ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի Ամէնօրեայ վարժարանի 39-րդ վերամուտ. Առաջին զանգը դարձեալ հնչեց

Սեպտեմբեր է դարձեալ, վերամուտի եւ դպրոցական կեանքի վերադառնալու գործընթաց: Տնօրէնութիւն, ուսուցչակազմ, աշակերտութիւն եւ ծնողք կը վերադառնան նպատակաուղղուած աշխատանքի, եւ իւրաքանչիւրը ունի մարտահրաւէրներ ու յանձնառութիւններ: Նոյնն է պարագան Թորոնթոյի ՀՕՄի Պապայեան մանկապարտէզի, Գոլոլեան նախակրթարանի եւ Լափոյեան երկրորդական վարժարանին, որուն 39-րդ վերամուտի զանգը հնչեց Երեքշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 9:00ին: 

ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանը թորոնթոհայ գաղութի միակ ամէնօրեայ կրթական հաստատութիւնն է, որ առաւելագոյն ճիգերով կը շարունակէ իրագործել հայապահպանման իր վեհ առաքելութիւնը:

Վարժարանի Կոկոն դասարանէն մինչեւ 12-րդ կարգի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցան Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Թորոնթոյի հայկական եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն, Վարժարանիս տնօրէնութեան, Կրթական մարմնին եւ ծնողներուն կողմէ: Վերամուտի պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէի, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի, Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի, ՀՄԸՄ Թորոնթոյի, Հայ Երէցներու Ընկերակցութեան եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները:

Վարժարանիս Կրթական մարմնի ատենապետ Սեւակ Քիւփէլեան ողջունեց աշակերտները, ուսուցիչներն ու ծնողները, եւ 2017-2018 ուսումնական 39-րդ տարեշրջանը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի նախկին տնօրէն դոկտ. Արմէն Մարտիրոսեանին իր ինը տարիներու անզուգական վաստակին համար եւ ներկայացուց վարժարանիս նորանշանակ տնօրէն, վարժարանէս շրջանաւարտ Ռաֆֆի Սարգիսեանը, փոխ տնօրէն դոկտ. Արփի Փանոսեանը եւ տեսուչ Զելա Սարմազեան Քաքուսեանը: Քիւփէլեան յայտնեց, որ վարժարանը տարուէ տարի վերելքի մէջ է եւ զայն կը պարտի անցեալի եւ ներկայի տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, քարտուղարական կազմերուն եւ կրթական մարմիններուն, որոնք ճիգ չխնայեցին ու չեն խնայեր, որ վարժարանը յաջողի ջամբել գերազանց ուսում, տիպար նկարագիր եւ ազգային ու հայկական գիտակցութիւն՝ դպրոցական ապահով միջավայրի մը մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի բոլոր բարերարներուն եւ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ ուղեկից միութիւններուն՝ իրենց շարունակական անվերապահ աջակցութեան ու հոգատարութեան համար:

Ապա խօսք առաւ տնօրէն Ռաֆֆի Սարգիսանը, որ յայտնեց, թէ մեծ պատիւ է 18-ամսեայ հայ մանուկէն մինչեւ 18 տարեկան հայ երիտասարդին գուրգուրալ, դաստիարակել, հոգին ազնուացնել, հայկական շունչով սնուցանել եւ ապագայի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու պատրաստել: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք վարժարանին կը պարգեւեն այդ հոգեպարար առիթը: Սարգիսեան կարեւորութեամբ նշեց, որ այս տարի ազգովին պիտի նշենք Հայաստանի Առաջին Անկախութեան 100-ամեակը եւ խնդրեց աշակերտներէն, որ իրենց կենցաղով մարմնացումը դառնան Մայիսեան հերոսներու նկարագրային յատկանիշներուն, որոնց շնորհիւ մենք ունեցանք ազատ եւ անկախ հայրենիք: «Հայրենասէր, վճռակամ, ծառայասէր եւ նպատակասլաց. այս յատկանիշներով է, որ պիտի կարենանք տեսնել անխորտակ Մայիսեան ոգին ձեր մէջ, յատուկ ներուժ մը, որուն ապաւինելով պիտի կարենաք հետապնդել ձեր կեանքի նպատակները», ըսաւ ան: Սարգիսեան աւելցուց, որ վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչակազմը պատրաստ են ծառայելու աշակերտութեան: Իսկ աւարտին ուժ եւ կորով մաղթեց ուսուցիչներուն եւ յարատեւ յաջողութիւն՝ աշակերտներուն:

Արարողութեան վերջին խօսքը արտասանեց Տէր Բաբգէն Արքպիսկոպոս Չարեան՝ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին: Ան խօսքեր ուղղեց թէ՛ աշակերտներուն, թէ՛ դաստիարակներուն եւ թէ՛ ծնողներուն: Վեր առնելով ուսումի կարեւորութիւնը, ան պահանջեց հպարտ ըլլալ հայութեամբ, սիրել վարժարանն ու լեզուն, որովհետեւ առանց լեզուի՝ միայն զգացումով կարելի չէ հայ ըլլալ: Գալով ծնողներուն, Սրբազան Հայրը գնահատեց անոնց քաջ կեցուածքն ու զոհաբերութիւնը, յիշելով որ իրենց զաւակները հայկական վարժարան արձանագրելը մեր արդար դատի հետապնդումի առաջին հանգրուանն է: Խօսքը ուղղելով նախկին եւ ներկայի բարերարներուն, զանոնք օրհնեց եւ մաղթեց արեւշատութիւն եւ բարեբեր օրեր:

Տէրունական աղօթքով եւ Պահպանիչով փակուեցաւ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի 39-րդ վերամուտի արարողութիւնը, որմէ ետք աշակերտները ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ ուղղուեցան իրենց դասարանները՝ յաջողութիւններով լեցուն ուսումնական նոր տարեշրջան մը սկսելու տեսլականով:

Նշենք, որ վերամուտի արարողութենէն մասեր կարելի է դիտել «Նոր հայ հորիզոն» հեռուստաժամի YouTube-ի էջէն (HorizonTV Toronto):

Տնօրէնութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.