Մենք Մեր Պարտութիւնը Կոփեցինք 2018-ի Ապրիլին, Երբ Հաւատացինք Մեր Անցեալը Մերժողին. Լիլիթ Գալստեան

Նոյեմբեր 9-ին չէ աւարտած մեր պարտութիւնը, եւ ոչ ալ մեր պատերազմը սկսած է Սեպտեմբեր 27-ին։ Այս մասին, ըստ Yerkir.am-ի, յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ Լիլիթ Գալստեան Հայրենքի փրկութեան շարժման այսօրուան հանրահաւաքին ընթացքին:

«Սեպտեմբեր 27-էն ալ առաջ՝ 2018-ի Ապրիլին, մենք կոփեցինք մեր պարտութիւնը, ցաւոք սրտի, երբ հաւատացինք խարդախութիւններուն, դաւադրութիւններուն, մեր անցեալը մերժողին, եւ այդ ողբերգութիւնը այսօր կը շարունակուի»,- ըսաւ Լիլիթ Գալստեան։

Ան նշեց, որ մենք այսօր ունինք երկու Հայաստան՝ այն իրական, պահանջատէր Հայաստանը, որ Բաղրամեան պողոտային վրայ կանգնած է եւ սուտ Հայաստանը՝ մեր ցաւերու, մեր դարդերու, մեր իրականութեան հետ կապ չունեցող Հայաստանը, որ ԱԺ ճաղաւանդակներու ետին է։

«Ու հիմա ԱԺ-ն, քաղաքական մեծամասնութիւնը Նիկոլին ու անոր կառավարութեան հարցեր կու տան՝ իբրեւ թէ Հայաստանի մէջ ոչինչ կատարուած է, իբրեւ թէ իրենք մեղաւոր չեն մեր այս պարտութեան համար։ Քաղաքակա՛ն մեծամասնութիւն, քու կոճակ սեղմելովդ դուն Նիկոլի դաւաճանութիւնը կիսող ես»,- ըսաւ Լիլիթ Գալստեան։

Մանրամասն՝ տեսանիւթով․

https://www.youtube.com/watch?v=gUcaiaWtb2c&feature=emb_logo

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.