Մեր Կորուստները. Մահացաւ Սփիւռքահայ Գրող Խոսրով Ասոյեան

3 մարտ 2022-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացաւ սփիւռքահայ գրականութեան մէջ շուրջ յիսուն տարուան բանաստեղծական վաստակ ունեցող, հանրային եւ մանկավարժական գործունէութիւն ծաւալած Խոսրով Ասոյեան:

Ան որ առաջին գործերը հրատարակուած են Պէյրութ, Լիբանան` «Կէտեր» (1971) եւ «Արեւագալ» (1973) խորագիրի տակ, ապա «Բագին» ամսագիրի մէջ բանաստեղծութիւններու շարք մը լոյս կը տեսնէ 1978-79 տարիներուն, երբ կարճ շրջան մը մաս կը կազմէ ամսաթերթի խմբագրութեան: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի յաջորդող տարիներուն կը մեկնի Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա` զբաղելով ուսուցչութեամբ: 1992-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս կը տեսնէ անոր «Վեր-ա-դարձ» հատորը, որ վերադարձ մըն է բանաստեղծութեան, եւ որ սկիզբը կը դառնայ գործերու շարքի մը, որոնց կիզակէտը սփիւռքահայ մարդու տագնապներն են` իր անցեալին, Ցեղասպանութեան աղէտին, ծննդավայրի կորուստին, յարափոփոխ շրջապատին, յա՛տկապէս` արցախեան ազատամարտին վերաբերող: «Ձայնը» (2004), «Հազրոն» (2005), «Անաւարտ պատարագ» (2005) եւ «Կանչը» (2011) գործերուն մէջ Ասոյեան անդրադարձ կը կատարէ հաւաքական եւ անձնական տագնապներուն ու փորձառութեան: Ստորեւ` Խոսրով Ասոյեանէն բանաստեղծութիւն մը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.