Մեր կամքն աննկուն է ու մենք պատրաստ ենք ներդնելու մեր ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս Արցախի դատին․ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի ուղերձը Արցախի անկախութեան երեսնամեակի եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Արցախի գրասենեակի բացման առթիւ

Յարգարժան հիւրեր, ընկերներ, Արցախի սիրելի հայրենակիցներ,

Նախ կը շնորհաւորեմ բոլորդ Արցախի անկախութեան երեսնամեակին առթիւ:

1988-1994ի ազատամարտով, հայ ժողովուրդը կարողացաւ միացեալ ջանքերով եւ արեան ու քրտինքի գնով կերտել Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը, որ կը հանդիսանայ ամբողջական Հայաստանի մեր տեսլականին առաջին հանգրուանը:

2020ի աշնան Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սանձազերծած 44օրեայ պատերազմի արհաւիրքը եւ արդիւնքը անշուշտ որ խոցեցին մեր ազգային արժանապատուութիւնը, բայց Դաշնակցութեան համար Արցախեան այս վերջին պատուհասը լոկ ժամանակաւոր նահանջ է. Արցախահայութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդը առհասարակ, իր մէջ ունի բաւարար ներուժ ձգտելու, որ ոտքի կանգնի Արցախը, ապրի անկախ ու հայատրոփ ոգիով եւ յարատեւօրէն զարգանայ մինչեւ անոր վերամիաւորումը մայր Հայաստանի հետ:

Կը գիտակցինք որ մեր նորագոյն պատմութեան ճակատագրական և բախտորոշ շրջափուլի մէջ ենք այսօր։ Կ’անդրադառնանք որ յաւելեալ ճիգ ու ջանք են հարկաւոր դիմագրաւելու համար մեր առջեւ ցցուող բոլոր մարտահրաւէրները: Բայց մեր կամքն աննկուն է ու մենք պատրաստ ենք ներդնելու մեր ամբողջ կարողականութիւնը եւ բազմապատկելու մեր աշխատանքները ի սպաս Արցախի դատին:

Եւ որպէս շօշափելի կարեւոր նոր քայլ, այսօր կը յայտարարենք Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Արցախի գրասենեակին հաստատումը, որպէսզի անգամ մը եւս շեշտենք մեր տեւական յանձնառութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման եւ Արցախի բնակչութեան յետ-պատերազմեան կարիքներուն աջակցելու գծով. միաժամանակ՝ պատգամ կը փոխանցենք միջազգային հանրութեան եւ Ազրպէյճանին ու իր դաշնակիցներուն, որ հակառակ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքներուն, մենք պատրաստ ենք սատարելու Արցախի զարգացման եւ ամրապնդելու Հայաստան – Արցախ – Սփիւռք եռամիասնութիւնը:

Մեր գրասենեակի առաքելութեան մաս պիտի կազմեն՝ Արցախի հարցով աշխատանքները խթանելու համար նիւթերու եւ տեղեկութիւններու փոխանցումը, Արցախի համապատասխան մարմիններուն եւ կառոյցներուն հետ առօրեայ յարաբերութիւնը, Արցախ այցելութիւններու սատարումը, Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի աջակցութեամբ խորհրդաժողովներու կազմակերպումը, Արցախի Բարեկամներու ցանցի ընդլայնումը եւ առհասարակ Հայ Դատի աշխատանքներու քարոզչութիւնը Արցախահայութեան մօտ։ Այսպիսով Հայ Դատի Արցախի գրասենեակը կու գայ միանալու ՀՅԴ Բիւրոյի անմիջական վերահսկողութեան տակ գործող մեր կեդրոնական գրասենեակներու ցանցին:

Շնորհակալութիւն Արցախի գրասենեակի բացման այս հանդիսութեան ձեր մասնակցութեան համար: Վստահ ենք, որ բոլորդ ալ քաջալեր պիտի հանդիսանաք անոր բազմակողմանի գործունէութեան:

Կեցցէ հայ ժողովուրդը եւ կեցցէ անոր անբաժան մասնիկ հանդիսացող Արցախի արի ու վեհանձն հայութիւնը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.