Հ.Օ.Մ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ Անի Օհանեանի Դամբանական Խօսքը՝ Վանուհի Իսաջանեանի Յիշատակին

Ինչպէ՞ս կարելի է սեղմ տողերու մէջ ամբողջական եւ համապարփակ ձեւով բնութագրել Վանուհիի նման ընկերուհիի մը գործունէութիւնը եւ նուիրումը, ուր ան աւելի քան 60 տարիներ անձնուրացօրէն ծառայեց ազգային բոլոր կառոյցներուն եւ մանաւանդ Հ.Օ.Մ.ին: Վանուհի Իսաջանեանի կեանքը եղաւ համակ սէր ու յարգանք իր շրջապատին, նուիրում եւ ծառայութիւն ազգին ու հայրենինքին։ Անոր կեանքին մասին այնքա՜ն բան կայ գրելու, խօսելու ու բաժնելու ձեզի հետ։

Բաբգէն եւ Զարուհի Իսաջանեաններու միակ զաւակը՝ Վանուհին, միութենական կեանքը իր առաջին քայլերը սկսած է փոքր տարիքէն, մաս կազմելով Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի արծուիկներու խումբին, երկար տարիներ վարելով ընդհանուր խմբապետի պաշտօնը։

«Փոքր տարիքէս մաս կազմած եմ Ս.Օ.Խ.ի արծուիկներու կազմին, ուր տուած եմ հայրենիքին ծառայելու առաջին երդումս։ Հայրենիքի հանդէպ սիրոյ եւ նուիրումի այս զգացումը ինծի փոխանցուած է իմ վանեցի ծնողքիս կողմէ»։ կ՚ըսէր ընկհ Վանուհին։

Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանը աւարտելէ ետք, կ՚անցնի Պէյրութ, ուր «Ecole superieure des lettres»ի մէջ կը հետեւի մանկավարժական դասընթացքներու։ Վկայուելէ ետք, շրջան մը որպէս մանկապարտէզպանուհի կը պաշտօնավարէ Հալէպի Ազգային Սահակեան Վարժարանի, ապա, Պէյրութի Խանամիրեան գոլէճի մանկապարտէզներուն մէջ։ 1968ին կը հաստատուի Մոնթրէալ եւ առաջին օրէն կը միանայ տեղւոյն ՀՕՄ-ի մասնաճիւղին։

Մեծ եղած է դերը ընկհ. Վանուհիին Մոնթրէալի նորակազմ գաղութի կեանքին մէջ, կրթական, բարեսիրական, մշակութային եւ կուսակցական բնագաւարներէն ներս, ամենուրէք վարելով ատենապետի պաշտօն` տեղական, շրջանային եւ կեդրոնական մակարդակներու վրայ:

Շնորհիւ իր կազմակերպչական կարողութիւններուն, ան ուշադրութիւնը կը գրաւէ տեղւոյն պատասխանատուներուն եւ տարի մը ետք կ՚ընտրուի վարչական եւ ապա՝ ատենապետ։

Հ.Օ.Մ.ին զուգահեռ կ’ընթանար գաղութի կրթական մարզէն ներս իր ներդրումը, Շաբաթօրեայ վարժարանի եւ Ամառնային ճամբարին։ Ան հպարտութեամբ կ՝անդրադառնայ Ծաղկոցի հիմնադրութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն, ըսելով՝ «Զաւկի պէս սիրած եմ այդ հաստատութիւնը եւ աշխատած եմ մինչեւ 6-րդ կարգի ամբողջացումը, որպէս մասնաժամ տնօրէն»։

Հակառակ օտար վարժարանի մէջ իր լիաժամ ուսուցչի պաշտօնին, հմտօրէն կրցաւ մասնաժամ դրութեամբ վարել Ս. Յակոբ վարժարանի եւ ծաղկոցի տնօրէնութիւնը։ Մօտէն հետեւեցաւ շինարարական աշխատանքներուն: Պահանջեց լաւագոյնը եւ յարմարագոյնը երեխաներու հանգստութեան, ուրախ եւ ապահով միջավայր մը ստեղծելով անոնց։ Հետամուտ եղաւ Ծաղկոցի եւ Վարժարանի ուսումնական ծրագիրներու մշակման, ուսուցիչներու ընտրութեան, տնօրէն-ուսուցիչ-ծնողք փոխյարաբերութեան։ Այս բոլորը գերմարդկային ուժ կ՚ենթադրէր, սակայն ըրաւ սիրով եւ անշահախնդրօրէն։

Ազգին ծառայելու պատրաստակամութիւնը առաջնորդեցին զինք ստանձնելու բազմաթիւ կարեւոր վարչական պաշտօններ։

1990-ին Շիքակոյի մէջ կայացած Հիւսիսային Ամերիկայի Հ.Օ.Մ-ի 70-րդ պատգամաւորական ժողովին, երբ Գանատայի Հ.Օ.Մ-ը դարձաւ անջատ շրջան, նորաստեղծ շրջանի հիմնադիր վարչութեան առաջին ատենապետը եղաւ, ապա 1992ին, Հայաստանի մէջ գումարուած համահայկական պատգամաւորական ժողովին կեդրոնական վարչութեան անդամ ընտրուելով հմտօրէն վարեց ատենապետի պաշտօնը՝ ամբողջ 6 տարիներ։

Միութենական երկար տարիներու ընթացքին, չկայ Հ.Օ.Մ-ին եւ յարակից կազմակերպութիւններու հետ առնչուող որեւէ ծրագիր կամ նախաձեռնութիւն, որուն ընկհ.

Իսաջանեան իր մասնակցութիւնը բերած չըլլայ։ Ծրագրեց ու յաջողութեամբ պսակեց իրեն վստահուած ու իրմէ ակնկալուած իւրաքանչիւր գործունէութիւն։

Աչալրջօրէն հետեւեցաւ Հայաստանի երկրաշարժէն տուժածներու օժանդակութեան աշխատանքներուն, որբերու խնամակալութեան ծրագրին, Ուաշինկթընի Հ.Օ.Մ-ի գրասենեակի բացման, ՄԱԿի մէջ Տնտեսական եւ Ընկերային Խորհուրդին (ECOSOC) ի խորհրդակցական ձայնով որպէս լիիրաւ անդամ մասնակցելու իրաւունքի ստացման, Ախուրեանի Մօր ու Մանկան առողջապահութեան կեդրոնի եւ Արցախի «Սօսէ» մասնկապարտէզներու հաստատման, Սօսէ մայրիկի աճիւններու եռաբլուր փոխադրութեան, Տէր Զօրի եւ Մարկատէի տաճարի ուխտագնացութեան, ուր Հ.Օ.Մ.ը ցեղասպանութեան յիշատակի որմնաքանդակ մը զետեղեց, թուելու համար մի քանին։

Ազգային խոր գիտակցութիւնը եւ նուիրումի ոգին մղեց հայրենասէր ընկերուհիին, Արցախեան պատերազմի ժամանակ անձնուրացաբար օգնութեան հասնելու Արցախը ազատագրող հայ զինուորներներուն. վտանգելով իր կեանքը: Հայրենիքին մէջ քաջութիւնը ունեցաւ տեսակցելու այդ օրերու Պաշտպանութեան նախարարին եւ Վարչապետին հետ, որոնց ցուցաբերած գործակցութիւնը մեծապէս օժանդակեցին Հ.Օ.Մ-ի ծրագիրներու իրագործման ու Հ.Օ.Մ.ը Հայաստանի մէջ մնաց միշտ պատնէշի վրայ։

Ընկհ Վանուհի ըլալլէ առաջ, ան Օհանին եւ Սեդային համար եղաւ սիրելի բարեկամ, սանուկին՝ Նիրիին հոգատար կնքամայր, Յակոբին, իմ եւ Սէլինին համար եղաւ առաջին տնօրէնուհին։ Հոգեհարազատ քրոջ եւ մօր նման գուրգուրաց մեր վրայ եւ մենք փոխադարձաբար։

Որպէս Հ.Օ.Մ-ական ինծի եւ շատերուս համար եղաւ դաստիարակ։ Խստապահանջ էր եւ բծախնդիր։ Անթերի էր ծրագիրներու մշակման մէջ եւ հետեւողական։ Գիտէր աշխատցնել մեզ մեծ թէ պզտիկ: Ես պիտի ըսէի գերեվարող, անգլերէն թարգմանութեամբ SLAVE DRIVER, իսկ ինք պիտի սիրէր ըսել dռlռguer c’est la clռ du succՌs։ Նստած տեղէն հրահանգներու տարափ մը կը տեղացնէր։ Իր հարցումներուն անպայման դրական պատասխան կը սպասէր, իսկ եթէ համարձակէինք արտասովոր գաղափար մը ներկայացնել, դէմքի արտայայտութիւններն ու ծամածռութիւնները բաւարար էին հասկնալու եթէ համամիտ էր թէ ոչ։ Նախ երկար հարցական «ի՞նչ»ը կամ «խենթ բաներ կ՚ըսէք»։ Եթէ ներկայացուած գաղափարը չհաւնէր իր բացասական «Ոչ» ով նիւթը կը փակուէր։ Իրմէ սորված էինք ըլլալ անաչառ, անկողմնակալ եւ արդարադատ։

Վանուհին նաեւ ճանչցուած էր իր առատաձեռնութեամբ։ Սրտաբուխ նուիրող էր հայ թէ օտար կազմակերպութիւններուն եւ իր լուման չզլացող մեր բոլոր հանգանակութիւններուն։

Իր Կրթական եւ հասարակական բազմածաւալ վաստակին համար պարգեւատրուած է բազմաթիւ շքանշաններով եւ գնահատագրերով։ Յիշելու համար մի քանին՝ առ ի գնահատանք կրթական եւ բարեսիրական իր տարած բեղուն գործունէութեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ պարգեւատրուած է «Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով, Քեպէգի կառավարութենէն, որպէս «Տիպար Քաղաքացի», Գանատայի կառավարութենէն «Confederation Canadienne» 125-ամեակի շքանշանով, Փառապանծ Մարտիկ մետալով, Հայրենիքի մէջ իրագործած ծրագիրներուն համար՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի շքանշանով։

Հետեւեալ պատգամը կը մէջբերեմ ուղղուած Հ.Օ.Մ-ի իր ընկերուհիներուն.-

«Հ.Օ.Մ.ին պատկանիլը մեծ հպարտութիւն պէտք է ըլլայ բոլոր ընկերուհիներուն համար, աշխատանքը պէտք է ըլլայ անանձնական, առանց խտրականութեան, այդ պատկանելիութեան զգացումին կողքին կարեւոր է ունենալ տեսլական՝ դէպի յառաջ մղելու Հ.Օ.Մ-ի ազգօգուտ եւ բարեսիրական աշխատանքը։ Մեր բոլորին նպատակը պէտք է մեզ առաջնորդէ դէպի վերընթաց, քաջ նախաձեռնարկողի դիրքորոշում։ Հետամուտ ըլլալ Հ.Օ.Մ-ի շարքերէն ներս երիտասարդներ ներգրաւելու կարեւորութեան, միշտ արժեւորելով սակայն երէց ընկերուհիներու աշխատանքը եւ օրինակ քաղել անցեալէն»։

Ընկհ. Վանուհիի կորուստով, դիւրին պիտի չ՚ըլլայ իր թողած բացը գոցել։

«Անձնուրաց սէր, անսակարկ նուիրում, յարատեւ ծառայութիւն», այս էր բնաբանը ընկերուհի Վանուհիին։

Բիւր յարգանք վաստակիդ անզուգական եւ շատ սիրելի ընկերուհի Վանուհի։

Մշտնջենական լոյս հոգիիդ։ Ննջէ խաղաղութեամբ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.