկրագունդը պիտի շարունակէ թաւալիլ արեգակնային դրութեան մէջ, կեանքը պիտի շարունակուի, ձմրան օրերուն մարդիկ պիտի ստիպուին իրենց տուները տաքցնելու, երկրի ընկերային-տնտեսական ապառողջ վիճակը պիտի անցնի գալարումներու նոր փուլ եւ հանրութիւնը, զայրացած, պիտի սկսի լուծումներ պահանջելու այն ապաշնորհ «փրկիչներէն», որոնց վստահեցաւ իր քուէն։ Իսկ այն ատե՞ն որու պիտի սպառնաք ու հայհոյէք պարոնայք, որ ժողովուրդը կը խաբէք՝ սուտ փրկիչի պատմուճաններով։

Անձնապէս մարտահրաւէր կ՛ուղղեմ Ն. Փաշինեանին, որ մամլոյ ասուլիսի մը, կամ հրապարակային բանավէճի մը ընթացքին մեր ժողուրդին բացատրէ, թէ ի՞նչ է «տնտեսական յեղափոխութեան» իր պատկերացումը։ Կամ առհասարակ, պատկերացում ունի՞, թէ պարզապէս նոր լոզունգ մը մէջտեղ նետած է, որուն միջոցով կը միտի հանրութենէն քուէ կորզել։

ԱՐՏԱՔԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

Դարձեալ, Դեկտեմբեր 9ին մեր հարեւանները (բարեկամ թէ թշնամի) պիտի շարունակեն մնալ իրենց տեղերը։ Թուրքերը Կեդր. Ասիա պիտի չվերադառնան, Ալիեւը յանկարծ խաղաղապաշտ պիտի չդառնայ (ինչքան ալ Ն. Փաշինեանը զինք գովէ), Թուրքիոյ քաղաքական մտածողութիւնը պիտի չհրաժարի Հայաստանը տկարացնելու (ի հարկին ճզմելու) իր վարքագիծէն։ Մ. Նահանգներ պիտի շարունակէ Ռուսիոյ հակադրուելու, Իրանին սպառնալու իր քաղաքականութիւնը։

Աւելի՛ն, Մ. Նահանգներ պիտի չվարանի Իրանի եւ Ռուսիոյ դէմ Հայաստանը շահագործելու հնարաւորութենէն, ոչ ալ ետ պիտի կանգնի Արցախը Ատրպէյճանին յանձնելու ճամբով Ալիեւը իր «գիրկը առնելու» երազէն՝ հարուածելու համար տարածաշրջանէն ներս Ռուսիոյ աշխարհաքաղաքական ու տնտեսական շահերը։ Կը կարծէք որ Ճան Պոլթըն վարչապետին հետ «սելֆի» նկարուելո՞ւ համար Երեւան ժամանեց։ Կամ տուն մեկնող ամերիկացի դեսպան Ճան Միլզը հայկական հինգ աստղանի քոնիակի ազդեցութեան տա՞կ էր, երբ Արցախի հարցի լուծումը կը տեսնէր «գրաւուած հողերու վերադարձ»ով։

Այս բոլոր ներքին ու արտաքին խնդիրները պիտի դիմագրաւենք… ներքնապէս մասնատուած Հայաստանո՞վ։

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը քաջ կը գիտակցի այս թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին վտանգներուն։ Ատոր համար մենք ժողովուրդին կ՛ըսենք՝ հայրենիքը կարիքը ունի իր մարդկային պաշարներու ամբողջական զինուորագրումին ու ոչ թէ «ասֆալտին փռելու» անհասցէ սպառնալիքներու։ Հայրենիքը կարիքը ունի ներքին համախմբուածութեան, ու ոչ թէ ամէն քունջուպուճախ «դաւաճաններ» փնտռելու հիւանդագին մոլուցքին։ Ու ճիշդ ասո՛ր համար է, որ բոլորին կոչ կ՛ուղղենք Կիրակի օր քուէարկելու Հ.Յ.Դաշնակցութեան, թիւ 3ին, որպէսզի քանի մը ամիս վերջ չ՛ըսուի՝ «Երանի Հ.Յ.Դ.ին քուէարկած ըլլայինք»։

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ
Դեկտեմբեր 4, 2018

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.