ՀՕՄ-ի «Ռուբինա»Մասնաճիւղը Թորոնթոյի Michael Garron հիւանդանոցին համար դիմակներ կը պատրաստէ

2020-ի առաջին ամիսներէն սկսեալ Գորոնա Ժահրը սեւ ամպի մը պէս մթագնեց տիեզերքի երկինքը ու սարսափի մատնեց համայն աշխարհի բնակչութիւնը խլելով անհամար կեանքեր: Պետութիւն ու առողջապահական մարմիններ անակնկալի եկած՝ սկսան գործադրել կանխարգիլման ամէն միջոց նուազեցնելու համար համաճարակին պատճառելիք վնասները: Բժիշկներ ու հիւանդապահներ, վտանգի տակ առնելով իրենց կեանքերը փութացին օգնելու բոլոր անոնց, որոնք վարակուեցան այս ախտէն:

Գանատան ալ զերծ չմնաց այս համաճարակէն ու Մարտ ամսու կէսէն սկսեալ ահազանգը հնչեցուց խիստ միջոցներով ժողովուրդը զգուշացնելու որպէսզի հետեւին պետութեան եւ առողջապահական մարմիններու կողմէ թելադրուած եւ վերջերս պարտադրուած ինքնամեկուսացման եւ ընկերային հեռաւորութիւն պահելու միջոցին: ՀՕՄ-ը հաւատարիմ իր կոչումին,եւ թելադրուած ստեղծուած իրավիճակէն՝տեղեակ պահեց իր անդամները առնուած նախազգուշական քայլերուն եւ հեռաձայնով կամ ե-նամակով մօտեցաւ անոնց որոնք կարիքը ունէին օգնութեան:

ՀՕՄ-ի «Ռուբինա»Մասնաճիւղի վարչութիւնը Թորոնթոյի Michael Garron հիւանդանոցէն 1000 ոչ բժշկական դիմակներու (Masks) պատրաստութեան առաջարկ ստացաւ, հանրութեան գործածութեան համար: Վարչութիւնը ե-նամակով կոչ ուղեց մասնաճիւղի ընկերուհիներուն որպէսզի օժանդակեն այս ծրագրի յաջողութեան եւ ապահովեց անհրաժեշտ կերպասները եւ իրերը:

Ընկերուհիներուն պատրաստակամութիւնը սոյն ծրագիրը կամաւորաբար իրագործելու քաջալերական էր: Նկատի առնուեցան բոլոր կամաւորներու ապահով եւ առողջ աշխատելու միջոցները:

Առ այժմ պատրաստուած են 500 դիմակներ (Masks):

Յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին մնացեալ 500-ը պիտի պատրատուին եւ յանձնուին հիւանդանոցին:

Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Հայ Օգնութեան Միութիւնը,հաւատարիմ՝ «Ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս համար» կարգախօսին՝ իր կամաւորներու հսկայ բանակով, միշտ օժանդակութեան ձեռք երկարած է ուր ,որ օգնութեան կարիքը կայ:

ՀՕՄ-ի «Ռուբինա»Մասնաճիւղի վարչութիւնը երախտագիտութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր կամաւորներուն, որոնք ՀՕՄ-ուհիի բարձր գիտակցութեամբ կատարեցին իրենց վստահուած աշխատանքը:

Կամաւոր աշխատանքի մեծութիւնը իր միասնակամ ուժին մէջ է:

ՀՕՄ-ի «Ռուբինա»Մասնաճիւղի Վարչութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.