Մեզմէ պիտի չլսէք… Պիտի լսէք ընվզումի փայլատակումներ ընդդէմ մեր դէմ նիւթուող դաւերուն

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Մեզմէ պիտի չլսէք

Պիտի չլսէք մեզմէ ձեզ հանգստացնող խօսքեր։

Հանգիստ չէ Հայաշխարհը ահա արդէն քանի՜ դարէ ի վեր։ Մենք կը զգանք այդ անհանգստութիւնը, այդ իսկ պատճառաւ ծնունդ ենք առեր 132 տարի առաջ։ Մենք կը կրե՛նք այդ անհանգստութիւնն ու կ՚ենթարկուինք անոր հետեւանքներուն, եւ մեր նպատակն է, որ Ազգը հաւաքաբար կրէ այդ անհանգստութիւնը, որպէսզի ի վերջոյ կարենանք յաղթահարել մեզ անհանգստացնող ազդակները եւ այս արեւուն տակ մե՛նք ալ ապրինք հանգիստ միւս ժողովուրդներուն հետ։

Պիտի չլսէք մեզմէ ձեզ հանդարտեցնող խօսքեր։

Ինչպէ՞ս կրնանք ձեզ հանդարտեցնել ուզել, երբ ամեն օր հալածանքի ենթարկուած էք, ե՛նք բոլորս միասի՛ն։ Կը հալածուինք տեւաբար, որովհետեւ չենք ուզեր հրաժարիլ մեր ինքնութենէն, երես դարձնել մեր հաւատքին, այլոց լեզուներով փոխարինել մե՛ր լեզուն, մերուիլ ուրիշներու, խառնուիլ, փոշիանալ ու անհետանալ։ Ոճիր պիտի ըլլայ ձեզ հանդարտեցնելը, մղելը, որ համակերպիք, հաշտուիք, ընդունիք  ձեզի պարտադրուող ճակատագիրը։

Պիտի չլսէք մեզմէ ձեզ ինքնախաբէութեան մղող խօսքեր։

Այո՛, մենք ալ տեսած ենք արութեան գործեր, մենք ալ ունեցած ենք փայլուն յաղթանակներ, այո՛,  մենք ալ քաղաքակրթութիւն ենք կերտած ու աշխարհին բաշխած «միտք, առած, երգեր», բայց չենք կրնար անոնցմով շլանալ ու չտեսնել մեր ներկայ իրավիճակը։ Չտեսնել մեր ինքնութիւնը պաշտպանելու անկարողութիւնը, մեր սահմանները պաշտպանելու անկարութիւնը, մեր իրաւունքները պաշտպանելու ապիկարութիւնը։

Պիտի չլսէք այդ խօսքերը, բայց պիտի լսէք այլ խօսքեր։

Պիտի լսէք կռիւի մղող կոչեր, յարատե՛ւ կռիւի, ինչպէս պատգամեր է մեզի մեր հիմնադիրներէն անմահն Քրիստափոր՝ յիշեցնելով, թէ ազատութեան հասնելու համար տարբեր ազգեր որքա՜ն երկար մարտնչեր են՝ 50 տարի, 100 տարի, իրլանտացիները՝ 600, հիմա արդէն աւելի քան 700 տարի…

Պիտի լսէք բողոքի պոռթկումներ, ընվզումի փայլատակումներ, ըմբոստացման հրաւէրներ ընդդէմ մեր դէմ նիւթուող դաւերուն, մեզ տակաւին ա՛լ աւելի ճնշելու փորձերուն, մեզ նորանոր ցեղասպանութիւններու, մաքրագործումներու ենթարկելու նկրտումներուն։

Պիտի լսէք եւ պահանջատիրական խօսքեր, պահանջատիրական՝ ուղղած ամենէն առաջ մենք մեզի, ապա նաեւ աշխարհին։ Պահանջատիրական՝ մեր տունը կարգի դնելու, մեր ուժերը համախմբելու, մեր միջոցները խնայելու եւ ամրապնդելու, մեր արժէքներուն ու մեր պատմութեան տէր կանգնելու, մեր թիրախները յստակացնելու, մեր հարուածները անշեղ դարձնելու ու անվհատ շարունակելու մեր հայամարտը, իսկ մեր դրացնիներէն, մեր դաշնակիցներէն ու մեր բարեկամներէն պահանջելու, որ տարածաշրջանի խաղաղութեան սիրոյն, աշխարհի՛ խաղաղութեան սիրոյն հասկնան, որ իւրաքանչիւր ազգ բոլորին հաւասար իրաւունքներ ունի, իրաւունքներ՝ խաղաղ  ապրելու եւ ստեղծագործելու։

Մենք մեր այս ինքնութենէն, մեր այս առաքելութենէն հրաժարողը չենք։ Այլապէս կը դադրինք մենք մե՛նք ըլլալէ։ Կը կորսնցնենք գոյութեան մեր իրաւունքը։

Այո՛, 132 տարեկան երիտասարդէ մը դուք երբեք պիտի չլսէք պարտութեան համակերպելու խօսքեր։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.