Մարիաննա Ղահրամանեան․ «Սփիւռքը հայկական ինքնութիւնն է»

ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովի «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Մարիաննա Ղահրամանեան ԱԺ ամպիոնէն անդրադարձած է Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արման Եղոյեանի՝ Սփիւռքի վերաբերեալ յայտարարութիւններուն։

Ղահրամանեան ըսաւ, որ Եղոյեանի ելոյթին մէջ խնդիրը ոչ միայն Սփիւռքի մասին արտայայտութիւններն էին, այլ նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն նկատմամբ ՔՊ-ի ունեցած ընկալումը։

«Պարոն Եղոյեան, Սփիւռքը հայկական ինքնութիւնն է, լեզուն, մշակոյթը, այդ ամէնը պահպանող հաստատութենական կառոյցը, որ ունի համաշխարհային ցանցային բնոյթ», ըսած է Ղահրամանեան։

Ան նշած է, որ Սփիւռքը մէկ անձ կամ մէկ կեդրոնէ ղեկավարուող կառոյց չէ՝ անդրադառնալով Եղոյեանի՝ Սփիւռքի ներկայացուցիչի հեռաձայնի թիւ փնտռելու մասին արտայայտութեան։

«Դուք կը կարծէք, թէ Սփիւռքը պէտք է կառավարուի մէկ կեդրոնէ։ Այդպէս չէ եղած եւ այդպէս պիտի չըլլայ՝ որքան ալ ջանաք», ըսած է պատգամաւորը՝ աւելցնելով. «Սփիւռքը յիշողութեան կրողն է, որուն դէմ կը պայքարին Թուրքիան, Ատրպէյճանը եւ ՔՊ-ն»։