Մահացած է Երուսաղէմի Հայ Դատի Գրասենեակի Երկարամեայ Ղեկավար Ժորժեթ Աւագեանը

Յունիս 13-ին Երուսաղէմի մէջ մահացած է երուսաղէմահայ ազգային-հասարակական գործիչ, Երուսաղէմի Հայ Դատի հերթապահ, մանկավարժ, լեզուաբան, պատմաբան Ժորժեթ Աւագեանը:

Ժորժեթ Աւագեան ծնած է 1938-ի Դեկտեմբեր 6-ին, Իսրայէլի Ռամի գիւղը: Աւարտած է տեղի երկրորդական վարժարանը:  1960-ին աւարտած է Երուսաղէմի Եբրայական համալսարանը` ստանալով Պսակաւոր Արուեստից վկայականը՝  կրթութեան կառավարում եւ կրթական հոգեբանութիւն մասնագիտութեամբ: 1966-ին ստացած է նոյն համալսարանի Պսակաւոր Արուեստից աստիճան` Արաբերէն լեզու եւ գրականութիւն, Ընդհանուր եւ Միջին Արեւելքի պատմութիւն մասնագիտութեամբ: 1972-ին աւարտած է Եբրայական համալսարանի դասական արաբերէն բաժնը՝ մագիստրոսի կոչումով:

1976-1977 թուականներուն վերապատրաստման ծրագիրով մեկնած է Միացեակ Նահանգներ եւ ուսանած Հարվըրտի համալսարանի Կրթութիւն եւ կրթութեան կառավարում բաժնին մէջ:

1990-ին ստացած է Եբրայական համալսարանի Միջին Արեւելքի պատմութեան բաժնի դոկտորի կոչում:

Աշխատանքային գործունէութիւնը սկսած է 1957-ին` 18 տարեկանին, որպէս ուսուցիչ: Այնուհետեւ 1 տարի անց նշանակուած է դպրոցի տնօրէն` մինչեւ 2003 թուականը:

1982-2003 թուականներուն դասախօսած է Հայֆայի համալսարանի Միջին Արեւելքի պատմութեան բաժինին մէջ: Դասախօսած է նաեւ Իսրայէլի տարբեր քոլեճներու մէջ:

Քանի մը անգամ ընդգրկուած է Իսրայէլի կրթութեան նախարարութեան արաբական եւ հրէական դպրոցներու ուսումնական ծրագիրներու պատրաստման յանձնաժողովներու մէջ եւ յաճախ ներկայացուցած է Իսրայէլի Պետութիւնը` նախագահելով արտասահման գործուղուած բազմաթիւ պատուիրակութիւններ:

1974-ին Աբրահամ Սուրթուկեանի հետ հիմնադրած է Երուսաղէմի Հայ դատի մասնաճիւղը:

1985-էն կը զբաղեցնէր Երուսաղէմի Հայ դատի գրասենեակի ատենապետի պաշտօնը:

1991-էն անդամակցած է ՀՅԴ կուսակցութեան:

1995-էն Երուսաղէմի ՀՅԴ կոմիտէի անդամ էր:

Կ՛անդամակցէր նաեւ տեղական հրէական եւ պաղեստինեան շարք մը քաղաքացիական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու:

Ժորժեթ Աւագեանի` Իսրայէլի Մերեց կուսակցութեան եւ այլ քաղաքական կուսակցութիւններու համագործակցութեան արդիւնքով, վերջին տարիներուն քանի մը անգամ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը ընդգրկուած է Իսրայէլի Քնեսեթի օրակարգին մէջ: Յաճախ է ներկայացուցած է ՀՅԴ Իսրայէլի մասնաճիւղը եւ Երուսաղէմի Հայ դատի գրասենեակը Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ կազմակերպուած ժողովներուն ու համագումարներուն:

1988-ին Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժէն ետք ուղեկցած է Իսրայէլէն օգնութեան ժամանած մասնագիտական խումբին եւ տեղւոյն վրայ համակարգած իսրայէլեան մարդասիրական օգնութեան աշխատանքները: Իր օժանդակութիւնը շարունակած է նաեւ Իսրայէլի մէջ` շուրջ 70 անդամալոյծ վիրաւորներու բուժման եւ վերականգնողական աշխատանքներուն, որուն համար արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի շքանշանի եւ պատուոգիրի:

1988-1994-ներուն իր նշանակալի օժանդակութիւնը բերած է Արցախեան հերոսամարտին` կազմակերպելով դրամահաւաք եւ նուիրատուութիւններ: Հայրենանուէր գործունէութեան համար 2005-ին անոր շնորհուած է ՀՀ անձնագիր:

Հայաստան- Սփիւռք գործակցութեան նշանակալի ծառայութիւններ մատուցելու, Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ, սփիւռքի տարբեր համայնքներու միջեւ կապերու ամրապնդման գործին մէջ ներդրում ունենալու, մատաղ սերունդին, երիտասարդութեան ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ ձեռք բերած յաջողութիւններու, ազգային-հասարակական գործունէութիւն ծաւալելու, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան գործին մէջ մեծ աւանդ ունենալու համար 2017-ին պարգեւատրուած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետալով:

Կը տիրապետէր հայերէն, արաբերէն, անգլերէն, եբրայերէն, թրքերէն (օսմանեան եւ ժամանակակից) եւ ֆրանսերէն լեզուներուն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.