ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանը Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Համար Կը Նուիրէ 20 Հազար Տոլար

«Քորոնա» ժահրին ստեղծած տագնապալի պայմաններուն եւ Լիբանանի ընկերային ու տնտեսական դժուարութիւններուն դիմաց, լիբանանահայութեան զօրակցելու նպատակով եւ անոր գոյերթին համար Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը կը նուիրէ 20,000 տոլար:

Լիբանանի քաղաքական անկայուն իրավիճակին պատճառով ստեղծուած տնտեսական տագնապին մէջ, լիբանանահայութեան անմիջական օժանդակութեան սատարելու 3 ծրագիրներուն՝ «Յոյսի Արկղ»ին, «Գոյատեւման Պիտոյքներ»ուն եւ «Պնակ մը Կերակուր»ին, որոնք պիտի բաժնուին խնամքի եւ օգնութեան կարօտ հայորդիներուն ու կարիքաւոր ընտանիքներուն հասնելու համար՝ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը տարուան սկիզբը կոչ ուղեց:

Հակառակ համաճարակին ստեղծած արտասովոր տագնապին եւ պայմաններուն յարուցած խոչընդոտներուն՝ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի մասնաճիւղերը, անդամուհիներ եւ անհատներ անմիջապէս արձագանգեցին կոչին ու մարդասիրական գործին նուիրեալ մեր անդամները կամաւոր ծառայութեան սկզբունքով իրենց կարելին ըրին, կազմակերպեցին ձեռնարկներ եւ դրամահաւաք՝ օժանդակելու համար տագնապահար հայորդիներու կարիքներուն:

ՀՕՄի աշխատանքները հարազատ արտայայտիչները կը հանդիսանան միութեան առաքելութեան եւ «Ժողովուրդիս հետ Ժողովուրդիս համար» խորիմաստ նշանաբանին։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, երկրին առջեւ կանգնած մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար, ձեռք ձեռքի տալու պահն է,  ի մասնաւորի Լիբանանի հայ համայնքին՝ այս կարեւոր միջավայրին ու ամրոցին, որ տակաւին շատ բան ունի տալիք հայ կեանքին իր ունեցած համահայկական ուրոյն դերակատարութեամբ:

Օգնութիւնը միայն մեր պարտականութիւնը չէ, այլ՝ մեր պարտաւորութիւնը:

Մնացէք ապահով եւ առողջ՝ սպասելով ճգնաժամը մօտիկ ապագային յաղթահարած տեսնելու ակնկալութեամբ:

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.