Հ.Յ.Դ Երիտասարդականը կը մեկնարկէ «Դէպի Սիւնիք» ծրագիրը

Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք Ազրպէյճանը կը շարունակէ սպառնալիքներ հնչեցնել եւ պահանջներ ներկայացնել Երեւանի, Սեւանայ լիճի և յատկապէս Սիւնիքի գծով:

Առանց Սիւնիքի, առանց աշխարհագրական Հայաստանի այս ողնաշարին մեր պետականութիւնը ամբողջական փլուզումի ենթակայ է:

Սիւնիքի հայութեան դիմադրողական ոգիի հզօրացումը, փանթուրանական ծրագիրները ձախողեցնելը եւ Հայաստանի իշխանութիւններու պարտուողական քաղաքականութեան դէմ պայքարը ամբողջ հայ երիտասարդութեան, բայց ի մասնաւորի Սիւնիքի հայ երիտասարդութեան, պարտականութիւնն է:

Մեր ազգային գոյամարտի այս հանգրուանին, աշխարհասփիւռ Հ.Յ.Դ. երիտասարդական և ուսանողական միութիւնները զօրաշարժի կ‘ենթարկեն իրենց բոլոր ուժերը, կը մտնեն պայքարի դաշտ ու կը մեկնարկեն «Դէպի Սիւնիք» ծրագիրը, որ կը նախատեսէ.

– Ներքաղաքական և միջազգային երիտասարդական հարթակներու վրայ քաղաքական, արտաքին յարաբերական և քարոզչական աշխատանքի ծաւալում։
– Ամրապնդելու համար ազգային ոգին, պատանեկան ճամբարներու կազմակերպում։
– Սիւնիքի երիտասարդութեան խնդիրներու լուծման նուիրուած ուսումնասիրութիւններու պատրաստութիւն եւ խորհրդաժողովի կազմակերպում։
– Սիւնիքի մէջ երիտասարդական կեդրոններու ստեղծում։
– Երիտասարդութեան մասնագիտական կարողութիւններու և հմտութիւններու զարգացման միտող «Վերելք Ծրագիր»ի իրագործում։
– Սփիւռքի երիտասարդներու յատուկ գործուղումներ։

Կոչ կ‘ուղղենք յանձնառու երիտասարդութեան մասնակից դառնալու մեր աշխատանքներուն և իր ուժերը ուղղելու «Դէպի Սիւնիք»:

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ
Երեւան, 22 Յուլիս, 2021

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.