Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի ԿԿ-ի Հաղորդագրութիւնը Հայ Դատի Անխոնջ Պաշտպան Ժիւլ Մարտիրոսեանի Մահուան Կապակցութեամբ

Փետրուար 9-ին խոր ցաւով տեղեկացանք ֆրանսահայ համայնքի ականաւոր դէմքերէն, Հայ դատի անխոնջ պաշտպան Ժիւլ Մարտիրոսեանի մահուան բօթին:

Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի այս տխուր առիթով հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ’ըսուի.-

«Անսահման ցաւով այսօր առաւօտեան տեղեկացանք մեր ընկեր Ժիւլ Մարտիրոսեանի մահուան մասին:

Ժիւլ Մարտիրոսեան ծնած է 1938-ին, Իզերի Վիէն քաղաքը: Ան միացած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 1963-ին, երբ արդէն կը ղեկավարէր իր երիտասարդական Հ.Յ.Դ.- Նոր Սերունդ շարժումը, իսկ 1965-ին մասնակցած է Եւրոպայի Հայ ուսանողների միութեան ստեղծման:

Ժիւլ Մարտիրոսեան իր ամբողջ կեանքը նուիրած է Հայ դատի պաշտպանութեան, որ մարմնաւորած է գրեթէ կէս դար: Քանի մը այլ զինուորեալներու հետ, իրեն կը պարտինք 1965-ին ստեղծումը Հ.Յ.Դ.-ի Հայ դատի պաշտպանութեան կոմիտէին (CDCA), որու առաջնակարգ դէմքը պիտի հանդիսանար ուրիշներու հետ՝ ըլլա՛յ Ժընեւի մէջ՝ ՄԱԿ-ի, ըլլայ Եւրոպական խորհրդարանի, թէ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ:

Համոզումներուն տէր մարդ, անխոնջ բանավիճող, փայլուն հռետոր, պատմութեան եւ ֆրանսական դիւանագիտութեան ու քաղաքականութեան կատարեալ գիտակ, ան մեծ մարդասէր մըն էր, որու անունը յաւերժօրէն կապուած պիտի մնայ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար մղուող պայքարին հետ:

Ժիւլ Մարտիրոսեան Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ իր անցուցած 60 տարիներու ընթացքին մաս պիտի կազմէր Հայ դատի բոլո՛ր պայքարներուն՝ Ռոն-Ալփի շրջանին մէջ, բայց անկէ անդին՝ ամբողջ Ֆրանսայի տարածքին, մինչեւ Արցախ կամ Հայաստան: Այսպես, իրեն կը պարտինք Տեսինի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած առաջին յուշարձանը, փողոցի մը «1915 Ապրիլ 24» առաջին անուանումը, նա՛եւ ստեղծումը՝ Տեսինի հայ մշակոյթի տան (1977), France-Arménie ամսագրի (1982) եւ Radio-Arménie -ի (1983), Հայկական յիշողութեան ազգային կեդրոնի (2013), Լիոնի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին ՝ Անթոնէն Փոնսէ հրապարակին վրայ (2006), France-Karabakh-ի (1991), CCAF-ի, որու՝ Կեդրոնական Ֆրանսայի գրասենեակին նախագահը պիտի ըլլար երկար տարիներ:

Տեսլականի տէր իր կերպարէն անդին՝ Ժիւլ Մարտիրոսեան ոգեշնչեց եւ պատրաստեց Հայ դատի գործիչներու քանի մը սերունդ, որոնց ներշնչեց այս պայքարը ամբո՛ղջ կեանքի պայքար դարձնելու ցանկութիւնը:

Այժմ ան այլեւս իր ընկերներուն հետ չէ, որոնք բոլորը խոր վշտի մատնուած են: Անոր կնոջը՝ Շաքէին, դուստրերուն՝ Աստղիկին, Ցողիկին, Սեդային, եղբօրը՝ Էտուարին, քրոջը՝ Մատլէնին, բարեկամներուն եւ ընկերներուն,
Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ:

Հողդ՝ թեթե՛ւ, ընկեր Ժիւլ»:

9 Փետրուար, Ֆրանսա

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.