Հրատարակուեցաւ «Հայաստանի Պատմական Մշակութային Ժառանգութիւնը» Անգլերէն Ժողովածուն

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան գրահրատարակչութեան ոլորտի ծիրին մէջ 2022 թուականին մեկնարկած «Հայ մշակոյթը հանրահռչակող օտարալեզու գրականութեան հրատարակում» դրամաշնորհային ծրագրի ծիրին մէջ հրատարակուեցաւ «Հայաստանի պատմական մշակութային ժառանգութիւնը» անգլերէն ժողովածուն:

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ գիտական հանրամատչելի այս ժողովածուն նախատեսուած է ընթերցողներու առաւել լայն լսարանի համար: Առանձին յօդուածներու տարբերակով փորձ կատարուած է ամփոփ, սակայն գիտական արդի ընկալումներու համահունչ ներկայացնել հայ ժողովուրդի մշակութային ինքնատիպ նիւթական եւ հոգեւոր ժառանգութեան ընտրանին:

Անիկա ընթերցողական լայն շրջանակներու կարելիութիւն պիտի ընձեռէ բացայայտելու եւ ճանչնալու հայոց պատմութեան ու մշակոյթի որոշակի շերտեր:

Հրատարակութեան հազար օրինակ տպաքանակէն 500-ը առաքուած է արտերկրի մէջ գործող 500 գրադարանի:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.