Մանուէլ Սարիբեկեան ձեռնամուխ եղած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին նոր վաւերագրականի մը ստեղծման
Մինչեւ 2019 թուականի Ապրիլ 24-ը ցեղասպանութեան մասին պատմող ֆիլմ մը եւս կը նկարահանուի, որ Man Pictures Studio-ի «Երախտագիտութեան քարտէզ» ֆիլմաշարին երկրորդ ֆիլմը պիտի ըլլայ: Այս մասին «Արմենպրես»ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց Man Pictures Studio հիմնադիր-ղեկավար Մանուէլ Սարիբեկեան:
«Ֆիլմը ցեղասպանութեան ժամանակ Ամերիկայի ունեցած դերակատարման, տարբեր անհատներու ու կառոյցներու ցուցաբերած օգնութեան մասին է: Դէպքերու ժամանակագրութիւնը կը թուագրուի 19-րդ դարու վերջով ու 20-րդ դարու սկիզբով՝ ներկայացնելով Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած հայ, յոյն, ասորի ժողովուրդներու ցեղասպանութիւնը եւ ոչ իսլամ ժողովուրդներու կոտորածները», նշեց Մանուէլ Սարիբեկեան:
Ֆիլմին պայմանական անունը «Ամերիկացի սամարացիներ» է: Վերջինս, արտադրիչին հաւաստմամբ՝ երախտագիտութեան մասին շարք է, որուն նպատակն է վեր հանել մարդկային արժէքները, ներկայացնել զանոնք կրողներու անհատականութիւնը: Ֆիլմին նկարահանումները պիտի իրականանան 7 երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ ԱՄՆ-ի:
«Ֆիլմագրութեան հեղինակը ամերիկացի է, ֆիլմը պիտի պատմեն ամերիկացի պատմաբան-ցեղասպանագէտը եւ լրագրողը: Եթէ պետութիւնը նախորդ ֆիլմին պէս 30% ֆինանսաւորմամբ աջակցի մեզի, ապա հաւանաբար մինչեւ 2019 թուականի Ապրիլ 24 ցեղասպանութեան մասին պատմող ֆիլմ մը եւս ունենանք: Կը ծրագրենք ֆիլմին նկարահանումները իրականացնել Հոկտեմբեր-Դեկտեմբեր ամիսներուն », ըսած է Մանուէլ Սարիբեկեան:
Ան ղեկավարած է նաեւ մէկ նմանատիպ ֆիլմի մը արտադրութիւնը, որուն ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ վերջերս՝ Յուլիս 24-ին, Իսրայէլի «Սինեմատիկ» սրահին մէջ: Այն դարձեալ կը պատմէ ցեղասպանութեան անցուդարձերուն մասին: Խորագիրը «Փրկութեան քարտէզ» է (բեմադրիչ Արամ Շահպազեան), որ «Երախտագիտութեան քարտէզ» ֆիլմաշարի անդրանիկ ֆիլմն է: Այն 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու սկիզբին համամարդկային ողբերգութիւններուն ժամանակ առաջացած մարդասիրական շարժման մասին է: Ֆիլմին հերոսները պատմութեան յայտնի մարդասէրներ են, իրական մարդիկ, որոնք տեսած են հայ ժողովուրդին կոտորածները: Ֆիլմը փաստագրութիւն է, կառուցուած է իրական փաստերու հիման վրայ: Վերջինիս ցուցադրութեանը ներկայ եղած են նաեւ իսրայէլցի նշանաւոր ցեղասպանագէտ, պատմաբան, Հայոց ցեղասպանագիտութեան ճանաչման գործում նշանակալի դերակատարում ունեցած Եահիր Աուրոնը, որ արժանացած է ՀՀ նախագահի մրցանակին, հրեայ պատմաբան, ցեղասպանագէտ, փրոֆեսոր, Երուսաղէմի հոլոքոստի ու ցեղասպանութեան ինստիտուտի գործադիր տնօրէն Իսրայէլ Չարնին: Վերջինիս խօսքով, ինչպէս կը հաղորդէ «Agenda-TV.com» կայքը, «Փրկութեան քարտէզ» ֆիլմը պատկերաւոր արուեստին մէջ ուժեղ է եւ գեղեցիկ: «Նայելով առաջին հերթին, զգացի ցաւի ու վիշտի ալիք մը ու հազարաւոր մարդոց տառապանքը: Ֆիլմին իւրաքանչիւր պատկեր արցունքով կը լեցնէ սիրտդ ու զայրոյթդ կը վերածէ անամոք վշտի ու ցաւի», ըսած է ան:
Ֆիլմնի ցուցադրութիւնը նախաձեռներ էին Իսրայէլի մէջ գործող «Արարատ», «Նայիրի» եւ «Նոյեան Տապան» հայկական կազմակերպութիւնները, «Սինեմատիկ» սրահի ծրագրերու բաժանմունքը, Հայաստանի հրէական համայնքը եւ այլոք: Ֆիլմը նուիրուած է մեծ մարդասէրներու յիշատակին` որպէս երախտագիտութեան տուրք համայն հայութեան եւ մարդասիրական դրսեւորման վեհ արժէքները գնահատող բոլոր մարդոց անունով: