Մամլոյ հաղորդագրութիւն Համազգային Գանատայի Շրջանային Վարչութեան

11-13 Սեպտեմբեր 2020 շաբաթավերջին, Համազգայինի Գանատայի նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ գումարեց իր 2020-2022 տարեշրջաններու գործունէութեան ծրագրային ժողովը, ներկայութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկեր Վիգէն Թիւֆէնքճեանի։

Առաջին հերթին, վարչութիւնս արժեւորեց Գանատայի տարածքին իր մասնաճիւղերու պատկերն ու գործունէութիւնը. ապա, որդեգրելով հանդերձ նախորդ Շրջանային վարչութիւններու սկսած աշխատանքները կրթական ծիրէն ներս, ընկերային մթնոլորտը քաջալերելու նպատակով, վարչութիւնս որոշեց շեշտը դնել յատկապէս համագանատական ձեռնարկներու կամ պտոյտներու՝ ինչպէս եւ փառատօններու կազմակերպման ու մասնակցութեան, գանատական մշակութային մարմիններու հետ կապեր ստեղծելու եւ Համազգայինի ԱՄՆ-ի Շրջանային վարչութիւններու հետ շարունակական համագործակցութեան վրայ։

Վարչութիւնս որոշեց մշտական ներկայութիւն ըլլալ իր շրջանին մէջ գործող մասնաճիւղերու մօտ, հետեւելու անոնց գործունէութեան եւ ջանալու օգտակար հանդիսանալ յատկապէս գրատարածի մարզին մէջ, եւ Համազգային Գանատայի կայքէջին վերակենդանացմամբ։

Գալով հայաշատ փոքր շրջաններուն, Շրջանային վարչութիւնը պիտի ձեռնարկէ Համազգայինի վերաշխուժացման եւ կամ նոր մասնաճիւղերու հիմնադրումի ուսումնասիրութեան։ Ինչ կը վերաբերի Կեդրոնական վարչութեան աշխատանքներուն, վարչութիւնս պիտի լծուի Բագինի տարածման, ինչպէս նաեւ ArtLinks-ի եւ Ֆորումի կազմակերպման մէջ աշխոյժ մասնակցութեան։

Շաբաթավերջի ընթացքին, Շրջանային վարչութիւնը նաեւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի վարչութեան անդամներուն հետ, որոնք ներկայացուցին իրենց ծրագիրներն ու մարտահրաւէրները, մանաւանդ համավարակի հետեւանքով յառաջացած նոր աշխատելաձեւեր որդեգրելու կապակցաբար։ Վերջապէս, վարչութիւնս քննեց նաեւ իր երկամեայ գործունէութեան նախահաշիւը ու որդեգրեց համապատասխան որոշումներ։

Համազգային Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.